Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Ինչո՞Ւ Միշտ Մեզ Սթափեցնողը Թշնամին Պիտի Ըլլայ (Մերօրեայ Հերոսամարտեր) –Ե.

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Փառք հայ զինուորին, որ թիկունքում կանգնած ծնողքն ու հայրենիքը չնոյնացրեց իշխանութեան հետ:

ՄԻՔԱՅԷԼ ԵՊՍ. ԱՋԱՊԱՀԵԱՆ
(Շիրակի թեմի առաջնորդ)

Հայ սրտցաւ ու յանձնառու կղերականին հոգեցունց այս արտայայտութիւնը, զոր ան ունեցաւ վերջերս իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, խորքին մէջ մեծագոյն ապացոյցն է այն իրականութեան, թէ հայրենի պետական շրջանակներու թէ իշխանական մակարդակներու վրայ գոյութիւն ունեցող փտածութիւնը, կաշառքը, հովանաւորչութիւնը, ընկերային ու տնտեսական լուրջ մտահոգութիւններն ու շատ անգամ մենաշնորհային դատապարտելի երեւոյթները արդէն հասած են այնպիսի տարողութեան, որոնք այլեւս ուղղակի կը սպառնան ազգի ճակատագիրին եւ հայրենիքի անվտանգութեան:

Արդ,  հայ իրականութեան մէջ քառօրեայ պատերազմ (ապրիլ 2-6) անուանումը դեռ երկար պիտի հնչէ, որովհետեւ անիկա ցնցիչ անդրադարձ ունեցաւ ամբողջ ազգի մը առօրեային ու  հոգեկերտուածքին վրայ:

Եթէ երբեք մէկ կողմէ թշնամիին սանձազերծ պատերազմը մեզմէ խլեց սուրբ տղաներ եւ անգին նուիրեալներ, ապա միւս կողմէ անիկա պատճառ դարձաւ, որ ազգը սթափի իր թմբիրէն, իր մորթին վրայ զգայ պատահածին ահաւորութիւնը, սեփական աչքերով տեսնէ իշխանութեան գործած քսան տարիներու անհաշուելի սխալները, հետեւութիւններ կատարէ ու լծուի միասնական ոգիով տէր կանգնելու իր հայրենիքին ու ազգային արժանապատուութեան:

Այս առումով արդէն զանազան առիթներով իրենց քննարկումներով, քննադատութիւններով, մամլոյ ասուլիսներով, հրապարակային ելոյթներով հանդէս կու գան սփիւռքի թէ հայրենի մտաւորականներ, պատմաբաններ, քաղաքական թէ հասարակական գործիչներ, փորձագէտներ, լրագրողներ եւ բարձրաստիճան զինուորականներ: Մէկ խօսքով զանգուածային լրատուութիւններ թէ համացանցային հաղորդակցութեան միջոցներ նմանատիպ նիւթերով արդէն ողողած են հայ կեանքի երկնակամարը, եւ որոնք իրենց կարգին կը նպաստեն հայ հասարակական մտքի զարգացման եւ պետական մտածողութեան բարեկարգման:

Իրօք սա պատահական երեւոյթ չէ, այն առումով, որ ազգը, հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին, որոտընդոստ իր ձայնն ու կանչը կը բարձրացնէ յանուն ինքնասրբագրումի, ինքնակայացման, առաւել կազմակերպման, բայց մանաւանդ  յամեցող սխալներու եւ բացթողումներու ընդմիշտ վերացման:

Իր կարգին, հայոց բանակը իր ընտիր ու պաշտելի զինուորներով հայրենի պետական սահմաններուն վրայ ցոյց կու տար այնպիսի սխրանք եւ նուիրում, հզօր կամք ու ազգային գիտակցութիւն, որով վայրագ ոսոխին կը պատճառէր անհաշուելի կորուստ եւ կը պարտադրէր, որ ան փախուստ տայ հայոց աշխարհէն:

Յայտնապէս ապրիլի սկիզբի մղուած պատերազմը թէ՛ իր տարողութեամբ, թէ՛ բնոյթով, եւ թէ հետապնդած նպատակներով արդէն մեզ` ազգովին զգաստութեան եւ սթափութեան հրաւիրեց: Փաստօրէն թուրք-ազերի բարբարոսութիւնը կրկին անգամ մէկդի շպրտեց միջազգային ընտանիքին կողմէ ընդունուած բազմատիպ նորմեր, եւ առանց հաշուի առնելու համաշխարհային քաղաքական կարգն ու սարքը, նկրտեցաւ բանեցնել իր ուժն ու մահասփիւռ սարսափը եւ ծունկի բերել հայութիւնը: Թրքութիւնը նորէն պարտուեցաւ հայոց բանակին ազդու, անժամանցելի եւ հզօր բազուկի հարուածներուն տակ: Ազերիական մասնայատուկ ուժեր շշմած ու անճրկած հայոց բանակին դիմադրութենէն, ստորնացած կը լքէին պատերազմի դաշտերը, անվերադարձ:

Հայ զինուորը կրկին անգամ բարձր պահեց իր ընտանիքին, պետութեան ու ազգին արժանապատուութիւնը, հակառակ բազում դժուարութիւններու եւ անասելի տխուր երեւոյթներու: Ան իր վեհութեամբ եւ հայրենապաշտի գիտակցութեամբ ցոյց տուաւ այնպիսի քաղաքական հասունութիւն, որով պիտի կարենայ հայ պետական աւագանին մղել անյապաղ ինքնասրբագրումի, սթափեցման եւ փոփոխութիւններու կիրարկման: Հայ պետական միտքը մկրտուեցաւ հայ զինուորի զուլալ արեամբ:

Փա՜ռք հայոց բանակին:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>