ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հայաստան եւ Արցախ կը շարունակէին շրջափակուած մնալ Ազրպէյճանի կողմէ, իսկ Խորհրդային Հայաստանի խորհրդարանը պահանջած էր Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդին միջամտութիւնը: Իր կարգին Ազրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին վրայ գերիշխանութիւն հռչակելով` ոտնակոխեց Արցախի ժողովուրդին եւ Մոսկուայի որոշումները:
Արդարեւ, Խորհրդային Ազրպէյճան 23 սեպտեմբեր 1989-ին որդեգրեց որոշում մը, որ Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը կը վերահաստատէր Լեռնային Ղարաբաղի վրայ:
Իր կարգին Քրեմլինի ղեկավար Միխայիլ Գորբաչով 25 սեպտեմբերին 48 ժամ պայմանաժամ տուաւ Խորհրդային Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարութեանց, որպէսզի Հայաստանի տնտեսական պաշարումի հարցը լուծուի:
Գորբաչովի պայմանաժամէն 24 ժամ ետք, դէպի Հայաստան եւ Արցախ որոշ կենսանիւթերու առաքումը սկսաւ: Մէկ օրուան մէջ ապրանքատար տասնմէկ շոգեկառքեր Հայաստան մտան կամ անկէ մեկնեցան: 290 վակոններէ բաղկացած եօթը շոգեկառքեր Հայաստան տարին մեքենաներ, շինանիւթ, թուղթ եւ հանքածուխ:
Խորհրդային փոխադրամիջոցներու պատասխանատու` ոստիկան ուժերու զօրավար Վլատիմիր Եգորով յստակ դարձուց, որ ի հարկին ուժ պիտի գործածուի Հայաստանի եւ Արցախի պաշարումը վերցնելու համար:
Հայաստանի ճարտարարուեստի մարզը շատ ծանր տագնապի մէջ էր, հում նիւթերու չգոյութեան պատճառով: Փողոցներէն անձնական ինքնաշարժները անհետացած էին եւ նոյնիսկ հիւանդատար եւ հրշէջ ինքնաշարժները բաժնեչափով վառելանիւթ կը ստանային: Սննդանիւթ վաճառող խանութներուն առջեւ երկար շարքեր կը կազմուէին:
Միւս կողմէ, խորհրդային բանակին պատկանող ուղղաթիռներ քառասուն թոն ալիւր, երեք թոն դեղ եւ երեք թոն փոշի կաթ փոխադրեցին Ստեփանակերտ:
* * *
Հայաստանի մէջ իրողական վիճակը կը մնար անփոփոխ եւ պաշարման ջնջումը լոկ ձեւական բնոյթ ունէր:
Ազերիներ թէեւ սկզբունքով Հայաստանի պաշարումը քակած էին, սակայն անոնք նոր մարտավարութեան մը դիմած էին: Անոնք շոգեկառքերով միայն շինանիւթ եւ շատ քիչ սննդանիւթ ղրկած էին, սակայն ոչ իսկ մէկ վակոն քարիւղ փոխադրուած էր: Ասիկա կը նշանակէր, որ փոխադրատար կառքերը ապրանքները չէին կրնար փոխադրել: Շատ մը խանութներ ամբողջովին պարապ կը մնային:
Միւս կողմէ, խորհրդային երկաթուղագիծերու նախարարութիւնը պահանջեց որ երեսուն շոգեկառքեր Հայաստան կենսանիւթ փոխադրեն: Այդ շոգեկառքերէն միայն տասնութը Երեւան հասան:
Կեդրոնական Ռուսիայէն հասած գետնախնձորը Ազրպէյճանի մէջ երեք շաբաթ արեւուն տակ մնալով` փճացած էր ու որդնոտած:
Երկրաշարժին հետեւանքով անպատսպար մնացած կէս միլիոն հայերուն վիճակը կը շարունակէր ծանր մնալ, աշնանային եղանակը հասած էր եւ անոնք ստիպուած պիտի ըլլային ձմեռը եւս վրաններու տակ անցընել, որովհետեւ շինանիւթի տագնապին պատճառով, բաւարար թիւով բնակարաններ չէին կառուցուած:
Իսկ քարիւղի տագնապը պատճառ դարձած էր որ Երեւանէն թռիչք առնող օդանաւերը շատ մօտիկ շրջաններ երթան միայն:
Ազերիներ յայտարարեցին, որ Հայաստանի պաշարումը հետեւանք է երկաթուղագիծի աշխատաւորներու գործադուլին, իբրեւ բողոք «Ազրպէյճանի ներքին հարցերուն հայերու միջամտութեան»: Անոնք նաեւ հայերէն պահանջեցին ներողութիւն խնդրել ազերիներէն, Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի միացնելու պահանջին համար:
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անասուններու կերը սպառած ըլլալով, ժողովուրդը սկսած էր զանոնք մորթել: Մսացուները կարելի չէր սպառել տեղւոյն վրայ, ոչ ալ արտածել:
Առօրեայ լրատուութեան մէջ «Ազդակ» օրին կը գրէր, որ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդը կ՛ապրին տագնապալի օրեր: Հայկական Հանրապետութեան եւ ինքնավար մարզին շուրջ ազերիներուն հաստատած պաշարման օղակին քանդումի մասին լուրերը պարզապէս երեւոյթները փրկելու կը ծառայէին, մինչդեռ Հայաստան ղրկուած արտադրութիւնները իրենց վրայ կը կրէին ազերիական հետքեր:
Այսպէս, Ազրպէյճանի ճամբով հասած շինանիւթը յաճախ անգործածելի էր, աւազն ու կրաղիւսը թաց վիճակի մէջ կը հասնէին Հայաստան, հետեւաբար` անգործածելի էին…
Ազերիները չէին արտօներ որ իրենց արտադրութիւնները` քարիւղ եւ թարմ ուտելիքներ Հայաստան ղրկուին:
«Ազդակ» կը նշէր նաեւ որ Հայաստանի եւ Արցախի վիճակը վատէն դէպի յոռեգոյնը կ՛ընթանան: Ազերիներու կողմէ Հայաստանի պաշարումը կը շարունակէր «խեղդել» երկիրը: Տագնապը սկսած էր ամբողջական դառնալ:
Միւս կողմէ, Պաքուի կայարանին մէջ մնացած ու վերջապէս ազերիներու կողմէ ազատ ձգուած շոգեկառքերը երբ Լենինական հասան, արդէն ամէն բան գողցուած, աւերուած ու քանդուած էր: Ուրիշ շրջաններէ ղրկուած պատրաստի բնակարանները կացինով կոտրուած էին: Ալիւրի հարիւրաւոր տոպրակներ ծակած էին:
* * *
Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը անգործութեան մատնուած էր եւ ապրանքներուն սակերը չափազանց բարձրացած էին, ինչ որ զարկ տուած էր սեւ շուկային: Այսպէս, օրինակ, թիթեղ մը պենզինի սակը հասած էր 100 ռուբլիի, այսինքն` բնական սակէն տասը անգամ աւելի:
Լեռնային Ղարաբաղ տանող բոլոր ճամբաները ազերիներու կողմ փակուած էին ու շրջանի պարենաւորումը միայն օդի ճամբով տեղի կ՛ունենար:
Ղարաբաղի սահմանին վրայ գտնուող լեռնային շրջաններուն մէջ ազերի զինեալներ դիրքեր հաստատած էին: Անոնք զինուած էին գնդացիրներով եւ ականներով:
Մինչեւ իսկ պետական ուժերու ընկերակցութեամբ կարաւանները չէին կրնար Լեռնային Ղարաբաղ հասնիլ:
Ազերի գիւղացիներ` կիներ, ծերեր եւ երեխաներ փողոց դուրս գալով կ՛արգիլէին կարաւաններուն անցքը: Կարգ մը գիւղացիներ մինչեւ իսկ բեռնակառքերուն անիւներուն առջեւ կը պառկէին եւ կը ստիպէին որ կարաւանները վերադառնան:
Ազերիներ նաեւ սկսած էին աւաններ կառուցել Հայաստանը Արցախէն բաժնող Լաչինի շրջանին մէջ, ուրկէ կ՛անցնի Գորիս-Ստեփանակերտ ճամբան:
Ղարաբաղի հայկական գիւղերը կանոնաւոր կերպով յարձակումի կ՛ենթարկուէին ազերի զինեալներու կողմէ: Հայկական բնակավայրերուն վրայ հրացանաձգութիւնը եւ հրձիգութիւնը առօրեայ երեւոյթներ դարձած էին:
Ազերիները որդեգրած էին հետեւողական յարձակումներու մարտավարութիւն, որուն դիմաց արցախցիք սկսած էին արդար ինքնապաշտպանութեան դիմել:
Հայաստանէն «Ազդակ» առօրեայ հետեւողականութեամբ թղթակցութիւններ կը ստանար, որոնք կարեւոր տեղեկութիւններ ու հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կը փոխանցէին շրջանի լարուած ու ծանրակշիռ կացութեան մասին:
* * *
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութիւնը ստանձնած էին կամաւոր հայ երիտասարդներ: Անոնք շրջանին մէջ անդադար կը շրջագայէին եւ պահակութիւն կ՛ընէին: Անոնք սովորաբար կը զգուշանային գլխաւոր ճամբաներէն, ուր կրնային խորհրդային բանակի հրասայլերուն հանդիպիլ:
Կամաւորներուն միակ նպատակը հայկական մեկուսացած գիւղերը եւ դաշտերուն մէջ աշխատող գիւղացիները պաշտպանելն էր: Անոնք զինուած էին որսի կամ հին հրացաններով, փոքր հին զէնքերով եւ դաշոյններով: Անոնք բոլորն ալ խորհրդային բանակի հին զինուորներ էին:
Խորհրդային բանակային ուժեր երբեմն կը փորձէին հայերը զինաթափ ընել: Ընդհանրապէս անոնք մեծ ճամբաներուն վրայ կը մնային եւ մեկուսացած ճամբաներուն կամ գիւղերուն չէին մօտենար: Անոնք ազերիներու ուղղաթիռները հսկողութեան չէին ենթարկեր, մինչդեռ հայերու ուղղաթիռները միշտ հսկողութեան տակ էին: Ազերիները հայերէն շատ աւելի լաւ զինուած էին:
«Ազդակ»-ի ղրկուած յատուկ թղթակցութիւն մը կը յայտնէր, որ մէկ կողմէ Ղարաբաղի հայկական գիւղերը ամէնօրեայ յարձակումներու ենթակայ էին, իսկ միւս կողմէ, նոր թափով կը շարունակուէին Ղարաբաղի մէջ ազերիական գիւղերու շինարարական աշխատանքները:
Խորհրդային բանակի հսկողութեան տակ, ազերի նորանոր ընտանիքներ կը հաստատուէին Ղարաբաղի ազրպէյճանական գիւղերուն մէջ: Խոջալուի մէջ յատկապէս, ազերիներու վերաբնակեցումը լայն ծաւալ ստացած էր:
* * *
Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդը 28 նոյեմբեր 1989-ին յատուկ քննարկման ենթարկեց Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը եւ տուաւ շարք մը որոշումներ:
Այսպիսով, Լեռնային Ղարաբաղը կը մնար Խորհրդային Ազրպէյճանի կազմին մէջ, կը լուծուէր Մոսկուայի ենթակայ կառավարման յատուկ կոմիտէն (Վոլսքիի յանձնախումբը) եւ կը վերականգնէին ԼՂԻՄ-ի մարզկոմն ու մարզխորհուրդը` լայն իրաւասութիւններով, սակայն Պաքուի ենթակայ մնալով:
«Ազդակ»-ին հասած յատուկ թղթակցութիւններ կը յայտնէին, որ Արցախը վերստին Ազրպէյճանի գերիշխանութեան ենթակայ դարձնող եւ 1989 յունուարի կարգադրութենէն երկչոտ ետդարձ կատարող Մոսկուայի որոշումը խոր ընդվզումով ընկալուած էր Արցախի եւ Երեւանի մէջ:
* * *
«Ազդակ», 1 դեկտեմբեր 1989-ի թիւով եւ «Մոսկուա դաւաճանեց Արցախին եւ Փերեսթրոյքային» խորագիրով խմբագրականով կ՛ըսէր, որ Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդը դաւաճանեց գորբաչովեան փերեսթրոյքային եւ կլասնոսթին, երբ որոշեց ջնջել Արցախի կառավարման յատուկ խորհուրդը եւ ինքնավար մարզը վերստին ենթակայ դարձնել ուղղակի Պաքուի անիրաւ իշխանութիւններուն:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ Գերագոյն խորհուրդը գործեց պատմական սխալ մը, որդեգրելով նոյնինքն ստալինեան իշխանութեանց օրերուն տրուած կամայական որոշումը, որ անտեսելով հայութեան եւ ինքնավար Արցախին` Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին կամքը, ինքնորոշման անվիճելի ու անսակարկելի անոր իրաւունքը` պատմականօրէն հայկական այս գօտին «նուիրած» էր Ազրպէյճանի:
«Ազդակ» կը նշէր ըսելով, որ Արքատի Վոլսքի եւ անոր գլխաւորած յանձնախումբը ոչինչ ըրին, Արցախի քաջարի ժողովուրդին վիճակն ու Պաքուի կիրարկած խտրական եւ հալածանքի քաղաքականութեան հետեւանքները դարմանելու համար:
«Ազդակ» կ՛աւելցնէր ըսելով, որ ազերիներու զինեալ բռնադատութիւնները` հայկական գիւղերու վրայ յարձակումները, օր-ցերեկով կատարուած կողոպուտը եւ մինչեւ իսկ Խորհրդային Հայաստանի սահմանէն ներս զինեալ թափանցումները պարզ ու ձեռնածալ հանդիսատեսի աչքով դիտուած էին այդ շրջաններուն հսկողութիւնը «յանձն առած» ոստիկան զօրքերուն կողմէ: Կը փորձուէր ինքնապաշտպանութեան ամէնէն տարրական իրաւունքն անգամ զլանալ քաջ արցախցիին, որ սակայն գիտէր, թէ ինչպէ՛ս պիտի պաշտպանէր ինքզինք եւ պիտի հետապնդէր իր իրաւունքները:
Արցախեան պահանջատիրութեան մէջ, կարելի չէ գտնել երկու հայ, որոնք իրարմէ տարբեր կարծիք ունենան, կ՛ընդգծէր «Ազդակ» եւ կ՛աւելցնէր. Արցախը կը պատկանի հայ ժողովուրդին, նման` հայապատկան բոլոր բռնագրաւեալ հողերուն: Փաստօրէն, Արցախի Ազգային խորհուրդի կազմութեամբ եւ անոր տուած որոշումով, Արցախը անջատուած էր Ազրպէյճանէն:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ բարեկարգչական քաղաքականութիւնը` փերեսթրոյքան, չէր կրնար գոյատեւել «երկու չափ-չորս կշիռ» գործելակերպով: Ընդունելի չէր, որ անիկա քաղաքական եւ տնտեսական բարեշրջում յառաջ բերէր Արեւելեան Եւրոպայի ու Պալթեան երկիրներուն մէջ, իսկ ետդարձի ու նահանջի աքթերու առիթ տար` Արցախի պարագային:
* * *
Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդին որոշումը ժողովրդային ընդվզումի եւ բողոքի պոռթկում մը բարձրացուց Արցախի եւ Հայաստանի մէջ:
Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը եւ Արցախի Ազգային խորհուրդը 30 նոյեմբեր 1989-ին միացեալ հանրապետութիւն հռչակեցին Խորհրդային Հայաստանն ու Արցախը:
Որոշումը որդեգրուեցաւ միացեալ նիստին մասնակցող ներկայացուցիչներուն ջախջախիչ մեծամասնութեամբ:
Բանաձեւը կ՛ըսէր, որ Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի ինքնորոշման փաստը:
Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհուրդը կը յայտարարեն հայկական միացեալ հանրապետութեան ստեղծումը, որմէ ետք Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան վրայ կը տարածուէին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիական իրաւունքները:
Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհուրդը պարտաւորութիւն կը ստանձնէին ներկայացնելու հիւսիսային Արցախի Շահումեանի բնակչութեան ազգային շահերը: