ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Բարեկամիս` Յակոբ Հաւաթեանի «Բարի լոյս» յօդուածաշարքին հետ ոչ մէկ կապ ունի այս գրութիւնս:
Այս մէկը լոսանճելըսեան «Բարի լոյս» մըն է, որ այնքան հազուադէպ կը լսենք:
Ամէն առաւօտ, տակաւին արեւը չծագած, արդէն իսկ մայրուղիներու վրայ եմ:
Գործատեղիիս շէնքի մուտքին, պահակին կողմէ ժպտուն «կուտ մոռնինկ» մը իրարու ըսելէ ետք, վերելակին մէջ, հանդիպած քանի մը պաշտօնեաներուն, նոյն մաղթանքը տալով ու ստանալով, կը հասնիմ գրասենեակս:
650 պաշտօնեաներ հաշուող մեր բաժնին մէջ միայն 4 հայեր ենք:
Փոքրամասնութիւն: Մեր սովորութիւնն է:
Իւրաքանչիւրս` տարբեր անկիւններ եւ իրարմէ բաւական հեռու:
Օրերով ու շաբաթներով իրարու չենք հանդիպիր, եւ բնականաբար հայերէնով «Բարի լոյս»-ի մաղթանք ո՛չ կը հասնի ականջիս, ո՛չ ալ նման մաղթանք դուրս կ’ելլէ շրթներէս:
Ժամը 9:00-ի դադարին խմբովին կ’իջնենք փողոց` քառորդ ժամ մը քալելու: Միակ մարզանքը, որ կը կատարեմ նստակեաց գործիս մէջ` որպէս փոփոխութիւն:
Հազիւ փողոց հասած` առաջին գործս կ՛ըլլայ հայերէնով «Բարի լոյս» մը յայտնել ու լսել` հեռաձայնելով քրոջս:
«Բարի լոյս»: Իսկապէս տարբեր են հայերէն բարեմաղթանքները: «Կուտ մոռնինկ», «պուէնոս տիաս», «պոնժուր»: Բոլորն ալ` «լաւ օր», սակայն հայերէնով, իբրեւ բարեմաղթութիւն, «լաւ»-ը բաւարար չէ: «Լաւ»-ին հետ նաեւ կարեւոր է «բարի»-ն, եւ այդ բարութեան պատճառով յաճախ շատ տուժած ենք իբրեւ ազգ:
Քալած ատենս կը հանդիպիմ տարբեր ազգի, գոյնի եւ հաւանաբար տարբեր կրօնի մարդոց: Քիչեր կը բարեւեն: «Կուտ մոռնինկ», «պուէնոս տիաս» կամ պարզապէս «հայ», իսկ ուրիշներ երբեմն միայն կը ժպտան ու կ’անցնին:
Մեծամասնութիւնը զբաղած է իր հեռաձայնով:
21-րդ դարու համաճարակը:
«Տեսայ շատ մարդիկ,
Տեսայ լաւ ու վատ,
Բարեւս տուի,
Անցայ, գնացի»: (Գուսան Շահէն)
Բարեւողներէն շատերուն «կուտ մոռնինկ»-ին «կուտը» պակաս է:
Փոխանակ «կուտ մոռնինկ»-ի` պարզապէս «մորնինկ»: Ամերիկայի մէջ սովորութիւն դարձած է ամէն ինչ կրճատել:
* * *
Շաբաթավերջերուն վարդերս ջրած ժամանակ միայն առիթը կ’ունենամ դրացիներուս հետ քանի մը բառ փոխանակելու:
Կողքի դրացիս սպանախօս երկրէ է: Չգիտցած սպաներէնս զարգացնելու միտումով իր «կուտ մոռնինկ»-ին «պուէնոս տիաս»-ով կը պատասխանեմ: Ինքն ալ, իր կարգին, գէթ հայերէն երկու բառ սորվելու կամ քիչ մը ինծի ուրախացնելու նպատակով բնաւ չէ հետաքրքրուած հայերէնով «Բարի լոյս» մը ըսելու մասին:
Դիմացի դրացիս ֆրանսացի է: «Պոնժուր»-ով չեմ գոհանար եւ խօսակցութիւնս կը փորձեմ ֆրանսերէնով շարունակել, սակայն երկար տարիներ չգործածելով այդ անուշ լեզուն, հազիւ քանի մը բառ` արդէն ինքնաբերաբար խօսակցութիւնը անգլերէնի վերածուած է:
Ֆրանսացին` նոյնպէս, բնաւ մտքէն չէ անցուցած հարցնելու «պոնժուր»-ին հայերէն թարգմանութիւնը:
Հայը պարտաւոր է (կամ` ստիպուած) ամէն լեզու սորվելու, սակայն օտարները կը գոհանան իրենց մայրենի լեզուով միայն:
* * *
Բացառաբար այդ օր մայրուղիին վրայ խճողում չկար եւ անզգալաբար նշուած արագութենէն աւելի արագ կը քշէի, երբ հայելիէն նկատեցի ետեւս ոստիկանի ինքնաշարժ մը, որ կարմիր-կապոյտ լոյսեր կը վառէր:
Ինքնաշարժս ուղղեցի մէկ կողմ եւ կանգ առի:
«Կուտ մոռնինկ»: Կը նշանակէ` «ինքնաշարժ վարելու արտօնագիրդ, ինքնաշարժի արձանագրութեան եւ ապահովագրութեան փաստաթուղթերդ, հաճի՛ս»:
Երկարեցի ոստիկանին եւ հազիւ ինքնաշարժ վարելու արտօնագիրիս նայած`
– Armenian?
– Այո՛, հայ եմ, պատասխանեցի հայերէնով:
– Me too,- եղաւ անգլերէնով պատասխանը, եւ կը պատրաստուէր տուգանք գրելու:
– Ապրիլ 24-ի ցոյցին պիտի մասնակցի՞ս,- հարցուցի հայերէնով:
Կանգ առաւ գրելէ, վերադարձուց թուղթերս:
– Drive safely.
Այդ վայրկեանին ցեղին ձայնն էր, որ արթնցած էր իր մէջ:
* * *
Ինչպէ՞ս չփնտռեմ ծննդավայրս` Լիբանան:
Մեր շէնքը ամբողջութեամբ հայերով բնակուած էր: Բարի լոյս, բարի իրիկուն, գիշեր բարի եւ ամէն տեսակ մաղթանքներ` բոլորը հայերէնով:
Մեր վարի յարկը բնակող դրացիները տարիքոտ մեծ մայր մը ունէին: Թրքախօս էր, սակայն սոյն մաղթանքները հայերէնով կ՛արտաբերէր:
Առտուները, հանդիպած դրացիներուս «Բարի լոյս»- էն ետք, կ’ուղղուէի գործի:
Ճամբուս վրայ քանի մը վայրկեան կանգ կ’առնէի անուշավաճառ «Նուկա»-ի խանութին առջեւ: Առանց ինքնաշարժէս իջնելու, «բարի լոյս», եւ ամէնօրեայ սովորութիւն դարձած «էքլեր»-ը անմիջապէս կը հասնէր:
«Բարի լոյս»: Կարծես այդ երկու կարճ բառերուն մէջ ամփոփուած էր լման նախադասութիւն մը: «Եթէ կարելի է, «էքլեր» կրնա՞մ ունենալ»:
Կը պատասխանէր նոյնպէս «բարի լոյս»-ով մը եւ արդէն «էքլեր»-ը հասած էր: Իր «բարի լոյս»-ը տարբեր իմաստ ունէր: «Ամենա՛յն սիրով: Անո՛ւշ ըլլայ: Դարձեա՛լ հրամէ»:
«Նուկա»-ի կողքի նպարավաճառին մօտ դարձեալ կանգ կ’առնէի եւ, նմանապէս, առանց ինքնաշարժէս իջնելու,«բարի լոյս», եւ մէկ տուփ կարմիր «Մարլպօրօ» ծխախոտ կ’երկարէր ինծի:
Նպարավաճառին փոխանցած «բարի լոյս»-ս, տարբեր նշանակութիւն ունէր: «Կրնա՞մ տուփ մը ծխախոտ ունենալ», իսկ իր պատասխանած «Բարի լոյս»-ը` «Սիրո՛վ, տղաս, սակայն սա ծխախոտէն հրաժարէ: Վնաս է»:
Հասած եմ գործատեղիս: Բոլորը հայեր են, բացի` Միշէլէն եւ Ահմետէն:
Մէկը քրիստոնեայ մարոնի, միւսը` իսլամ: Երկուքն ալ հայերէն քանի մը բառ սորված են:
«Բարի լուիս» (արաբը ե՞րբ պիտի կարենայ ճիշդ հնչել մեր բիւրեղ լեզուն):
Այսպէս, հայրենիքէն հեռու երկրի մը մէջ, օրն ի բուն «Բարի լոյս», եւ «Բարի իրիկուն» լսելով` այն տպաւորութիւնը կ’ունենայի, թէ կը բնակիմ մայր հայրենիքի մէջ:
2000 թուականին առաջին անգամ ըլլալով ընտանիքով այցելեցինք իսկական հայրենիք: Հայաստան:
Օդանաւը էջք կատարեց առաւօտուն:
Հազիւ ոտքերնիս դրած մայր հողին` ամէն կողմէ «Բարի լոյս»-երու տարափ մը:
Չկայ աւելի համով մաղթանք, քան` հայրենիքի «Բարի լոյս»-ը:
Երկու շաբաթ մեր կեցութեան շրջանին հայերէնէ զատ ուրիշ լեզու չլսեցինք:
Այցելեցինք տարբեր վայրեր ու շրջաններ: Ամէն կողմ` «Բարի լոյս» եւ «Բարի իրիկուն», որոնք լոկ բառեր չեն: Իսկապէ՛ս բարի են:
3 օր Ղարաբաղի անկեղծ «Բարի լոյս»-երն ու «Բարի իրիկուն»-ները վայելելէ ետք կը վերադառնայինք Երեւան:
Մեր ուղեկիցը, հակառակ նոյն ճամբան բազմիցս գործածած ըլլալուն, այդ օր, երբ հասանք վայր մը, ուր ճամբան երկուքի կը բաժնուէր, եւ ուղղութիւնը ցոյց տուող ոչ մէկ գրութիւն կար, տատամսեցաւ:
Բարեբախտաբար ճամբու ծայրը կեցած էր երիտասարդ կին մը, որմէ կրնայինք տեղեկանալ ճիշդ ուղղութիւնը:
«Բարի՛ լոյս, քո՛յր ջան, ասա, ո՞րն է ճամբան Երեւանի»:
Մինչ մանկամարդ կինը բացատրութիւններ կու տար, ես ինքնաբերաբար, մեղմ ձայնով սկսայ երգել:
«Ես պանդուխտ եմ, այս տեղերին ծանօթ չեմ,
Քուրիկ, ասա, ո՞րն է ճամբան Պինկէօլի»:
Այսօր, Արցախի ազատամարտիկները, հեռու իրենց ընտանիքէն, ձգած հանգիստ անկողինը, խրամներու մէջ, ամէն արեւածագի ժպտուն եւ ինքնավստահ, դառնալով իրենց զինակից ընկերներուն`
«Բարի՛ լոյս, աբե՛ր»:
«Բարի՛ լոյս»: Կը նշանակէ,
ՄԱՀ ԿԱՄ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ:
Լոս Անճելըս, 2016