Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Հարցազրոյց Ֆրանսահայ Գրող Արա Գրիգորեանի Հետ

$
0
0

IMG_9693-(2)

Երէկ` չորեքշաբթի, 18 մայիսին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց «Քրիստափոր Միքայէլեան եւ թուրք սուլթանը` մեծ մարտահրաւէրը» ֆրանսերէն գիրքի հեղինակ, ֆրանսահայ գրող Արա Գրիգորեանի հետ:

Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:

Պատասխանելով գիրքի գաղափարի յղացման մասին հարցումին` Գրիգորեան յայտնեց, որ 2005-ին Ֆրանսայի հայաշատ Արֆորվիլ շրջանի ՀՅԴ խումբը իրմէ խնդրած է պատրաստել ցուցահանդէս մը` Քրիստափորի նահատակութեան 100-ամեակի նշման համար: Այդ աշխատանքի ընթացքին անդրադարձած է, որ մարդիկ խորքին մէջ չեն ճանչնար Քրիստափորն ու անոր շուրջ լուրջ ուսումնասիրութիւն մը չկայ: 2008-ին սկսած է լուրջ կերպով աշխատիլ ու ուսումնասիրութիւններ կատարել եւ անոր առաջին աղբիւրը եղած է ՀՅԴ Երիտասարդականի «Կայծեր» պարբերաթերթը: Գիրքին վրայ աշխատած է 6 տարի եւ զայն աւարտած 2015-ին: «Ուսումնասիրելէ ետք, Քրիստափորը դարձած է իմ լաւ ընկերս», կը նշէ ան:

Գրիգորեան գիրքը գրած է ֆրանսերէնով, որպէսզի Քրիստափորը ճանչնան նաեւ օտարները եւ ոչ հայախօս ֆրանսահայերը: Գիրքը մեծ ընդունելութիւն գտած է: Ժողովուրդը, հայ թէ օտար, սկսած է ճանչնալ Քրիստափորը: Մասնաւորաբար «Փրօ Արմենիա»-ի բաժինը շատ հրապուրած է ֆրանսացիները:

Ան յայտնեց, որ հաւանաբար սեպտեմբերին կամ հոկտեմբերին լոյս տեսնէ գիրքին անգլերէն թարգմանութիւնը, իսկ հաւանաբար 2017-ի սկիզբը լոյս տեսնէ արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը, ապա կը նախատեսուի նաեւ դասական ուղղագրութեամբ արեւելահայերէն թարգմանութիւն մը:

Խօսելով ապագայի ծրագիրներուն մասին` Գրիգորեան յայտնեց, որ իր յաջորդ գիրքը պիտի ըլլայ 1905-1921 երկարող ժամանակաշրջանին մասին եւ դարձեալ պիտի գրէ վէպի ոճով: Նոր գիրքին առանցքը պիտի ըլլան երեք անձեր` Ստեփան Զօրեան (Ռոստոմ), Արամ Մանուկեան եւ Ռուբէն Տէր Մինասեան:

Հարցազրոյցին տեսերիզը յառաջիկայ օրերուն պիտի տեղադրուի «Ազդակ»-ի կայքին վրայ:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles