ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Գ.- Որբերու Հաւաքական Յիշողութեան Վերականգնում
Ծանօթ.- Յօդուածի Ա. եւ Բ. մասերը կը վերաբերէին «Յուշագիտութեան» ժամանակակից մօտեցումին եւ Շ. Արզումանեանի «Աշխարհագրութիւններ» վաւերագրական ժապաւէնին:
8 ապրիլ 2016-ին «Էլ. Էյ. Եու.» համալսարանի Հայկական ակումբը ցուցադրեց Նիկոլ Պեզճեանի «Աֆթըր տիս տէյ» («Այսուհետեւ…») վաւերագրական ժապաւէնը (1): Ժապաւէնը վաստակած է հայ-թուրք շարժապատկերի հարթակի 2014-ի նիւթական նպաստը: Հարթակը նախապէս ֆինանսաւորած էր Թուզլայի «Քեմփ Արմէն»-ի որբանոցին մասին երկու ժապաւէններ` «Մի՛ կորչիք, երեխաներ», Կիւլենկիւլ Ալթընթաշ (2013) եւ «Մեր Ատլանտիդան», Արթուր Սուքիասեանը (2015), որոնց մասին անդրադարձած եմ: Հարթակը մաս կը կազմէ հայ-թուրք հաշտեցման ծրագիրին (2):
Պատմական.- Սուրէն պրծած (քըլըչ արթը’ը) որբերու բներգով գրական առաջին` Զ. Եսայեանի «Աւերակներուն մէջ» վէպն էր: Եսայեան ատենապետն էր յանձնախումբի մը, որ 1909-ի ջարդերէն ետք պատրիարքարանին կողմէ Ատանա ուղարկուած էր տեղեկագիր պատրաստելու համար: Եսայեան կը գրէ, թէ բուռն վէճեր ունեցած է քաղաքապետ Ճեմալ փաշայի հետ, որուն, այդ թուին եւս, յանձնուած էր որբանոցները կարգաւորելու պարտականութիւնը: Բայց այդ շրջանին որբերը թրքացնելու փորձ չէ եղած: 1911-ի տխրահռչակ ժողովէն առաջ իթթիհատականներու հայեցակարգը տակաւին «Օսմանականութիւն»-ն էր (3):
Հայ մամուլը օրին մանրամասն տեղեկագիրներ հրատարակած է հայ որբերու շուրջ: Մօտիկ անցեալին Այնթուրայի որբանոցին վրայ ուշադրութիւն ուղղեց որբ թիւ 551 Գառնիկ Բանեանի «Յուշեր մանկութեան եւ որբութեան» վկայութիւնը, որ հրատարակուած է 1992-ին: Փետրուար 2006-ին «Ազդակ» յատուկ յաւելուած մը հրատարակած է` նուիրուած Այնթուրայի որբանոցին (4): 9 մարտ 2010-ին լոյս տեսած է «Տը Ինտիփէնտընթ»-ի թղթակից Ռ. Ֆիսքի ուշագրաւ յօդուածը: Գ. Բանեանի յուշերը ապա անգլերէնի թարգմանուած եւ լոյս տեսած է «Մնաս բարի, Այնթուրա.- Հայոց ցեղասպանութեան յուշագրութիւն մը» վերնագիրով: Միսաք Քէլէշեան նուիրուած է նոր վաւերագիրներ գտնելու աշխատանքին եւ այդ ուղղութեամբ պարբերաբար ելոյթներ կ’ունենայ:
Էմմի մրցանակակիր Պարետ Մարոնեան Այնթուրայի որբանոցի պատմութեան շուրջ 2013-ին բեմադրած է «Ցեղասպանութեան որբերը» («Օրֆընզ աֆ տը ճենոսայտ» 91 վ.) վաւերագրական ժապաւէնը:
«Այսուհետեւ» ժապաւէնին նիւթը, ուրեմն, յայտնութիւն մը չէ: Ի սէր բոլորովին անտեղեակ հայ ընթերցողին (եթէ գոյ է այդպիսին) կը նշեմ, որ իթթիհատականներու կողմէ Այնթուրան ընտրուած էր ըլլալու համար հարիւր հազարաւոր որբերը թրքացնելու ծրագիրի ռահվիրայ (pilot) ընդօրինակելի տիպար: Այս ուղղութեամբ ջանք եւ միջոց չէր խնայուած: Պէտք չէ մոռնալ, որ Օսմանեան կայսրութիւնը սնանկ էր: Ի վիճակի չէր նոյնիսկ պատերազմող բանակը պատշաճ ձեւով պատսպարելու եւ կերակրելու (5): Ճեմալ փաշա որբանոցի տնօրէնը փոխարինած էր ոչ նուազ քան ականաւոր ազգայնական գրագիտուհի Հալիտէ Էտիփով: Անոր միացած էին թուրք ընտրանի ընտանիքներու 15 երիտասարդ աղջիկներ, 40 ծառայողներ եւ «Սաքրէ Քէօր» միաբանութեան պատկանող 5 տեղացի մայրապետներ: Որպէս շէնք` բռնագրաւուած էր ֆրանսացի Ժեզուիթներու շքեղ դպրոցը եւ այլն: Տղաքը բռնօրէն չէին թլփատուած: Ծրագիրի նպատակն էր «սիրաշահիլ» մանուկները եւ երիտասարդութեան նօսրացած շարքերը ամրապնդել առողջ թուրքերով: Այնթուրայի որբերը «բախտաւոր» էին, որովհետեւ փրկուեցան ստոյգ մահէ, իսկ ծրագիրը ընդհատուեցաւ: Վկայութիւններէն մէկը յիշեց, թէ որբանոցէն փախուստ տուած տղաք շրջան մը ետք կամովին վերադարձած են (6):
Այս կը յիշեցնէ 14-րդ դարուն սուլթան Մուրատ Ա.-ի ենիչերի ընտրանի բանակ գոյացնելու ծրագիրը, որով քրիստոնեայ ընտանիքներէ վերցուած մանուկները կը ստանային որակաւոր զինուորական կրթութիւն եւ կը վայելէին մենաշնորհներ: Անոնց ծնողը կը դառնար պետութիւնը:
Միահեծան «երկխօսութիւն».- Ժապաւէնը բաղկացած էր կարգ մը «ժառանգուած» յիշողութիւններէ, որոնք կը պատկանէին Բ. եւ նոյնիսկ Գ. սերունդի, ապա երկու ակադեմականներու երկխօսութենէն` դոկտ. Վահէ Թաշճեանին, որ վարիչն է Գերմանիոյ մէջ 2010 թուականին կազմուած «Յուշամատեան» արխիւային ծրագիրին ու կայքին եւ Քանատա ծնած թուրք պատմաբան դոկտ. Սելիմ Տերինկիլի, որ այցելու դասախօս է «Էլ. Էյ. Եու.»-ի մէջ, եւ որ ներկայ էր ցուցադրութեան: Կային նաեւ հպանցիկ ակնարկութիւններ «Արմէն» ճամբարի եւ Գիւմրիի ահաւոր 30 հազարանոց որբանոցին: «Ազդակ» նախապէս անդրադարձած է Տերինկիլի քաղաքական կեցուածքին (7): Ի դէպ, Տերինկիլ իր աշխատութիւններուն մէջ կը գործածէ ոչ թէ ցեղասպանութիւն, այլ բռնի տարագրութիւն (թեհճիր) եզրը (8): Երկու մասնակիցներու մասնագիտութիւնն է օսմանեան պետութեան անկումի շրջանի պատմութիւնը: Ցաւօք Թաշճեան չարտաբերեց տպաւորիչ ելոյթ մը եւ մնաց Տերինկիլի շուքին տակ: Շարժուձեւը անհանգիստ էր: Երբեմն կը քերէր իր ոտքերը: Կը թուի, թէ ան եկած էր առանց պատշաճ պատրաստութեան, մինչդեռ Տերինկիլ այս նիւթի շուրջ կատարած է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ: Գուցէ նաեւ այն պատճառով, որ Տերինկիլ զաւակն է թուրք դեսպան Էֆթալ Տերինկիլի, եւ առ այդ, աւելի ատակ եւ վարժ է քաղաքագէտ եւ ինքնավստահ ելոյթներ ցուցաբերելու: Թաշճեան յաճախ Տերինկիլի հարց կու տար. «Ի՞նչ է ձեր կարծիքը», մինչդեռ Տերինկիլ երբեք այդ ձեւով չդիմեց Թաշճեանին: Ան կը լուսաբանէր, կը մէջբերէր փաստաթուղթեր… Այս կէտը անշուշտ որ աննպաստ է հայ կողմին համար:
Տերինկիլ նշեց, որ համիտեան ջարդերը, 1909-ի Ատանայի կոտորածը եւ Մեծ եղեռնը ունէին իրարմէ տարբեր բնոյթ: Ապտիւլ Համիտ Բ. եւ երիտթուրքեր նոյն ծրագիրը չէին հետապնդեր: Այս նիւթին նախապէս անդրադարձած եմ (3): Թաշճեանի ելոյթը չէր զանազաներ ծրագիրները: Օսմանեան այլ կայսրութիւնը չէ քաջալերած քրիստոնեաներու զանգուածային իսլամացումը, մինչդեռ փորձած է «սիւննիացնել» ալեւիները: Այս ուսումնասիրութեան առանձին նիւթ է: Թաշճեան դրուատեց միսիոնարական վարժարանները, որովհետեւ ուսուցիչները մեծ մասամբ հայեր էին, իսկ դասաւանդութեան լեզուն` հայերէն:
Տերինկիլ փութաց նշել, որ օսմանականութեան շրջանին միսիոնարական դպրոցները մեծ ընդունելութիւն գտան, որովհետեւ անոնց մակարդակը համեմատաբար բարձր էր, իսկ ուսման ծրագիրը` արեւմտեան, իմա` արդիական: Այս ձեռնտու է անոնց համար, որոնք հետաքրքրուած են Եւրոպայի հետ տնտեսական յարաբերութիւններ մշակելով: Սուլթան Համիտ միսիոնարներու գործելակերպէն ներշնչուած` իր գահակալութեան մետասաներորդ պահուն Հանեֆի «միսիոնարներ» ուղարկած է դէպի արաբական երկիրներ:
Թաշճեան ժառանգուած յուշերը անսակարկ կը սեպէր «բերանացի պատմութիւն»: Պաստառի վրայ իշխող Տերինկիլ ներկայ էր սրահին մէջ, մինչդեռ պաստառի վրայ կծկուած Թաշճեան կը բացակայէր: Տերինկիլ չէր պահեր իր տարիքը, մինչդեռ Թաշճեանի հագուկապն ու մազերու մուգ երանգը ցոյց կու տային, որ ան կը ջանայ զեղչել իր տարիքը: Հարկ է, որ բեմադրիչը անդրադառնար, որ երկխօսութիւնը ակնյայտօրէն կը կաղայ, որովհետեւ ոտքերէն մին անհամեմատ թոյլ է: Այս կէտը եւս աննպաստ տպաւորութիւն կը ստեղծէ օտար հանդիսատեսի մօտ: Ժապաւէնը վերջին հաշուով ուղղուած է անո՛նց: Պեզճեան կ’ըսէ, թէ ինք երբեք չի մտահոգուիր այն հարցով, թէ ո՞վ է իր հանդիսատեսը (9): Քարոզչական նպատակով վաւերագրական ժապաւէններ արտադրողի մը համար այս կեցուածքը կարելի չէ առաքինութիւն համարել:
Պատկերներու լեզուն.- Կային չափազանց հասկնալի պատկերներ: Բացման տեսարանին մէջ, օրինակ, կը տեսնենք Այնճարի փողերախումբը: Այդ կը խորհրդանշէ գաղթակայանի դժուար յաղթանակը մահուան վրայ:
«Արմէն» ճամբարի բակին մէջ կախուած էր մէկ ձեռք մանկական լուացք, որ կրնար միայն պատկանիլ այդտեղ ապաստանած թուրք փոքր ընտանիքին: Որբանոցը այժմ կիսաքանդ է (տե՛ս կողքի նկարը): Պատկերը թերեւս ակնարկութիւն է Կիւլենկիւլ Ալթընթաշի վերը յիշուած «Մի՛ կորչիք, երեխանե՛ր» ժապաւէնին:
Երբ երկու այցելուները միաբան վարդապետի ընկերակցութեամբ կը շրջէին վարժարանին մէջ, մենք կը լսէինք շատրուանի կլկլոց: Քամերան հեռու էր դերակատարներէն: Ապա քամերան յանկարծ վերէն մօտեցաւ (իմա` խոնարհեցաւ) որբերու անշուք շիրիմներուն: Պեզճեան ուրեմն ինքզինք հոգեպէս հեռու կը զգայ շքեղ ապարանքէն եւ կը խոնարհի օտար որբանոցի մէջ անհետացած մանուկներուն առջեւ: Շատ հասկնալի:
Մնացեալ պատկերները, մոնթաժը եւ նոյնիսկ ձայնը նուազ հասկնալի էին: Կային պատկերներ, որոնք կը մտահոգեն զիս, որովհետեւ Պեզճեան կը պնդէ, որ իր ժապաւէններուն մէջ «ոչինչ պատահական ընտրուած է, ամէն ինչ իրարու կապուած է, եւ ժամանակի ու տեղի զննում կայ իմ ժապաւէններուս մէջ» (9):
Կու տամ քանի մը օրինակ.
Հայ-թուրք երկխօսութիւնը կ’ընթանար փոշոտ ապակիներով փոքր սենեակի մը մէջ: Հայ Թաշճեան ըսաւ, որ որբերու մասին ճշգրիտ տեղեկութիւն չունի: Քամերան ցոյց տուաւ փոշոտ եւ աղօտ պատուհանը: Ապա դուրս եկան դէպի ընդարձակ բակ, եւ արեւու վառ լոյսին տակ թուրք փրոֆեսէօր Տերինկիլ փաստաթուղթեր ի յայտ բերաւ, կարդաց պատմական տուեալներ եւ լուսաբանեց հանդիսատեսը: Ինչպէ՞ս մեկնաբանել այս մտահոգիչ ակնարկը: Ի դէպ, իմ անձնական կրկնուող փորձառութենէս դատած` Պեզճեան առհասարակ գոհացուցիչ պատասխաններ չի տար նման հարցերու:
Խօսակիցներէն մէկը, օրինակ, դուրս եկաւ քատրէն, բայց քամերան շարունակեց նկարել անոր թափուր աթոռը, մինչ մենք կը լսէինք Սմբատ Շահազիզի «Երազ»-ը: Այդ աթոռը որեւէ հանգամանք չունէր: Խօսակիցը քիչ ետք կրկին յայտնուեցաւ: Ի դէպ, այդ երգը կը լսուէր ժապաւէնի ամբողջ ընթացքին: Ինչպէ՞ս հասկնալ: Միթէ «արտասուքը հոսում էր, բայց այդ բոլորը ափսոս որ երա՞զ էր»: Ինչպէ՞ս հասկնալ:
Պուրճ Համուտի հայ խանութպանի ցնցիչ վկայութիւնը ցոյց տալէ ետք քամերան ցատկեց դէպի ֆրանսական արխիւի նկարներ: Բայց այդտեղ փաստաթուղթերը կը գտնուէին փակ տուփերու եւ փակ դարաններու մէջ: Այսինքն հեռու էին հանդիսատեսէն, ոչինչ կ’ըսէին: Աւելի՛ն. ժապաւէնի բոլոր փաստագիրները լուռ հեռու էին եւ հեռու` հանդիսատեսէն: Արդեօք այս պէտք է հասկնալ խորհրդանշակա՞ն իմաստով: Միթէ միակ վաւերական պատմութիւնը վերապրողներէն ժառանգուած յուշե՞րն են:
Աւարտական տեսարանին մէջ հին օրերու «ֆանֆար»-ը կը ներբողէ մաշած փոխադրակառք մը (փոքրիկ van), որ «ժառանգ» մնացած է որբերէն մէկու յաջորդներուն, թերեւս` որպէս ապրուստի միջոց: Օգնեցէ՛ք, տիկնայք եւ պարոնայք, ինչպէ՞ս հասկնալ: Չէ՞ որ «ոչինչ պատահական ընտրուած է»…
Ժառանգուած ասքը.- Ժապաւէնի ցուցադրութեան ընթացքին կը կրկնուի այն վարկածը` իբր գնդապետ-բժիշկ Ռիզա պէյ, որ թուրքերու նահանջէն ետք մնացած էր որբանոցին մէջ, իր շուրջ հաւաքած է որբերը, «խոստովանած», թէ ինք անկարող է կատարել իրեն տրուած պարտականութիւնը` թունաւորելով սպաննել երեխաները: Ապա հարց տուած է երեխայի մը. «Տղա՛ս, Էնվեր, քու հայկական անունդ ի՞նչ էր», (տղան իբր թէ բարեւի կեցած) «Թորոս էր, էֆենտի՛մ», «Այժմ նորէն Թորոս ես»: Այսպէս կը դիմէ նաեւ այլ տղոց, ապա կը յայտարարէ` «Այսուհետեւ բոլորդ հայեր էք»:
Կը ծագին շարք մը հարցականներ: Վարժարանի տնօրէն հայր Էմիլ Ժոփեն, հիմնուելով հաստատութեան արխիւներուն վրայ` 1947 թուին յայտնած է, որ որբերուն տրուած թրքական անունները ձեւական նմանութիւն ունեցած են անոնց հայկական անուններուն: Այդ հաւանաբար հիմնուած էր օրուան հոգեբաններու թելադրութեան վրայ: Այսպէս, օրինակ, Սարգիս Սաֆարեան վերածուած էր Սաֆուաթ Սիւլէյմանի: Տեղեկութիւնը յիշուած է «Ազդակ»-ի յաւելուածին մէջ (4): Թորոսը, ուրեմն, չէր կրնար վերածուած ըլլալ Էնվերի: Էնվեր անունը ինծի եւ հաւանաբար բոլոր հայերուն համար ամէնէն ատելի անունն է: Այս կը թելադրէ, որ այդ յուշը «խմբագրուած» է: Ի դէպ, յուշը անոր կ’ակնարկէ որպէս ոչ զինուորական դեղագործ: Ժապաւէնը չի փորձեր քննական մօտեցում ցուցաբերել:
Ռիզա ձերբակալուած է դաշնակիցներուն կողմէ եւ` անհետ կորսուած: Միթէ հնարաւոր չէ՞, որ ան պատեհապաշտ մըն էր, որ գործակցեցաւ Ճեմալ փաշայի 3 հարիւր հազար հայ որբեր թրքացնելու ահաւոր ծրագիրին: Ապա երբ տեսաւ, որ անկումը անխուսափելի է, եւ զգաց, որ դաշնակիցներ շուտով պիտի գրաւեն քայքայուած Թուրքիան, փորձեց անցնիլ յաղթողի բանակավայրը: Այդ նպատակով հնարեց թունաւորումի վարկածը: Դաշնակից ուժերու քննիչները հաւանաբար հալած իւղի նման չեն կլլած թրքացման գործօն մասնակցութիւն բերած իթթիհատական սպայի մը յուզիչ «խոստովանութիւն»-ը:
«Այսուհետեւ»-ի մէջ տեղ գտած 3 կամ 4 յուշերը քիչ բան կ’աւելցնեն արդէն իսկ գոյացած մեր հաւաքական յիշողութեան: Հայցը այժմ անոնց արժեւորումն է համահունչ ժամանակակից հոգեբանական տեսութիւններու: «Այսուհետեւ»-ի մէջ անձնապէս չնկատեցի նման մտահոգութիւն:
Խոցահար վերապրողներու յուշերը կարելի չէ որպէս իրաւական վկայութիւն ընդունիլ` առանց զանոնք վերծանելու: Լաւ կ’ըլլայ, որ այդ պարտականութիւնը ստանձնենք մենք: Այլապէս, օտարներ շատ դիւրաւ կրնան ջրել զանոնք որեւէ դատական գործի ընթացքին: Ինչպէս վերը յիշած էի, ճարպիկ փաստաբաններ այս ձեւով արդէն իսկ փրկած են եւ կը շարունակեն փրկել «պատերազմական» ոճրագործներ:
Կողքի լուսանկարին մէջ տեսնուող «բախտաւոր» որբերէն մէկը մայրս է, որ ապրեցաւ լոկ անցեալի յուշերով: