Հովանաւորութեամբ մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիի եւ նախաձեռնութեամբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան,
«Հայոց ցեղասպանութիւն – պատմութիւն եւ մարդկային իրաւունք» խորագիրի տակ հրապարակային քննարկում մը տեղի ունեցաւ «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի «Ֆրանսուա Պասիլ» սրահին մէջ:
Քննարկումին ներկայ գտնուեցան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, մտաւորականներ, մամլոյ եւ լսատեսողական միջոցներու ներկայացուցիչներ եւ միութենականներ:
Արայժի իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, թէ հայ ժողովուրդը Ցեղասպանութեան ցաւը արդարօրէն վառ կը պահէ իր յիշողութեան մէջ, որովհետեւ յանցագործը առ այսօր կը մնայ անպատիժ: «Թուրքիա մինչեւ օրս կը ժխտէ պատմական ճշմարտութիւնները եւ իր ոճիրը մեղմացնող պատճառաբանութիւններ կը փնտռէ: Ցեղասպանութիւնը մեղմացնող պարագաներ չի ճանչնար: Պատճառաբանութիւնները որոնելու փոխարէն` նախընտրելի պիտի ըլլար, որ Թուրքիա ստանձնէր իր յանցագործութեան պատասխանատուութիւնը: Հրեաներու դէմ նացիներու յանցագործութիւններուն համար Գերմանիոյ ներողամտութիւնը կրնայ լաւ օրինակ ծառայել Թուրքիոյ այսօրուան ղեկավարներուն: Ինչպէս այլ պետութիւններ, Լիբանան 2000 թուականին դատապարտած եւ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը», շեշտեց ան:
Արայժի արժեւորեց համաշխարհային պատմութեան եւ մշակոյթին մէջ հայ ժողովուրդի դերակատարութիւնը` միաժամանակ զօրակցութիւն յայտնելով հայ ժողովուրդի արդար պահանջներուն:
Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկային իրաւանց տեսանկիւնէն դիտելով` նախարարը միջազգային ընտանիքէն պահանջեց պատժել յանցագործը եւ կրկնեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը համայն մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր մըն է:
Հաղորդավար Սամիր Նատեր ներկայացուց օրուան առաջին բանախօսը` Ֆրանսայէն ժամանած, ծանօթ պատմաբան Հենրի Լորանսը: Ֆրանսացի պատմաբանը վերլուծեց Հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատուութենէն խուսափելու պատճառները: Լորանս ըսաւ, որ 18 եւ 19-րդ դարերուն, բազմաթիւ թագաւորութիւններ, իշխանատենչութեան եւ կամ այլ պատճառներէ դրդուած, կը կոտորէին թշնամի պետութիւններու բանակներ: Անոնք չէին գնահատեր իրենց վայրագութիւններուն տարողութիւնը եւ հակառակ այն իրողութեան, որ նախապէս ծրագրաւորած չէին այդ կոտորածները, պատմութիւնը զանոնք կը դատապարտէ իբրեւ յանցագործներ: «Այլ էր պարագան, երբ կանխամտածուած ոճիր գործէին, ինչպէս` Հայոց ցեղասպանութիւնը», նշեց Լորանս:
Ան, հակիրճ կերպով ներկայացուց հայկական կոտորածներու նախօրէին հայ ժողովուրդին կրած տառապանքները, հայ ժողովուրդի կենցաղային նուազագոյն իրաւունքներուն հանդէպ սուլթաններու հետեւողական բռնութիւնները: Լորանս նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան փաստերը այնքան խօսուն եւ սպառիչ են պատմութեան հետեւող պատմաբաններուն համար, որ ժխտումի պատճառաբանութիւնները ծիծաղելի կը թուին ըլլալ, նոյնիսկ` Թուրքիայէն դուրս ապրող թուրք մտաւորականութեան: Լորանս ընդգծեց, որ ֆրանսացի ժողովուրդին եւ պատմաբաններուն համար միանգամայն յստակ է Ցեղասպանութեան փաստը: «Բոլորովին անիմաստ են Հայոց ցեղասպանութիւնը հաստատելու նպատակով պատմաբաններու յանձնախումբ յառաջացնելու Թուրքիոյ առարկութիւնները», ըսաւ Լորանս:
Իր խօսքի աւարտին Լորանս նշեց, թէ 20-րդ դարու սկիզբը, երբ տակաւին ցեղասպանութիւն եզրը չկար, արեւմտեան պետութիւնները ամենածանր բառերով դատապարտած են հայ ժողովուրդին դէմ գործուած վայրագութիւնները: Այդ սահմանումները հոմանիշ կրնան ըլլալ ցեղասպանութեան: Ան նշեց, որ պատմութիւնը տարբերակներ չի ճանչնար. ֆրանսական, հայկական կամ` թրքական տարբերակ: Պատմութիւնը ունի յստակ լեզու եւ գնահատական` հայ ժողովուրդին դէմ կատարուածը կազմակերպուած ցեղասպանութիւն էր:
Երկրորդ խօսք առնողը եղաւ Խաղաղութեան եւ իրաւանց ծրագիրներու տնօրէն, Քոլումպիայի համալսարանի դասախօս, քաղաքական-վերլուծաբան, գիրքերու հեղինակ, յօդուածագիր Տէյվիտ Ֆիլիփսը: Ամերիկացի դասախօսը կեդրոնացաւ հայ-թրքական փոխյարաբերութիւնները բնականոնացնելու ճիգերուն առումով իր ունեցած դերակատարութեան վրայ: Ֆիլիփս նշեց, որ Մ. Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը զինք լիազօրած է աշխատելու հայ-թրքական փոխյարաբերութիւնները բնականոնացնելու ուղղութեամբ: Ան անմիջապէս նկատած է երկու կողմերուն միջեւ տիրող հակասութիւնները. այսուհանդերձ, փորձած է ընդհանուր եզրեր գտնել տարբեր կողմերուն միջեւ: Այդ աշխատանքներուն արգասիքը դարձած է Հայ-թրքական փոխյարաբերութիւններու բնականոնացման յանձնախումբը (TARC): Ապա ան խօսեցաւ սոյն յանձնախումբի հանդիպումներուն ընթացքին կողմերուն միջեւ յառաջացած վէճերուն, սառցահալ կատարելու համար դիմած քայլերուն, փոխադարձ վստահութիւն վերականգնելու ճիգերուն մասին: Ֆիլիփս նկարագրեց Ժընեւի մէջ հայ-թրքական արձանագրութեան բանակցութիւններու օրերուն, քուլիսներու ետին արձանագրուած իրադարձութիւնները: Թուրքիոյ վերագրեց արձանագրութիւններու գործադրութեան ձախողութիւնը` խոստովանելով նաեւ, որ հայ-թրքական բանակցութիւնները ձախողութեան մատնուեցան: Ան մաղթեց սակայն, որ բանակցութիւններու գործընթացը կը վերսկսի:
Ֆիլիփս, դատապարտեց Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը եւ դատապարտեց Էրտողանի ամբողջատիրական նկրտումները:
Խօսք առաւ նաեւ լիբանանահայ հանրածանօթ պատմաբան, գիրքերու հեղինակ, մտաւորական, կրթական մշակ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան, որ ընդգծեց Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման անհրաժեշտութիւնը: Ան նկարագրեց նախաեղեռնեան ժամանակաշրջանը` ապացոյցներու ընդմէջէն վերահաստատելով կոտորածներուն եւ տեղահանութիւններուն նախապէս ծրագրաւորուած ըլլալու խորքը: Դոկտ. Մսըրլեան մերժեց Ցեղասպանութեան ժամանցելիութեան մասին վարկածները` հատուածներ մէջբերելով Ազգերու լիկայի 1948-ի ուխտէն:
Ան ողջունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու թուրք մտաւորականութեան կեցուածքը, դիտել տալով, որ հայ ժողովուրդին ողբերգութիւնը լիովին կ՛ամբողջացնէ Ցեղասպանութեան ուխտին ենթապայմանները:
Չորրորդ եւ վերջին զեկուցողը եղաւ Մարդկային իրաւանց պաշտպանութիւն կազմակերպութեան (MoHR) Լիբանանի նախագահ Ռէյնա Սարգիսը:
Ան մարդկային իրաւանց տեսանկիւնէն քննարկեց Հայոց ցեղասպանութիւնը:
«Ցեղասպանութեան ժառանգորդներուն մօտ հաւաքական յիշողութիւնը վառ պիտի մնայ մինչեւ ճանաչումը, հատուցումը», ըսաւ Ռէյնա Սարգիս` աւելցնելով, որ յանցագործութեան ժխտումը հոգեբանականօրէն հարցականի տակ կը դնէ զոհին գոյութիւնը:
Ան նաեւ վկայութիւններ կարդաց Ցեղասպանութենէն վերապրողներէ: Ռէյնա Սարգիս զարմանք յայտնեց, որ թուրք պետութիւնը տակաւին ոչ մէկ ճիգ կը բանեցնէ ըմբռնելու հայ ժողովուրդին ողբերգութիւնը:
Ապա բանախօսները պատասխանեցին իրենց ուղղուած հարցումներուն:
Դարձեալ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, անցնող շաբթուան ընթացքին «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ կազմակերպուեցաւ այլ ձեռնարկ մը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի զարգացումներուն նուիրուած:
Տէյվիտ Ֆիլիփս խօսեցաւ Թուրքիա, Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ` հարիւրամեակ մը շարունակուող հակամարտութեան շուրջ:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Շանթ Չինչինեան, Գեղամ արք. Խաչերեան, կաթողիկէ առաջնորդ սրբազանի ներկայացուցիչը, ազգային, հասարակական դէմքեր, պատմաբաններ, մտաւորականներ եւ կրթական մշակներ:
Ֆիլիփս շատ կարեւոր նկատեց, յատկապէս այս օրերուն, ազրպէյճանական վերջին յարձակումէն ետք, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին քննարկումը: Ան ընդգծեց, որ հասած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մնայուն եւ ամբողջական խաղաղութիւն հաստատելու ժամանակը` զգուշացնելով, որ անոր շարունակութիւնը միջազգային հակամարտութեան կրնայ վերածուիլ` ներգրաւելով Թուրքիան եւ Ռուսիան:
Ֆիլիփս դիտել տուաւ, որ անհրաժեշտ է ըլլալ գործնապաշտ եւ իրապաշտ, այն տրամաբանութեամբ, որ անցնող քսան տարիները լիարժէք լուծումներ չեն բերած Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ակնկալութիւններուն:
Ֆիլիփս յայտնեց, որ 2 ապրիլ 2016-ին Ազրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ յարձակումին պատճառները 1994-ին հաստատուած զինադադարի լուրջ խախտում կը նկատուին:
Ֆիլիփս հաւաստեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ազրպէյճանի յարձակումը կը վայելէր Թուրքիոյ աջակցութիւնը: Ան վկայակոչեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ վարչապետ Տաւութօղլուի (տակաւին չէր հրաժարած) ազրպէյճանամէտ յայտարարութիւնները` քննադատելով Թուրքիոյ եւ Իրաքի մէջ կռուող ահաբեկչական եւ ծայրայեղական կազմակերպութիւններուն Թուրքիոյ տրամադրած օժանդակութիւնը:
Ֆիլիփս ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի պատմութեան կարեւոր հանգրուանները` ընդգծելով, որ հայ ժողովուրդը երբեք հաշտ աչքով չէր դիտած Ղարաբաղը Ազրպէյճանին բռնակցելու Ստալինի որոշումը: Այս առիթով ան վերյիշեցուց Լեռնային Ղարաբաղի օժանդակութեան համար Մ. Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան եւ ծերակոյտին որոշումները: «Բախումները սկսան, երբ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Ազրպէյճան յայտարարեց իր անկախութիւնը եւ մերժեց ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի գերիշխանութիւնը: Առ ի հակադարձութիւն այս քայլին, Լեռնային Ղարաբաղը որոշեց անջատուիլ Ազրպէյճանէն», ըսաւ Տէյվիտ Ֆիլիփս:
Ան վկայակոչեց 19-րդ դարէն սկսեալ հայ ժողովուրդին դէմ թուրք-թաթարական կոտորածները:
Ֆիլիփս քննադատեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը` անհրաժեշտ նկատելով, որ ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակը աւելի գործօն դերակատարութիւն ունենայ: Ան բուռն քննադատութեան ենթարկեց Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ կարծիքի ազատութեան եւ մարդկային իրաւունքներու կաշկանդումները:
Տէյվիտ Ֆիլիփս յայտնեց, որ Ալիեւ ընդդիմութեան ձայները զսպելու նպատակով կը փորձէ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ կեդրոնացնել ժողովուրդին ուշադրութիւնը:
Իր եզրակացութեան մէջ Ֆիլիփս, բարձր գնահատեց Միջազգային ընտանիքէն ներս Հայաստանի դերակատարութիւնը` աւելցնելով, որ հայերը եւ ամերիկացիները կը բաժնեն բարոյական միեւնոյն արժէքները: Ան մաղթեց, որ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ նախագահը աւելի վճռորոշ դերակատարութիւն ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումին առումով` բացառելով այդ տագնապին զինուորական լուծում մը ապահովելու կարելիութիւնը:
Ֆիլիփս Մ. Նահանգներէն պահանջեց դիւանագիտական եւ տնտեսական պատժամիջոցներու ենթարկել Ազրպէյճանը, ինչպէս նաեւ` Մինսքի խմբակի բանակցութիւններուն մէջ ներգրաւել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Իր խօսքը ուղղելով Մինսքի խմբակին եւ ՄԱԿ-ին` ան պահանջեց միջազգային խաղաղապահ ուժեր տեղակայել Լեռնային Ղարաբաղի սահմանագիծերուն վրայ: