ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Վերջին շաբաթներուն Հայաստանի թէ սփիւռքի տպագիր մամուլին եւ համացանցի էջերու ճամբով իմացանք, որ հայ բանակին, հայ զինուորին, զոհուածներու ընտանիքներուն, վիրաւորներուն վերաբերող զանազան տեսակի բարեսիրական նախաձեռնութիւններ տեղի ունեցան:
Ընկերութիւն մը տասը հատ ինքնաշարժ նուիրեց: Ուրիշ մը վիրաւոր զինուորին այցելեց: Այլ տեղ մը զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն ուտեստեղէն բաժնեցին եւ այլն:
Ուրիշ մը այս առիթով վիտէօ-քլիփ մը պատրաստեց:
Տեղ մը` աժան հայերասիրութիւն…
Ինծի համար բարեսիրութիւնը ցուցադրական աշխատանք պէտք չէ ըլլայ: Եթէ այցելեցիր հայ զինուորին, նկարուելու պէտք չունիս, ո՛չ ալ Դիմատետրով ծանուցելու: Եթէ գացիր Լեռնային Ղարաբաղ կռուելու, զէնքով դիրքի մը վրայ նկարուիլը բան մը չ՛աւելցներ քու արժէքիդ: Ընդհակառակն, արժէքդ արդէն երթալուդ մէջ է:
Հաստատութիւն մը Հայաստանի մէջ կատարած նուիրատուութեան գումարին չափ գումար այդ մասին ծանուցելու ծախսած է:
Բարեսիրութիւնը ամէն բանէ առաջ քեզի՛ համար է:
Բարեսիրութիւնը քու հոգիդ եւ ոգիդ ազնուացնելու համար է: Դժբախտաբար մեր օրերուն բարեսիրութիւնը աւելի ցուցադրական աշխատանք եղած է, քան` նուիրումի եւ հաւատքի:
Եթէ բարեսիրութիւն կ՛ընես, որպէսզի յետոյ այդ բարեսիրութեան մասին խօսիս, արդէն ըրածդ իր արժէքէն պարպած կ՛ըլլաս:
Մէկ ամիսէ ի վեր զսպուածութեամբ կը հետեւիմ տեղի ունեցածին, հասանք այնպիսի տեղ մը, երբ Հայաստանի մամուլը պէտք է բան ըսէր, որ մարդիկ գիտնան իրենց ըրածին անհեթեթութիւնը եւ զգաստանան:
Սփիւռքի մէջ եւս մենք քիչ-քիչ կը վարակուինք բարեսիրութեան այդ ոճէն: Զգո՛ւշ ըլլանք: