Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17132

Հայրենի Կեանք

$
0
0

ՀՅԴ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները
Հանդիպում Ունեցած Են
Սփիւռքի Նախարարին Հետ

0513haitad-diaspora

Մայիս 12-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի եւ յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ներկայացուցիչները` Վերա Եագուպեան` Լիբանան, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` Քանատա, Կարին Յարութիւնեան` Քանատա-Հայաստան, Սթիւ Տէտէեան` Արեւմտեան Ամերիկա, Վաչէ Շամլեան` Քանատա եւ Վահէ Թորոսեան` Իրան:

Ողջունելով հիւրերը` Հրանուշ Յակոբեան մեծապէս արժեւորեց ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի եւ յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու հայանպաստ գործունէութիւնը, յատկապէս` այս անհանգիստ եւ տագնապալի օրերուն հայրենիքին հետ ըլլալու եւ օժանդակելու պատրաստակամութիւնը: Ան յատկապէս նշեց. «Վստահ եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման հարցը եւս համահայկական մեծ աւանդ ունեցող կառոյցի ամէնօրեայ հոգածութեան առարկայ է, եւ այս օրերուն չէր կրնար Արցախի մէջ չգտնուիլ: Համոզուած եմ, որ ձեր ներկայութիւնը ոգեւորող էր»:

Խօսելով այս օրերուն Արցախի մէջ տեղի ունեցած Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովին մասին` Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին եւ աւելցուց. «Մենք ալ ո՛չ միայն ոգեւորուեցանք, այլ նաեւ 60 մասնակիցներս լիցքաւորուած վերադարձանք Երեւան: Կը կարծեմ, թէ ժողովը Արցախի մէջ գումարելը կարեւոր էր»:

ՀՅԴ Հայ դատի ներկայացուցիչները անդրադարձան Արցախէն ստացած իրենց տպաւորութիւններուն, քննարկեցին Արցախի ներկայ իրավիճակը եւ անոր կապուած հարցերն ու կատարուելիքները: Խօսուեցաւ Հայաստան եւ Քանատա հաստատուած սուրիահայերուն հարցերուն մասին, եւ ճշդուեցան աջակցութիւն ցուցաբերելու կարելիութիւնները:

Յայտարարուեցաւ Հռոմի Պապին
Այցելութեան Օրակարգը

Հռոմի-պապ-Ֆրանցիսկոս1

Հռոմի սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապի Հայաստանի այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ յունիս 24-ին: Այս մասին հաղորդեցին Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:

Այցելութեան ծիրին մէջ Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական դիմաւորման արարողութիւն, որմէ ետք պապը պիտի երթայ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին. մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ բարի գալուստի` «Հրաշափառ»-ի արարողութիւնը:

Նոյն օրը երեկոյեան սրբազան քահանայապետը Հայաստանի նախագահին նստավայրին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, ապա Հայաստանի իշխանութիւններու, հասարակութեան եւ դիւանագիտական անձնակազմի ներկայացուցիչներու հետ:

Այցելութեան առաջին օրը պիտի աւարտի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ կայանալիք Ֆրանչիսկոս պապի եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հանդիպումով:

Յունիս 25-ի առաւօտեան սրբազան քահանայապետը պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդ` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր եւ թանգարան: Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոս այնուհետեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ պիտի մեկնի Գիւմրի, ուր սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Վարդանանց հրապարակին վրայ:

Գիւմրիի մէջ Հռոմի պապը նաեւ պիտի այցելէ Անարատ յղութեան Հայ քոյրերու միաբանութեան «Տիրամայր Հայաստանի» կուսատուն, Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջնորդանիստ Եօթ Վէրք Ս. Աստուածածին եկեղեցի եւ Սրբոց Նահատակաց հայ կաթողիկէ մայր եկեղեցի: Նոյն օրը երեկոյեան Երեւանի մէջ` Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, տեղի պիտի ունենայ ընդհանրական արարողութիւն եւ Խաղաղութեան աղօթք:

Յունիս 26-ին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ պապը հանդիպում պիտի ունենայ հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու հետ, պիտի մասնակցի Ս. պատարագի արարողութեան եւ ընդհանրական ճաշկերոյթի` Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի, Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսներու եւ եպիսկոպոսներու, հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոսներու եւ եպիսկոպոսներու ու պապական պատուիրակութեան հետ:

Ապա Ֆրանչիսկոս պապը հանդիպում պիտի ունենայ Հայ եկեղեցւոյ պատուիրակներու եւ բարերարներու հետ:

