Մայիս 9-ն է: Համայն հայութիւնը կը տօնէ Շուշիի հերոսական ազատագրման 24-րդ տարեդարձը: Յառաջիկայ տարի արդէն պիտի նշենք Շուշիի յաղթանակին 25-ամեակը` քառորդ դարը, իսկ քանի մը օր ետք Համազգայինի «ԿԱՐԿԱՉ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբերը բեմ պիտի բարձրանան հանրութեան ներկայացնելու իրենց նոր երգացանկը:
Որքան ալ շատ ըլլան մեր ըսելիքները, այսօր բոլորիս մտասեւեռումը կը կեդրոնանայ մէկ կէտի` ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ՈՒ ԱՊԱԳԱՅԻ ՊԱՅՔԱՐԻՆ վրայ:
Հիմա Շուշիի մէջ, թէ այլուր մարդիկ հաւաքուած են ծաղիկներ զետեղելու մեր նահատակներու յուշակոթողներուն ու ոգեւորուելու անոնց թափած արեամբ նուաճուած պատմական յաղթանակով, մինչ մեր ազատատենչ այրերը կը տեսնենք Արցախեան սահմանապահ գիծի վրայ, ուր անցնող օրերուն մեր մարտական ոգին կրկին առկայծեց…
Ցաւօք, վերջին մարտերուն ապահովուած յաղթանակներուն կողքին ունեցանք նաեւ նահատակներ, որոնց շարքին կորսնցուցինք Շուշիի «ՎԱՐԱՆԴԱ» երգչախումբի նախկին սաներէն Սարգիս Գասպարեանը, որ իր կեանքը նուիրաբերեց եւ անգամ մը եւս ապացուցեց, որ «Լաւ ընկերոջ համար անգամ կեանքը կու տայ ղարաբաղցին» արտայայտութիւնը սոսկ երգի բառ չէ, այլ` պարզ ու խօսուն ճշմարտութիւն ®
Կրկնեմ` այժմ Արցախի մեր դիրքապահ բանակը անքուն գիշերներ կը լուսցնէ հայրենի սահմանագծի ապահովութեան ու մեր ժողովուրդի արժանապատուութեան անաղարտութեան համար: Հետեւաբար մինչ կը պատրաստուինք յառաջիկայ օգոստոսին Համազգայինի «ԱՅԳ» երգչախումբի հայաստանեան եւ արցախեան համերգներուն, «ԿԱՐԿԱՉ»-ի այս տարուան հայրենասիրական շունչով ողողուած մեր համերգը սիրով ու խոնարհումով կ’ընծայենք բոլոր անոնց, որոնք գերագոյն զոհողութեամբ իրենց կեանքը նուիրաբերեցին հայրենիքին, եւ անոնց, որոնք նաեւ մեր փոխարէն ինկածներուն զէնքը վերցուցած են ու կը կռուին բոլորի՛ս հայրենիքին համար…
Ձեր`
ՊԱՐՈՆ ԶԱՔԱՐ
9 մայիս 2016