Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Արամ Սեփեթճեանի «Հանդիպումներ»-ը

$
0
0

ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ

Kragan-Hantiboubner_52116Քանի մը ամիս առաջ էր, երբ Արմենակ Եղիայեանը` Պէյրութէն, իր հերթական «Ի պէտս զարգացելոց»-ով գրեթէ անզսպելի բարկութեամբ կը չախէր կարգ մը թերթերու խմբագիրներն ու աշխատակիցները` իրենց անհոգութեան համար հայերէնի հանդէպ: Կը նմանէր  ուսուցիչին, որ յատուկ զայրոյթով կը սաստէր անփոյթ ու ծոյլ աշակերտ մը: Կ՛ակնարկեմ Արմենակի զայրոյթին, որովհետեւ անմիջականօրէն կապ ունի այսօրուան քննարկուող գիրքի հեղինակին` Արամ Սեփեթճեանի հետ:  Պահու մը հասած էր Արմենակը իր յանդիմանութեան մէջ, կարծէք յուսահատութենէն մղուած` տեղ մը կը փնտռէր կառչելու համար, որպէսզի ըսելիքը ըսէր առանց բառերը ծամծմելու եւ կը բարբառէր.

– Ո՞ւր ես, ականջդ խօսի, Արամ Սեփեթճեան, այս մարդոց քիչ մը հայերէն սորվեցուր:

«Մարդիկ»-ը, որոնց կ՛ակնարկէր Արմենակը, մեր թերթերու աշխատակիցներ, խմբագիրներ էին կամ են, եւ որոնց լեզուական անփութութիւնը կը ձաղկէր ան: Սքանչելի է տեսնել, հաստատել մարդիկ, որոնց համար հայերէն ճիշդ գրելը հաճոյք է, եւ պարտաւորութիւն ստանձնած եւ բծախնդիր են մանաւանդ այդ լեզուի մեսրոպեան շքեղութիւնը պահելու: Արամը անոնցմէ մէկն է: Մենք` ընթերցողներս պարզապէս կը հաստատենք Արմենակին լեզուական զգայնութեանց ստուգութիւնը, իրաւութիւնը, երբ կը կարդանք Սեփեթճեանի հրապարակագրական յօդուածները, խորքին մէջ` գրախօսականներ, որոնց շքեղ հանդիսարանն է քննարկուող հատորը` «Գրական հանդիպումներ»-ը:  Մխիթարական իրականութիւն մը նաեւ կայ Արմենակի կատարած ճշգրտութեանց մէջ, ա՛յն է, թէ ներկայի խմբագիրներէն ոմանք լաւ որ գոյութիւն չունէին 19-րդ դարու վերջաւորութեան ու 20-րդ դարու սկիզբը, երբ Զարդարեաններն ու Աղբալեանները, Թէքէեաններն ու Սիամանթոները, Վարուժանները եւ միւսները բոլոր, որոնք արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը յղկեցին ու վերածեցին արդի մեր սքանչելի լեզուին:  Եթէ ակնարկուած խմբագիրներն ու պատասխանատուները գոյութիւն ունեցած ըլլային այդ տարիներուն, արեւմտահայերէնի մայրը լացուցած կ՛ըլլային մինչեւ հիմա:

Երբ որեւէ գիրք կամ հեղինակ կը ներկայացուի, եւ որուն գործը կը քննարկուի, անխուսափելիօրէն քննարկողները կ՛անդրադառնան հեղինակին լեզուամտածողութեան, լեզուի տիրապետումին, լեզուի գործածութեան ճկունութեան ու վարպետութեան եւ անոնց մէջէն ոճին, որ տուեալ հեղինակին գրական ինքնութիւնն է, մտաւորականի, գրողի ինքնութեան թուղթը, եւ գործածելով Սեփեթճեանի մէջբերած խօսքը Շաթոպրիանէն` գրողին ոճը այն նշաձողն է «ինքնատիպը, որուն ոչ ոք կրնայ նմանիլ»:  Այդ ոճը յատուկ է միայն հեղինակին, գրողին, այնքան մը, որ երբ ընթերցողը կը կարդայ գործը առանց գիտնալու, թէ ո՛վ է հեղինակը կարդացուածին պիտի կարենայ հետեւցնել ու ճանչնալ անհատը կարդացուածի բնոյթէն, լեզուական գնացքէն եւ ըսելաձեւէն:  Կա՞յ արեւմտահայ մը, քիչ մը տեղեակ մեր գրականութենէն, որ գործ մը երբ կարդայ, անհրաժեշտ զգայ ստուգելու, թէ ո՛վ է հեղինակը, երբ կարդացածը Թէքէեանէն է, կամ Սիամանթոյէն կամ Յակոբ Օշականէն:  Ասոնց եւ միւս հարազատ գրողներու պարագային, բան մը, լեզուական ճարտարապետումի վարպետութիւն ըսենք, գործածուած բառերու համը, Չարենցի պատկերով` «արեւահամ բառ»-ը կը զատորոշեն անհատը խուժանէն, եւ ինչո՞ւ չէ, նաեւ մեր համեստ խմբագիրներէն:

Գիրքին առաջին  էջէն, առաջին պարբերութենէն, ուր կը հրաւիրէ ընթերցողը երեւակայելու աշխարհ մը, ուր չկան արուեստ ու մշակոյթ, ճարտարապետուած անիմանալի, փարթամ գեղեցկութեամբ կոթողներ, առաջին հերթին` Զուարթնոց մը, եւ արուեստի ու մշակոյթի այլ վկայարաններ, կը հայթայթէ իր բացատրութիւնը, թէ ինչո՛ւ նման կացութիւն մը կարելի չէ երեւակայել, որովհետեւ «աշխարհային հրապոյրին մէջ մարդ էակին ունեցած մասնակցութիւնն է, որ երկրային այս կեանքին տեւողութիւնը կ՛երկարաձգէ, եւ ինքնաբերաբար արուեստին ներկայութիւնը մեր առօրեայ կեանքին համար կը դարձնէ հրամայական պահանջ մը»:  Այլ խօսքով, մարդը ինք անկարող է տոկալու առանց իր ստեղծագործական հրայրքին կերպարանք եւ ձեւ ու ձայն տալու:

Խօսելով լեզուի մասին` Սեփեթճեանի գործը ո՛չ միայն հաստատումն է մեր լեզուական շքեղութեան, այլ նաեւ` այդ շքեղութեան նպաստող նոր բառակերտումներով, որոնք ինք իրեն համար, իր մտքերը արտայայտելու համար  յօրինած է աւելի յստակ ձեւով արտայայտուելու գաղափար մը, զգայնութիւն մը տալու, օրինակ` «բաղատրատարրեր», «առաքելավայր», «էոյթ», եւ` բազմաթիւ այլ բառեր, որոնց գործնական բնոյթը ակներեւ է, եւ որոնց երկարակեցութիւնը մեր լեզուին մէջ ուղղակիօրէն պայմանաւոր է մեր ժողովուրդի տրամադրութենէն, բծախնդրութենէն` իր մայրենի լեզուն պահելու: Յատկապէս չվերածելու զայն խայտաբղէտ կտաւներէ շինուած լեզուական ծածկոցի` մեր ինքնութեան ամէնէն էական էատարրին` հայոց լեզուի աններելի խաթարման, ապականման եւ հանգիտաբար մեր հաւաքական ունայնամտութեան` մտաւորական, գաղափարական համազգային համագոյքի մերկութեան ծածկոցին:  Ի վերջոյ գրողը, ստեղծագործողը կը կատարէ իր գործը, լեզուի շքեղութիւնը խորացնելու եւ լեզուի ճկունութիւնը դարձնելու աւելի իրաւ ու հարազատ նոր կեանքի հնարաւորութիւնները` գիտութեան թէ արուեստի մարզէն ներս, ժողովորդն է սակայն, որ պիտի կենսաւորէ զայն իբրեւ իր իւրայատկութեանց, իմացականութեան արտայայտչամիջոցը:

Հատորը 570 էջի վրայ տարածուած, 1957-էն մինչեւ 2011,54 տարուան հրապարակագրական, գրադատական քննարկումներու վաստակի մը դիւանն է, հարուստ ու ինքնուրոյն նուաճում մը, որ կը հանդիսանայ գրական հրապարակը, ուր սփիւռքի ու հայրենի գրողներն ու մտաւորականները մէկ-մէկ ման կու գան եւ հեղինակը համբերութեամբ կը մօտենայ անոնց, կը զրուցէ հետերնին մտերմաբար, ինչպէս հատորը սկսող զրոյցը` Թէքէեանի հետ եւ` Սուրէն Դանիէլեանի (Երեւանէն) «Միջուկի տրոհումը»-ին բացատրութիւնը, վերլուծումը հատորի վերջաւորութեան:  Այդ երկու յօդուածները գրքի սկզբնաւորութեան եւ վերջաւորութեան կը հանդիսանան գիրքի բովանդակութեան ճարտարապետումի ամուր գրքակալները` «պուք-էնծ, անգլերէնով»:

Շարունակելով վերի ճարտարապետական պատկերը, երբ կը կարդանք գիրքը, կարծէք կը գտնուինք հսկայական ճեմասրահի մը մէջ, ուր ամէն քայլափոխի կը հանդիպինք ծանօթ ու սիրելի եւ երբեմն ոչ սիրելի անհատներու:  Այսպէս կ՛ըսեմ, որովհետեւ մեր գրականութեան անդաստանէն ներս քաղաքացիական իրաւունքէ զուրկ հտպիտներ նաեւ կան հոն: Պահ մը անտեսելով այդ վիժուածքները, կը հանդիպինք, օրինակ, Թէքէեանին, որուն հեղինակը կը խօսեցնէ իր քերթողական  տողերով, միեւնոյն ատեն հեղինակը տալով իր մեկնութիւնները, պատասխանները, ապրումներու դրսեւորումով այդ տողերուն յառաջացուցած խռովքին, զգայնութիւններու հեղեղէն:  Քանի մը քայլ անդին կը տեսնենք Նիկոլ Աղբալեանը` Թումանեանի հետ խօսելու պահուն, Սայաթ Նովայի քերթողութիւնը եւ երգերուն համայնապատկերը ունենալով իբրեւ հիացմունքի առարկայ, այնքան քնքշօրէն համակուած աշուղին հանճարեղ արարումներով:  Երբեմն, եւ անխուսափելիօրէն, մէկէ աւելի անգամներ կը հանդիպինք նոյն անհատներուն ինչպէս Գեղամ Սեւանին, Մխիթարեանի իմ հայերէնի ուսուցչիս եւ հետագային «Սեւան» գրատան տիրոջ, ուր իմ շաբաթականներս այնքա՜ն արագ ու հեզասահ ձեւով կ՛անյայտանային` իրենց ետին ձգելով Հայպետհրատի նոր ժամանած հատորները` Չարենցէն, Բակունցէն, Րաֆֆիէն ու այլոց գործերէն:  Գեղամ Սեւանի հետ, որուն կը հանդիպի Երեւանի մէջ, այս անգամ արդէն եղած գրականութեան դոկտոր, եւ որուն «Հող եւ սէր»-ը լոյս է տեսած Երեւանի մէջ` արեւելահայերէնով:  Յատկանշական է իր կերպագրումը Գեղամ Սեւանին. «Ինչ որ ալ ուզէ գրել այս տղան, որ երէկի մեր Գեղամն էր, իր սրտի ճամբով կը կատարէ»:  Ընթերցողը անմիջապէս կ՛անդրադառնայ ընկերական մտերմութեան երկուքին միջեւ, եւ ընկերական ջերմ փոխադարձ յարգանքի արտացոլումն է, որ կը վկայենք գրախօսականին մէջ: Հետեւաբար քանի մը պարբերութիւն անդին տրուած բացատրութեան, թէ «առանց խորաչափելու անձնական միջամտութիւններէն յառաջ եկած հարցերն ու հարցադրումներու խորքը»-ի մէջ արդարացումի մը մեկնութիւնը կայ նախադասութեան մէջ, բայց անկախ ատկէ քննարկողը, գրախօսողը պարտադրանքին տակը չէ՞ վերլուծելու ճիշդ այդ «հարցերն ու հարցադրումներ»-ը, որոնց տրուած պատասխանը պիտի  կոփէր անհատին` գրողին ինքնութիւնը, խառնուածքը, մարդը: Կ՛անդրադառնամ այս արժեւորումին, որովհետեւ համայնական խմորումներու կ՛ակնարկէ  այդ հաստատումը, ուրկէ նաեւ այդ կիրարկումը` գրեթէ ոեւէ անհատի գրական յառաջընթացը բնութագրող:

Գրքին մէջ առնուած են 79 գրողներու, հրապարակագիրներու, հայրենի թէ սփիւռքէն, նուիրուած վերծանական, գրադատական 90 գրախօսականներ: Այսպէս, ճոխ գրական պտղասեղան մը, ուր իւրաքանչիւր  ընթերցող կրնայ հանդիպիլ իր սիրած եւ երբեմն… չսիրած պտուղին` գրողին:

Կը հանդիպինք Թէքէեանէն մինչեւ Վահէ-Վահեան, Օննիկ Սարգիսեան, Մուշեղ Իշխան եւ նաեւ Վաչէ Սեմերճեանի «Ապրուած սփիւռք»-ին, որուն վերլուծումը հմտօրէն կատարած է հեղինակը` նշելով մանաւանդ կարեւորութիւնը գործին, երբ գալիքի պատմաբանը, գրականագէտը պիտի ուզէր ներկայացնել սփիւռքը այնպէս, ինչպէս որ է:  Անպաճոյճ, իր սխրանքներով եւ գձուց հաշիւներով:  Հոն կը հանդիպինք նաեւ Պուրճ Համուտի, Նոր Հաճընի մէջ աշխատող անփոխարինելի կօշկակարներու տիպերուն` Սարգիս Վահագնի պատմուածքներու «Մատանիներ» հատորին մէջ յաւերժացուած:  Ինծի համար հարազատ են, ծանօթ են այդ անհատները, որոնք կը հայթայթեն մարդկային դիմագիծը գաղութին, որոնք կ՛ապրին, կը շնչեն «Կօշկակարներ»-ը պատմուածքին մէջ:  Անոնք այդ կօշկակարները, տարտղնուած Պուրճ Համուտի զանազան թաղերու մէջ, եւ որոնցմէ ոմանք տօնական օրերուն մեր կօշիկները կը կարէին, եւ եթէ անհրաժեշտ ըլլար, կը շինէին Ստալինի նուէր ճամբուած կարմիր կաշիէ շինուած հսկայական սապոգը եւ երբեմն նաեւ ուշ գիշերին յոգնած օրուան աշխատանքէն` մուրճի դանդաղ հարուածներով թաղման շարականը կը կատարէին:  Այս բոլորը կ՛ըսուին շեշտելու համար այդ կօշկակարներուն հնարամտութիւնը` երբեմն մեղաւոր իրենց յանդգնութեամբ, բայց միշտ ինքնուրոյն եւ ուրեմն իրենց հնարամտութիւնը  չզիջելով ոեւէ մէկուն: Անհետացաւ այդ սերունդը, որ իր կարգին իր զոհերը տուաւ մեր ժամանակներու ազգային խելագարութեան յանուն օտարածին ու օտարացնող եւ այլեւս վիժած գաղափարախօսութեանց, որոնց հեղինակը կ՛ակնարկէ Վաչէ Սեմերճեանի գործին վերլուծման ընթացքին:  Բայց ա՛դ մեր խելագարութիւնը, հեռատես անհատի մը իմաստութեան հետ պիտի բաղդատուէր ի տես 1975 ապրիլ 13-ին սկսած լիբանանեան իսկական խելագարութեամբ, որուն հարազատ քրոնիկագիրը եղաւ Սարգիս Մինասեանը:

Իր վտիտ ու նիհար հատորը ձեռնհասօրէն գրախօսուած ներկայացուող գործին մէջ, իր տեսակարար կշիռով, սակայն, պիտի մրցէր որեւէ հատորի հետ: Սարգիսը յաջողած էր ժամանակագրականօրէն անշարժացնել վայրերը, դէպքերը, անհատները, որոնցմէ մին իր ահռելիութեամբ կը սեւեռուի ընթերցողի մտապատկերին, յիշողութեան մէջ. երիտասարդ մը իր մահացած մայրը գրկած` դուրս կ՛ելլէ տունէն եւ փողոցին մէջ վառելանիւթով ողողելէ ետք կրակի կու տայ իր հարազատ մայրը` խնայելու համար տաքէն անոր նեխումը եւ յաջորդելիք անհաճոյ հետեւանքները: Առասպելական ու անհաւատալի կը թուին այս բոլորը, բայց առասպել չեն, եւ նման օրինակներ ցրուած են լիբանանեամ 17-ամեայ քաղաքացիական կռիւներու աւերներու անապատային բաց սրճագոյնին տուող տեսադաշտին  մէջ: Միեւնոյն ատեն, սակայն, կան նաեւ իրապէս խրախուսող երեւոյթներ, իրականութիւններ այդ ոճային խորապատկերին մէջ, երբ հեղինակը` Արամ Սեփեթճեան կ՛անդրադառնայ երիտասարդ վանականի մը` հայր Մեսրոպ Հայունիի խոր յարգանքին ու սիրոյն` իր հոգեւոր երէց հօր հանդէպ, հայր Գրիգոր Հեպոյեանի, Մխիթարեանի մեր վերջին տարիներու տնօրէնին անձին ու երաժշտական վաստակին հանդէպ:

Եւ հուսկ ապա, բացատրութիւն մը հոս, վերջացնելէ առաջ:

Այս ելոյթին պիտի սկսէի երկու բնաբանով, իրարմէ մէկ բառով տարբերող:  Աւելի յարմար նկատեցի սակայն քննարկումը եզրափակել այդ բնաբանով:  Ահա առաջինը`

«Կեանքէն ինծի ի՛նչ մնաց,

Ի՛նչ որ առի ուրիշէն, տարօրինակ այդ միայն»

իսկ երկրորդը

«Կեանքէն ինծի ի՛նչ մնաց,

Ի՛նչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ` այդ միայն» Առաջին տեսակէն քանի մը հատ կայ քննարկուած գրքին մէջ, իսկ երկրորդը կ՛երթայ ուղղակի գրախօսուած հատորի հեղինակին` Արամ Սեփեթճեանին, որ յիսունէ աւելի տարիներու տարածութեան վրայ սփռուած այս գիրքը գրած է անմնացորդ սիրով, բծախնդրութեամբ, խանդաղատանքով, բանաստեղծին չխամրով բառով «ուրիշ»-ը այդտեղ մեր ժողովուրդն է, որուն գրական անդաստանին, իր «առաքելավայր»-ին, կը վերադարձնէ իր գրական, ստեղծագործական, հրապարակագրական «էոյթ»-ին համագոյքը գործածելով իր կերտած երկու բառերը` «առաքելավայր»-ն ու «էոյթ»-ը:

Արդար ու քրտնաթոր վաստակի մը տօնահանդէսն է, որ կը կատարենք մեր գրականութեան տաղանդաշատ քուրմին հետ հոս, այստեղ, մայր եկեղեցւոյ կամարները կանգուն պահող ներքնասրահին մէջ, քուրմին հզօրացած մեր պապերէն մեզի ժառանգուած քրիստոնէական Լուսաւորչի հաւատքով:

 

 

 

30 մայիս 2015

Լոս Անճելըս

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles