Թուրքիոյ մէջ գործող հայկական «Նոր զարթօնք» կազմակերպութիւնը յայտարարութիւն մը կատարած է` դատապարտելով քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պոլսահայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի վրայ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ կատարուած յարձակումը:
Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը, անհանգստանալով ժողովուրդներու պայքարէն եւ համերաշխութենէն, այս անգամ իբրեւ թիրախ ընտրած է քրտամէտ կուսակցութիւնը ներկայացնող երեսփոխան:
«Իշխանութիւնները, որոնք կը ջանան քիւրտ ժողովուրդն ու անոր պայքարը մեկուսացնել եւ վարկաբեկել, այժմ պայքարը խորհրդարան հասցուցած են` յստակ դարձնելով իրենց այլատեաց էութիւնը», նշած է «Նոր զարթօնք»-ը` միաժամանակ ընդգծելով, որ Կարօ Փայլանն ու Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան միւս երեսփոխանները առանձին չեն:
Նախաձեռնող խումբի անդամները իրենց յայտարարութեան մէջ նշած են, որ իրենք կը հաւատան ժողովուրդներու հաւասարութեան, համերաշխութեան եւ միասնական պայքարին ու վճռական են այդ պայքարին մէջ:
Յիշեցնենք, որ մայիս 2-ին իշխանամէտ եւ քրտամէտ երեսփոխաններու միջեւ ծագած վիճաբանութեան ընթացքին Փայլան յարձակումի ենթարկուեցաւ իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ:
Փայլան պատմելով միջադէպին մասին` ըսած է. «Ակնյայտ էր, որ անոնք զիս թիրախ ընտրած էին», աւելցնելով, որ շուրջ 100 բռունցքի ու ոտքի հարուածներ ստանալու կողքին, իր հասցէին ուղղուած են ազգայնամոլ յայտարարութիւններ եւ ատելութեան խօսքեր:
«ԷՐՄԵՆԻՀԱՊԵՐ»