Հռոմի սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապը եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը պիտի ստորագրեն միացեալ յայտարարութիւն: Հովուապետները նաեւ աղօթք պիտի մատուցեն Խոր Վիրապի վանքին մէջ:

Նոյն օրը Հռոմի սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապը Երեւանէն պիտի վերադառնայ Հռոմ:

Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Վահան
Յովհաննիսեանի Յիշատակին Նուիրուած
«
Քաղաքը» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Vahan_51816

Երեւանի տարածաշրջանային թիւ 1 քոլեճի տնօրէն Պարոյր Սանթրոսեան, որ նաեւ երկար տարիներ աշխատած է հասարակական-քաղաքական գործիչ Վահան Յովհաննիսեանի հետ, ներկայացուցած է պատմուածքներու «Քաղաքը» գիրքը` զայն նուիրելով Վահան Յովհաննիսեանի յիշատակին:

Հեղինակը պարբերաբար համացանցի վրայ հրապարակած է իր պատմուածքները: Հետագային ընկերներու, հարազատներու յորդորով որոշած է զանոնք մէկտեղել ժողովածուի մը մէջ:

Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցած է նաեւ գիրքի երեք պատմուածքներու հիման վրայ պատրաստուած «Լուսաբացին» թատրերգութեան անդրանիկ ներկայացումը, որուն բեմագիրը եւ բեմադրիչը նոյնպէս Պարոյր Սանթրոսեանն էր:

«Կը կարծեմ, որ ամէն ոք այս գիրքին մէջ պիտի գտնէ իրեն համար հետաքրքրական թուացող պատմութիւն մը: Նշեմ, որ յուշեր կան Վահան Յովհաննիսեանի մասին: Բայց այդ յուշերուն մէջ զայն ներկայացուցած եմ ոչ թէ իբրեւ քաղաքական գործիչ, այլ` մարդ, ընկեր, երեւանցի, սովորական քաղաքացի: Գիրքին մէջ տեղ գտած իւրաքանչիւր պատմուածքի մէջ ձեւով մը անպայմանօրէն առնչութիւն ունեցած եմ ես: Թերեւս չափազանցուած կամ գունազարդուած գրած եմ այդ յուշերուն մասին, բայց յոյսով եմ, որ ընթերցողը նպատակակէտս կը գտնէ անոր էջերուն մէջ», նշած է Պարոյր Սանթրոսեանը:

Յայտնենք, որ շնորհահանդէսի ընթացքին, գիրքի վաճառքէն գոյացած եկամուտը փոխանցուած է Տաւուշի մարզի Բաղանիս գիւղի միջնակարգ դպրոցին:

«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը Կը Համագործակցի
«
Թրանսփերընսի Ինթըրնեշընըլ»
Փտածութեան Դէմ Պայքարող Կեդրոնին Հետ

IMG_0496

«Թրանսփերընսի ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Վարուժան Հոկտանեանն ու փտածութեան դէմ պայքարի մասնագէտ Խաչիկ Յարութիւնեանը «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր գրասենեակին մէջ հանդիպում ունեցան ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի եւ ընկերութեան աշխատակիցներուն հետ` քննարկելով «Քաղաքացիներուն դերը փտածութեան դէմ պայքարին մէջ» նիւթը:

Ռալֆ Եիրիկեան այս առիթով ըսաւ, որ փտածութեան դէմ պայքարի համակարգի առկայութիւնը եւ գործադրութիւնը նման է առողջ ապրելակերպի կանոններուն հետեւելու: Ընկերութիւնը նման է կենդանի օրկանիզմի. առողջութիւնը պահպանելու համար անհրաժեշտ է հետեւիլ որոշ կանոններու` զերծ մնալ վտանգաւոր սովորութիւններէ, նուազեցնել առողջութեան վտանգները եւ պարբերաբար ստուգել առողջական վիճակը` հաւանական հիւանդութիւններու կանուխ բացայայտման եւ կանխարգելման համար, յատկապէս եթէ ատիկա կը վերաբերի վտանգաւոր եւ վարակիչ հիւանդութեան` փտածութեան: Շատ աւելի դիւրին է կանխարգիլել հիւանդութիւնը, քան` պայքարիլ անոր հետեւանքներուն դէմ, յայտնեց Ռալֆ Եիրիկեան:

Քննարկման սկիզբը անդրադարձ կատարուեցաւ փտածութեան դէմ պայքարի կառուցուածքին ու արդի խնդիրներուն: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ քննարկում` բանախօսներուն եւ աշխատակիցներուն միջեւ: Ներկայացուած են նաեւ փտածութեան դէմ պայքարին մէջ սեփական մարզը` ընդգրկելով մարտավարական-տեսական մօտեցումներ ու գործնական օրինակներ:

14,6 Միլիոն Եւրօ` Գիւմրիի
Արդիականացման Համար

Modernisation-of-Gyumri_51816

Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատունը պիտի ֆինանսաւորէ Հայաստանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքի` Գիւմրիի փողոցներու վերակառուցման ծրագիրը` տրամադրելով 14,6 միլիոն եւրօ արժող վարկ, որ պիտի յատկացուի հիմնական փողոցներու վերակառուցման եւ փողոցային լուսաւորութեան արդիականացման:

Վարկային համաձայնագիրը 11 մայիսին կնքուած է Լոնտոնի մէջ կայացած դրամատան տարեկան ժողովին ընթացքին` Հայաստանի փոխվարչապետ Վաչէ Գաբրիէլեանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կովկասի գծով դրամատան տնօրէն Ֆրանսիս Մալիժի կողմէ:

Փողոցներու վերակառուցման ծրագիրը պիտի ներառէ նոր կուպրապատ մայթեր, կատարելագործուած ենթակառուցուածք, հետիոտններու համար բարելաւուած յարմարութիւններ եւ ընդհանուր ճամբաներու անվտանգութեան բարելաւում:

Փողոցային լուսաւորութեան արդիականացումը պիտի ներառէ նոր` ուժանիւթ խնայող  լուսաւորութիւն, վերահսկողութեան եւ դիտարկման համակարգ, սիւներու փոխարինում եւ վերանորոգում, ինչպէս նաեւ` սնուցման ստորգետնեայ համակարգի փոխարինում:

«Այս կը կրճատէ ելեկտրականութեան ուժանիւթի սպառումը եւ նուազագոյնի կը հասցնէ շահագործման եւ արհեստագիտութեան սպասարկման ծախսերը, որուն շնորհիւ կը բարձրանայ սպասարկման որակը, եւ կը բարելաւուի բնապահպանական չափանիշներուն համապատասխանութիւնը: Կ՛ակնկալուի, որ լուսատիոտային նոր լուսաւորութիւնը զգալիօրէն կը կրճատէ ելեկտրականութեան ուժանիւթի սպառման ծախսերը, եւ այսպիսով կը յանգինք քաղաքապետարանի համար ելեկտրականութեան ուժանիւթի տարեկան ծախսերու խնայողութեան», նշուած է այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

«Այս կարեւոր ծրագիրը մեծապէս պիտի բարելաւէ Գիւմրիի բնակիչներու անվտանգութիւնն ու կեանքի որակը: Ասիկա նաեւ սեփական մարզի ներգրաւման միջոցով ենթակառուցուածքներու որակի բարձրացման հիանալի օրինակ է», ըսած է Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Մարք Տէյվիսը:

«Արուեստ Էքսփօ-2016» Միջազգային
2-
րդ Ցուցահանդէսը Երեւանի Մէջ

Arvest-Expo16_51816

Մայիս 17-ին, ՆՓԱԿ-ի մէջ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ, տեղի ունեցաւ «Արուեստ էքսփօ-2016» միջազգային 2-րդ ցուցահանդէսը: Այս նախաձեռնութեան կազմակերպիչը եւ գլխաւոր համադրողն էր հայրենադարձ նկարիչ Վագօ Արմէնօ Խախամեանը: Այս մասին տեղեկացուցած են սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ գրասենեակէն:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը նուիրուած եղած է Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին: Ցուցահանդէսին մասնակցած են 13 երկրէ 39 նկարիչներ: Ներկայացուած է աւելի քան 100 աշխատանք` գունանկարներ, գծանկարներ, քոլաժներ, քանդակներ, սերամիք, լուսանկարներ եւ այլն:

Աւարտեցաւ «Թատրոն X»
Համահանրապետական Փառատօնը

Tadron-X-_51816

2008 թուականէն ի վեր տեղի ունեցող «Թատրոն X» համահանրապետական փառատօնը այս տարի կայացաւ 15 ապրիլէն 9 մայիս:  Մասնագիտական յանձնախումբը դիտեց եւ քննարկեց մայրաքաղաքի եւ մարզերու 12 թատրոններու 14 ներկայացում: Փառատօնը եզրափակուեցաւ Էջմիածինի «Մաչանենց» գեղագիտական կեդրոնի պուրակին մէջ:

«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս տարուան փառատօնին մասին խօսելով` Ազգային թատերական ստեղծագործական միաւորման նախագահ Արա Խզմալեան ըսաւ. «Ժամանակ մը ես շատ յուսահատ էի, որովհետեւ ոչ մէկ շարժում կար, նոր ձեւեր չկային, թափթփածութիւն կար բեմին վրայ, բայց վերջին տարիներուն բարեբախտաբար կը տեսնեմ, որ կը փոխուի հայ թատրոնի դիմագիծը: Աւելի ճիշդ` ոչ թէ կը փոխուի, այլ կը ձեւաւորուի եւ նոր հայ թատրոնի դիմագիծ կը ստանայ»: Ան դիտել տուաւ, որ հայ թատերական կեանքին մէջ կան բազմաթիւ ոճեր, սակայն բոլորն ալ անկատար ու խակ վիճակի մէջ են եւ շփոթի կը մատնեն, թէ ի վերջոյ որն է թատրոնի հունը:

«Բայց վերջին շրջանին կը նկատեմ ներկայացումներ, որոնցմով մենք կը մօտենանք միջազգային թատերական փոխակերպումներուն: Անոնք այն ներկայացումներն են, որոնց մէջ կը գերիշխէ պարային, գեղանկարչական տարրը: Խոր համոզումով կը յայտնեմ, որ հոգեբանական թատրոնը ճգնաժամ կ՛ապրի ամբողջ աշխարհին մէջ, եւ այսօր առաջատար յառաջապահականները հոգեբանական թատրոնի ջատագովները չեն. այս չի նշանակեր, որ ներկայացումը սկսելէ առաջ հոգեբանական աշխատանք պիտի կատարուի: Բայց դրսեւորման նպատակը այլեւս հոգեբանութիւնը չէ», ըսած է Խզմալեան:

Արուեստագէտ Անուշ Ասլիբեկեանի համար կարեւոր է, որ թատերական աշխարհին մէջ ներկայիս աստիճանաբար ձեւաւորուին նոր հոսանքներ եւ ուղղութիւններ. «Մեծ, աղմկայարոյց գեղարուեստական որոնումներ կան: Պումեր, ցնցումներ պէտք չէ փնտռել հայ թատրոնին մէջ, որովհետեւ մեր միքրոթատերական աշխարհին մէջ երեք-չորս նոր շունչով, հետաքրքրական, թարմ մտածողութեամբ բեմադրիչներ արդէն իսկ բաւարար են համարելու, որ ընթացք կայ եւ` զարգացումներ»:

«Փառատօնը կը դառնայ աւելի բաց, աւելի տպաւորիչ, եւ քննարկումները կը կայանան շատ աւելի հետաքրքրական ձեւով: Կը կարծեմ, որ այսպիսով մենք կը հասնինք ամէնէն կարեւորագոյն նպատակին, երբ հանդիսականը եւս կը դառնայ ներկայացման ստեղծող կարեւորագոյն օղակներէն մէկը», ըսած է Ազգային թատերական ստեղծագործական միաւորման համահիմնադիր, Երեւանի Թումանեանի անուան տիկնիկային թատրոնի տնօրէն, բեմադրիչ Ռուբէն Բաբայեանը:

Հաղորդենք, որ փառատօնի փակման հանդիսաւոր արարողութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Թատրոն X»-ի նախագահ, արուեստագիտութեան թեկնածու Արա Խզմալեանի «Հարցականի ներքոյ» գիրքին շնորհահանդէսը:

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակին
Ինքնաշարժներ Նուիրած Են

«Պէյզ մեթըլզ» փակ բաժնետիրական ընկերութեան ղեկավարութեան կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակին նուիրուած է «Վազ» մակնիշի 10 ինքնաշարժ:

ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան Արցախի ամբողջ ժողովուրդին անունով իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնած է «Պէյզ մեթըլ»-ի ղեկավարութեան` նման օժանդակութեան համար:

Լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին «Վալլեքս» խումբի ընկերութիւններու նախագահ Վալերի Մեջլումեան ըսած է. «Ինչպէս համայն հայութիւնը, այնպէս ալ մեր աշխատակազմը ցուցաբերած է միասնականութիւն` պատրաստ աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակին: Իւրաքանչիւր աշխատակից իր ներդրումը բերած է` կամովին իր աշխատավարձէն մասնաբաժին յատկացնելով այդ նպատակին: Մեր աջակցութիւնը պիտի ըլլայ շարունակական», հաղորդած է «Արցախփրես»-ը:

VivaCell-MTS_logotype_high

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17132

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>