Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Հայ Դատի Յանձնախումբը Կարօ Փայլանի Անվտանգութեան Հարցով Դիմած Է Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին

$
0
0

Garo-Paylan_51316

Հայ դատի Միացեալ Նահանգներու յանձնախումբը կոչ ուղղած է Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պասին` հրապարակայնօրէն բարձրաձայնելու Միացեալ Նահանգներու մտահոգութիւնը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի անվտանգութեան հարցով:

Յանձնախումբի ղեկավար Արամ Համբարեան դեսպանին ուղղուած նամակին մէջ յիշեցուցած է, որ տարիներ առաջ ալ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւնը որեւէ մտահոգութիւն չյայտնեց Հրանդ Տինքի անվտանգութեան հետ կապուած, թէպէտ իրենք բազմիցս բարձրացուցած էին այդ հարցը:

«Այս ցաւալի փորձառութիւնը նկատի ունենալով` այժմ ժամանակն է, որ մեր կառավարութիւնը հրատապ կերպով եւ հրապարակայնօրէն իր մտահոգութիւնը յայտնէ Կարօ Փայլանի անվտանգութեան հարցով, ինչպէս նաեւ դատապարտէ Թուրքիոյ կառավարութեան մէջ եւ անկէ դուրս գտնուող բոլոր այն անձերը, որոնք ատելութիւն կը սերմանան խիզախ քաղաքացիական առաջնորդին դէմ, որ շիտակ եւ ազնիւ կերպով կը խօսի մարդու իրաւունքներու, հանդուրժողականութեան, բազմազանութեան եւ ցեղասպանութեան հարցերով», նշուած է դեսպանին ուղղուած նամակին մէջ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>