ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆ
Գրեթէ դար մը առաջ` 1920-ական թուականներուն, հայ ազգը կորսնցուց իր պատմական հայրենիքէն հիմնական երեք տարածքներ` Արցախ, Նախիջեւան եւ Ջաւախք: Անշուշտ սոյն տարածքներու կորուստը յաջորդեց 1915-ին սկսած հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան եւ, ըստ այնմ, Արեւմտահայաստանի ամբողջական կորուստին: Արցախին ու Նախիջեւանին տրուեցան խորհրդանշական բնոյթի ինքնավարութիւններ Խորհրդային Ազրպէյճանէն ներս, իսկ, Ջաւախքը դարձաւ Խորհրդային Վրաստանի հողատարածքին մէկ մասնիկը:
Խորհրդային ու համայնավարական իշխանութեան ինը տասնամեակներուն ընթացքին Նախիջեւանը պարպուեցաւ իր հայ բնակիչներէն, սակայն Արցախն ու Ջաւախքը կրցան պահպանել իրենց հայկական մեծամասնութիւնն ու հայկական դիմագիծը: Խորհրդային Միութեան քայքայումէն անմիջապէս ետք ազրպէյճանական հայատեաց մոլուցքին իբրեւ հակադարձութիւն եւ պաշտպանուելու համար ազրպէյճանական բանակի յարձակումներէն` Արցախի հայութիւնը հիմը դրաւ անկախացած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան: Փաստօրէն, քառորդ դար ետք անկախ Արցախի սահմաններու պաշտպանութեան համար իւրաքանչիւր ազգային գիտակցութիւն ունեցող հայ այսօր պատրաստ է զոհաբերելու իր թանկարժէք կեանքը:
Սակայն Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիսարեւմտեան կողմը` պատմական Ջաւախքի տարածքին, տարբեր կացութիւն կը տիրէ: Դարաւոր հայ-վրացական եղբայրութիւնը առիթ չտուաւ, որ Արցախի նման ազգամիջեան բախումներ տեղի ունենան: Հայ բնակչութիւնը, ամբողջական անկախութեան փոխարէն, հետամուտ մնաց միայն ինքնավարութեան եւ յատկապէս` լեզուամշակութային եւ կրօնական ազատութիւններու ընդլայնման: Դժբախտաբար, այս զոյգ յատկանիշները, Եւրոխորհուրդին կողմէ առաջադրուած ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներ ըլլալով հանդերձ, Վրաստան` իբրեւ Եւրոխորհուրդի անդամ, պարտաւոր չզգաց պաշտպանելու զանոնք:
Աւելի՛ն. Վրաստանի մէջ կրօնական եւ լեզուական իրաւունքներու զարգացման դանդաղ գործընթացին հակառակ` մեծ քայլերով տեղի կ՛ունենայ Ջաւախքի տնտեսութեան թրքացումը: Թրքական ընկերութիւններու կողմէ ջրաելեկտրակայաններու կառուցումը եւ շրջանի տնտեսութեան տարբեր բնագաւառներու մէջ իր ունեցած դերակատարութեան հզօրացումը շրջանը վերածած են թրքական ազդեցութեան գօտիի: Պակաս չեն նաեւ թրքական նկրտումները շրջանէն ներս, զինուորական ներկայութիւն ըլլալու գծով:
Այս բոլորը աւելիով խոցելի կը դարձնեն Ջաւախքի արդէն իսկ տկար տնտեսութիւնը եւ առաւել կերպով թափ կու տան դէպի Ռուսիա աշխատաւոր ուժի անվերադարձ արտահոսքին: Այս բոլորին վրայ կ՛աւելնայ նաեւ մեցխեթ թուրքերու վերադարձը, յատկապէս` Ախալցխայի շրջան, որ արդէն իսկ կորսնցուցած է իր հայկական մեծամասնութիւնը:
Պատմական Ջաւախքի աւելի քան 125 հազար հաշուող միատարր հայութիւնը դժբախտաբար ենթակայ է նաեւ վարչաքաղաքական կառոյցի ճնշամիջոցներուն: Գիւղերու եւ քաղաքներու վարչաքաղաքական մարմիններու եւ երկրի խորհրդարանի հայկական ներկայացուցչութիւնները ծայր աստիճան խայտառակ պատկեր կը պարզեն: Ժողովրդագրական առումով, հայկական մեծամասնութիւն ունեցող շրջաններ, իրականութեան մէջ, քաղաքական ներկայացուցչական գետնի վրայ վերածուած են փոքրամասնութեանց: Իսկ պետական կառոյցներէն ներս վրացերէնին չտիրապետող հայերու գործազրկումը համատարած երեւոյթի վերածուած է:
Ընկերատնտեսական ու պատմամշակութային այս անարդարութեանց դէմ Ջաւախքի հայութիւնը կը պայքարի այնպէս, ինչպէս ան կը դիմագրաւէ իր խիստ եւ սառնամանիք ձմեռները: Ի տես այս կացութեան, ջաւախքցի Գուսան Ջիւանին պիտի երգէր` «Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՛երթան, վհատելու չէ, վերջ կ՛ունենան, կու գան ու կ՛երթան»:
Սփիւռքահայը` գիտակից Արցախի կենաց-մահու պայքարին, ինչպէս նաեւ` Ջաւախքի ընկերատնտեսական ու պատմամշակութային անարդարութեանց, պատրաստ է իր օգնութիւնը հասցնելու հոն, ուր կարիքը կը զգացուի: Դժբախտաբար բռնկած կը մնան նաեւ Սուրիոյ քաղաքացիական կռիւները, որոնք ահաւոր մարդկային ու տնտեսական կորուստներ կը պատճառեն տեղւոյն հայ համայնքին: Հոն եւս հասնելու գիտակից է սփիւռքահայութիւնը` իր սահմանափակ միջոցներէն բաժին հանելով բոլորին:
Այս օրերուն Արեւմտեան Ամերիկայի «Ջաւախք Ֆոնտ»-ի յանձնախումբը, իւրաքանչիւր տարուան նման, իր ընթացիկ դրամահաւաքի աշխատանքները կը կատարէ, որպէսզի կարենայ Ջաւախքէն ներս օժանդակել երիտասարդական կեդրոններու գործունէութեան եւ երիտասարդական դաստիարակչական ծրագիրներու իրագործման: Եկէք` զօրակցինք այս բարեսիրական եւ մշակութային բնոյթի կարեւոր ձեռնարկներուն:
Հայ ժողովուրդի իւրաքանչիւր հատուած կամ տարածք իր անփոխարինելի արժէքը ունի համայն հայութեան ընդհանրական անվտանգութեան ապահովութեան համար: Արցախը ռազմաքաղաքական առումով բացառիկ դերակատարութիւն ունի Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան համար, Ջաւախքը կ՛ապահովէ Վրաստանի չէզոքութիւնը արցախեան պայքարին գծով, Հայաստանի Հանրապետութիւնը սփիւռքահայութեան գոյատեւման անշէջ կրակն է, իսկ սփիւռքահայութիւնը` հայրենաբնակ հայութեան գօտեպնդման ու ներշնչման աղբիւր:
Բոլորս պէտք ունինք իրարու, եկէք` տէր կանգնինք մէկս միւսին: