Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Քարոզչութիւնն ու արուեստը ձեւով մը իրարու հակադիր են: Արուեստի մէջ քարոզչութիւնը վնասակար տարր է, չըսելու համար, որ եթէ քարոզչութիւն է, ուրեմն արուեստ չէ: Իսկ արուեստի մէջ քաղաքական քարոզչութիւնը առաւել խանգարիչ է: Սակայն կը պատահի, որ քաղաքական ղեկավարներ եւ ուժեր երբեմն դիմեն արուեստի օգտագործումով քաղաքական քարոզչութեան: Այդ պարագային, եթէ արուեստը բարձրորակ է, տպաւորութիւնն ու ազդեցութիւնը այլ կ՛ըլլան: Թէեւ չեն պակսիր տարաբնոյթ մեկնաբանութիւնները: Ստորեւ` Փալմիրի մէջ վերջերս տեղի ունեցած դասական նուագահանդէսին մասին քանի մը թերթերու եւ լրատու միջոցներու «տպաւորութիւնները»…
Ն.
Փալմիրի Նուագահանդէսը. Փութին Սկսած Է
Յաղթել Քարոզչական Պատերազմը
Փալմիր քաղաքը, որ վերջերս ազատագրուեցաւ ՏԱՀԵՇ-էն, ռուսական սիմֆոնիք նուագախումբի ելոյթով վերադարձած է քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթի: Նուագահանդէսը, որուն խմբավարը Վլատիմիր Փութինի «մտերիմ գործակիցն» է, անշուշտ քարոզչութեան իրականացում էր. բայց ի՛նչ քարոզչութիւն:
Իսկապէս կը տխրիմ, որ արեւմտեան ոչ մէկ ուժ երբեւէ պիտի խորհի կազմակերպել այդպիսի ելոյթ մը: Այս հարցը կը ներկայացնէ աւելի խոր խնդիր մը մեր արտաքին քաղաքականութեան հետ. այսինքն մենք ի՞նչ բանի քարոզչութիւնը կ՛ընենք, ի՞նչ կը խրախուսենք:
«Արաբական գարուն»-ը սկսելէն ի վեր, շրջանէն ներս արեւմտեան քաղաքականութիւնը անդամալուծուած է` թափանցիկ, յստակ նպատակներու բացակայութեամբ եւ մեր սեփական գաղափարներուն հանդէպ անվստահութեամբ: Սուրիոյ մէջ մենք սիրաբանեցանք նախագահ Ասատը տապալելու համար, մինչ ոչ մէկ գաղափար ունէինք, թէ ատոր ի՛նչ կրնայ հետեւիլ, եւ այն կասկածը, թէ ամէնէն ուժեղ ընդդիմութիւնը իսլամականներն են (այս քաղաքականութիւնը շատ լաւ գործած էր Իրաքի մէջ): Վատագոյնը թէեւ հետեւեալն էր. արեւմտեան քաղաքականութիւնը խոչընդոտուած է մեր արժէքները Միջին Արեւելքի մէջ պարտադրելու ունակութեամբ, որովհետեւ մենք չենք գիտեր, թէ ի՛նչ են ատոնք: Ասիկա է պատճառը, որ Արեւմուտքը արտաքին քաղաքականութեան մէջ խորհրդապաշտութիւնը չի հասկնար: Իսկ հասկնալու պարագային, ատիկա միայն ուղղուած է շատ որոշ, շատ նոր արեւմտեան արժէքներուն: Ինչպէս մէկը «Թուիթըր»-ին մէջ նշած էր, միակ խորհրդապաշտութիւնը, որ Արեւմուտքի ղեկավարները կ՛առնչեն մեր արտաքին քաղաքականութեան, «հիժապ»- ով դպրոց յաճախող աղջիկ մըն է: Արեւմտեան արտաքին քաղաքականութիւն = սեռային հաւասարութիւն: Իգական սեռի կրթութիւնը թերեւս աշխարհի վրայ ամէնէն հրատապ հարցերէն մէկն է, բայց ես չեմ կրնար ըսել, որ ատիկա բաւարար է պատերազմ շղթայազերծելու համար:
Ի տարբերութիւն, այն տեսարանը, որ դասական երաժշտութիւնը կը նուագուի հնադարեան մեծ քաղաքի մը մէջ, որ վերջերս կը գտնուէր իսլամականներու տիրապետութեան տակ, զիս ուժգին կը հրապուրէ: Ատիկա յստակօրէն կ՛ըսէ, որ քաղաքակրթութեան համար հոս պատերազմ կը մղուի, եթէ նոյնիսկ «դրական կերպարները», այս պարագային, մարդկային իրաւունքները խախտելու սարսափելի տուեալներ ունին (եւ նաեւ կրնան «ժխտական կերպարներուն» մեղսակցած ըլլալ դաւադրութեան մէջ):
Կրնա՞ք պատկերացնել, թէ արեւմտեան որեւէ իշխանութիւն կրնայ մշակութային այս ինքնավստահութիւնը ունենալ` այսպիսի հնարք մը իրականացնելու համար: Օ՜հ, տեղական այաթոլլային հարցնենք, թէ նախ ինք կ՛արտօնէ՞: Խորհրդապաշտութիւնը կարեւոր է. Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան շրջանին Իրաքի մէջ արտօնուեցաւ տասնեակներով եկեղեցիներու դէմ յարձակումներն ու քանդումները, եւ ամերիկացի առաջնորդներ ամէն ինչ ըրին նսեմացնելու համար ատիկա:
Բաղդատած Սուրիոյ, ուր քրիստոնէական Մաալուլա գիւղը, երբ ազատագրուեցաւ երկրի բանակին կողմէ, նախագահ Պաշար Ասատ ցուցադրական այցելութիւն մը տուաւ գիւղի չորրորդ դարուն կառուցուած եկեղեցին, ուր կանգնեցաւ փլատակները վերանորոգող վանականներուն կողքին:
Փութինի բազմաթիւ հնարքները արեւմտեան աչքերուն կը թուին խառնուրդ մը պարզունակութեան եւ ինքնաբուխ տարփականութեան: Սակայն Փութին կը հասկնայ խորհրդապաշտութիւնը, եւ թէ` ատիկա ինչպէ՛ս կ՛արտացոլացնէ մշակութային վստահութիւն: Ռուսիոյ նախագահը խոր հաւատք կը ցուցադրէ ուղղափառ հոգեւորականներու ներկայութեան, եւ ան նոյնիսկ Վատիկանի մէջ համբուրեց Մատոնայի սրբապատկերը: Արեւմտեան ոչ մէկ առաջնորդ այդպէս պիտի ընէր, խորհելով, որ ծիծաղելի կը դառնայ, նոյնիսկ եթէ կը հաւատայ: Բայց քարոզչութեան խնդիրը այն է, որ չէք կրնար ատիկա կեղծել: Արեւմտեան քարոզչութիւնը դատարկ է, թերեւս անոր համար, որ մեր ղեկավարները միայն կը հաւատան այնպիսի արժէքներու, որոնք կ՛առնչուին հաւասարութեան եւ միասեռականներու իրաւունքներուն: Շա՛տ բարի եւ շա՛տ լաւ, սակայն մարդիկ այդ տեսակ բաներու համար չեն պատրաստուիր պատերազմելու եւ մեռնելու: Եւ արդարեւ, այդպիսի գաղափարները կախեալ են արեւմտեան ինքնավստահութեան աւելի ընդարձակ պահպանումէն:
ԷՏ ՈՒԵՍԹ
«ՍՓԵՔԹԷՅԹՐ»
Փալմիր Կը Հիւրընկալէ Ռուսական
Նուագահանդէսը
Քաղաքի Վերատիրացումէն Ետք
… Նուագահանդէսին հիւր թաւջութակահարն էր Սերկէյ Ռոլտուկին, որ գեղարուեստական ղեկավարն է Ս. Փեթերսպուրկի երաժշտական տան, եւ` Վլատիմիր Փութինի լաւագոյն ընկերը: Անցեալ ամիս «Փանամական փաստաթուղթերը» բացայայտեցին, որ Սերկէյ Ռոլտուկին միլիոնաւոր տոլարներ շահած է արտասահմանեան ապօրինի (օֆշորային) գործարքներէ: Ռոլտուկինի Փալմիր ուղեւորութիւնը ամէնէն ուժգին նշանն էր այն փաստին, որ արուեստագէտը պաշտօնական շնորհի կը շարունակէ արժանանալ:
Սոչիէն ուղղակի պատկերասփռուեցաւ Փութինի խօսքը: Ամփիթատրոնի գլխաւոր բեմին վրայ տեղադրուած պաստառէն, Փութին ողջունեց «Փալմիրի ազատագրութեան գործողութիւնը»: Ան ըսաւ, որ նուագահանդէսը նուիրուած է «ահաւոր չարիք` միջազգային ահաբեկչութեան զոհերուն»: Սեւ շապիկ հագած եւ արեւու ճառագայթներէն պաշտպանուելու համար պէյսպոլի սպիտակ գլխարկ դրած` Կէորկիեւ ըսաւ. «Մենք կը բողոքենք բարբարոսներու դէմ, որոնք քանդեցին համաշխարհային մշակոյթի սքանչելի կոթողները: Մենք կը բողոքենք մարդոց սպանութիւններուն դէմ, որոնք այս մեծ բեմին վրայ իրականացուած են»:
Նուագահանդէսը ուղղակի պատկերասփռեցին ռուսական պետական կայանները, որոնք նաեւ ցուցադրեցին Սուրիոյ մէջ ռուսական միջամտութիւնը, որ Պաղ պատերազմէն ի վեր առաջինն էր Խորհրդային Միութեան սահմաններէն դուրս: Անոնք այդ միջամտութիւնը անուանեցին «ահաբեկիչներու դէմ մարդասիրական գործողութիւն»: Քրեմլին կ՛ըսէ, որ ռուսական ռմբակոծումներէն սուրիացի ոչ մէկ քաղաքային սպաննուած է: Մարդկային իրաւանց պաշտպան խումբեր թէեւ կը պնդեն, որ ռուսական կործանիչներ վերջին վեց ամիսներուն աւելի քան 2000 քաղաքայիններ սպաննած են շուկաներու, հիւանդանոցներու եւ դպրոցներու վրայ յարձակումներու ընթացքին:
Կէորկիեւ` Լոնտոնի սիմֆոնիք նուագախումբին նախկին խմբավարը, Փութինի վիճայարոյց եւ անկեղծ կողմնակիցն է: Ան խանդավառ կերպով պաշտպանած եւ աջակցած է Փութինի թեկնածութեան` նախքան Ռուսիոյ 2012 թուականի նախագահական ընտրութիւնը: Ան նաեւ զօրակցութիւն յայտնած է պաշտօնական այն քայլերուն, որոնք կ՛արգիլեն, ըստ Ռուսիոյ իշխանութիւններուն, «միասեռական քարոզչութիւնը»: Խմբավարը անցեալին ալ մասնակցած է հայրենասիրական մեծ ձեռնարկներու: 2008 -ին ան ներկայացուց Շոսթաքովիչի «Լենինկրատի թիւ 7 համանուագ»-ը, քարուքանդ եղած Հարաւային Օսեթիոյ մայրաքաղաք Ցխինվալիի մէջ: Այս հանդիսութեան հետեւեցաւ ապստամբ շրջանը վերագրաւելու Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի կործանարար փորձը, որ հրահրեց ռուսական պատժիչ ներխուժումը:
Մարդկային իրաւանց պաշտպան գործիչ Փիթըր Թաչել 2013-ին ներխուժեց Լոնտոնի սիմֆոնիք նուագախումբի Պերլիոզի գործերու նուագահանդէսներու եղանակի բացման երեկոյի սրահ` բողոքելու խմբավարին դէմ, Փութինին աջակցելուն համար: «Կէորկիեւ մեծ խմբավար է, բայց կը մեղսակցի բռնատէրին»,- պոռաց Թաչել հանդիսատեսներուն: Յաջորդ տարին Կէորկիեւ ներկայացաւ Սոչիի ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու փակման հանդիսութեան եւ իր խմբավարութեամբ նուագախումբը նուագեց Ռուսիոյ ազգային քայլերգը:
Փալմիրի նուագահանդէսը տեղի ունեցաւ հռոմէական այն նոյն թատերասրահին մէջ, ուր «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորումը իր գերեվարած սուրիացի զինուորները սպաննեց նոյեմբերին : ՏԱՀԵՇ-ի անդամ պատանի մը զինուորներուն գլուխներուն կրակեց մօտիկ տարածութենէ: Անոնց մարմինները ապա յայտնաբերուեցան հաւաքական փոսի մը մէջ:
10 ամսուան գրաւումին ընթացքին, ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները քանդեցին եւ պայթեցուցին Փալմիրայի քանի մը ամէնէն յայտնի կառոյցները, որոնց շարքին` Բելի տաճարը եւ Յաղթանակի կամարը: Այլ կարեւոր հնագիտական փլատակները, ինչպիսիք են թատերասրահը եւ Ակորան, փրկուած են:
Ըստ մասնագէտներու, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկագրած կառոյցներու քանդումը նախապէս կարծուածին չափ գէշ չէ: Ռուս սակրաւորները շրջանը ականազերծեցին` օգտագործելով մարդամեքենայ սարքեր:
ԼԻՒՔ ՀԱՐՏԻՆԿ
«Կարտիըն»
Փալմիրի Համանուագը
Ռուսիոյ Մարինեան թատրոնի սիմֆոնիք նուագախումբը, ղեկավարութեամբ աշխարահռչակ երաժիշտ, խմբավար Վալերիա Կէորկիեւայի, ելոյթ ունեցաւ սուրիական հնադարեան Փալմիր քաղաքի պատմական ամփիթատրոնին մէջ: «Աղօթք` Փալմիրի համար: Երաժշտութիւնը կը կենդանացնէ հին պատերը» խորագիրով նուագահանդէսը նուիրուած էր Փալմիրի մէջ բոլոր զոհուածներուն, որոնց շարքին` Փալմիրի պաշտպան Խալետ Ասատին եւ ռուս սպայ Ալեքսանտր Փրոխորենքոյին: Նուագահանդէսին մասնակցեցաւ թաւջութակահար, Ռուսիոյ ժողովրդական արուեստագէտ Սերկէյ Ռոտուլքին: Նուագահանդէսին ընթացքին հնչեցին Փրոքոֆիեւի, Պախի, Շետրինի ստեղծագործութիւնները: Հանդիսութեան ներկայ էին` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պաշտօնական պատուիրակութեան ներկայացուցիչները, Ռուսիոյ մշակոյթի նախարար Վլատիմիր Մետինսքինը, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլովը եւ Սուրիոյ մշակոյթի նախարար Իսամ Խալիլին:
Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ կառավարական ուժերը մարտին ամբողջութեամբ ազատագրած են Փալմիր քաղաքը, որ աւելի քան տարիէ մը ի վեր կը գտնուէր «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման հակակշիռին տակ:
«ՌԻԱ ՆՈՎՈՍԹԻ»
Թաւջութակահար Սերկէյ Ռոտուլքին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հին ընկերն է եւ անոր աւագ դստեր կնքահայրը: Անոր անունը նաեւ յիշատակուած է հետաքննող լրագրողներու միջազգային մարմինի նիւթերուն մէջ, ըստ որոնց, երաժիշտը ունի արտասահմանեան երկու ընկերութիւն եւ հեղինակն է շարք մը կասկածելի գործարքներու:
«Պի. Պի. Սի.»
Փալմիր պատմական քաղաքին մէջ հայրենասիրական տօնակատարութիւն կազմակերպուեցաւ Սուրիոյ կառավարական ուժերու կողմէ: Սուրիական բանակը, ռուսական զինեալ ուժերու աջակցութեամբ, ազատագրած Է պատմական Փալմիր քաղաքը: Տօնակատարութիւնը նուիրուած էր Սուրիոյ Նահատակներու օրուան 100-ամեակին:
Խորհրդանշելով Փալմիրի ազատագրման մէջ Ռուսիոյ դերակատարութեան նշանակութիւնը` 20 ռուս զինուորներ երթով բեմ բարձրացան` ծածանելով Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ դրօշները: Տօնակատարութեան ներկայ էին նաեւ Սուրիոյ իշխանութեան ներկայացուցիչները:
«ԹԱՅՄԶ ՕՖ ԻՆՏԻԱ»