ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Այս համեստ գրութիւնս պէտք էր որ գրուած ու տպուած ըլլար 10-15 օրեր առաջ, երբ տակաւին թարմ էր Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ եւ 6300 հայ քրիստոնէական եւ այլ կալուածներու բռնագրաւումը թրքական նոր սուլթանական կառավարութեան կողմէ, սակայն Արցախի 1-2 եւ յաջորդող` ապրիլեան օրերու դէպքերը, պատճառ դարձան, որ չկարենամ գրութիւնս ամբողջացնել, որովհետեւ Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեանց, հոն բնակող թէ ի սփիւռս աշխարհի տարածուած հայութեան ուղղուած սպառնալիքը, ցնցումը փոշիի մէջ կը թաղէր Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ հարցը:
Հայ ժողովուրդին գլխուն վերեւ կախուած դամոկլեան սուրի սպառնալիքը թոյլ չէր կրնար տալ, որ որեւէ ուղեղ կարենար իր սեւեռումը Արցախ-Հայաստանէն այլ ուղղութեամբ մղել:
Սակայն, Արցախի, այս հնգօրեայ մարտերու մեղմացումը, ի պատիւ այնտեղ 25 տարիներէ ի վեր դիրքաւորուած մեր հերոսական բանակին, կրցան հայերուս համեմատական հանդարտութիւն ներշնչել, թէեւ ամէնքս գիտենք, որ իսկական խաղաղութիւնը, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հարեւանութեամբ եւ ներկայ միջազգային պատկերին պարտադրութեամբ, նոյնիսկ եթէ անհնար չէ, սակայն երկար է, շա՛տ երկար, թրքական սպառնական սուրին փայլքը նուազած չէ. սակայն երեւի մեր աչքերը շլացած` զայն չեն տեսներ եւ կամ փոքր արգելք մը կայ անտեղ. եւ կը թուէր, թէ սպառնալիքը, եթէ մեղմ չէր, գոնէ անմիջական չէր:
* * *
Կը վերյիշեմ ֆրանսական առածը` «Revenons à nos moutons»- «Վերադառնանք մեր ոչխարներուն»:
Ուրեմն, նստած հեռատեսիլին առջեւ, սրտատրոփ, ինչպէս ամէն օր, կը հետեւիմ մեր հայրենքին տագնապի ելեւէջներուն, երբ յանկարծ հեռատեսիլի պաստառին ստորին բաժնին վրայ երեւցած կարմիր ժապաւէնին վրայ կը կարդամ հետեւեալ լուրը. «Պայթում Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) ոստիկանական զօրանոցի մը առջեւ, 6 թուրք ոստիկան-սպաներ` սպաննուած»: Մէկ օր առաջ Դիմատետրի էջերուն վրայ արդէն կարդացած էի, թէ թրքական «բարեխնամ» պետութիւնը Տիգրանակերտի շրջանին մէջ կը բռնագրաւէ 6300 կառոյցներ եւ տարածքներ, որոնք կը պատկանէին Տիգրանակերտի քաղաքապետութեան, (ջախջախիչ մասամբ քիւրտերէ կառավարուող), որոնց շարքին էին ասորական, քաղդէական եւ այլ քրիստոնէական եկեղեցիներ, կառոյցներ եւ մանաւանդ Հայ առաքելական Ս. Կիրակոս վերանորոգուած եկեղեցին:
Լուրերու այս շարանը կը խթանէ միտքս, որ գրիչս առնեմ ու սեւով-ճերմակի վրայ գծեմ այն պատկերները կամ գրեմ այն ապրումներուն, յուշերուն եւ դէպքերուն մասին, որոնք կը վերաբերին 2009-ի շրջապտոյտի մը ընթացքին այդ վայրերը այցելելու տպաւորութիւններուն:
«Վերադարձ դէպի արմատներ»: Այս էր խորագիրը մեր շրջապտոյտին, որ, ի դէպ, կարծեմ 4-րդ կամ 5-րդն էր, որ կազմակերպուած էր ՀՅԴ Սուրիոյ երիտասարդական գրասենեակին կողմէ:
Յառաջիկային պիտի ջանամ այդ եօթնօրեայ շրջապտոյտի դէպքերն ու ապրումները յանձնել թուղթին:
* * *
Ուրեմն մեր շրջապտոյտը սկսաւ կէս գիշերին, ժամը 2:00-ին, Հալէպի «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային տան առջեւէն, 1 հոկտեմբեր 2009-ին: Հալէպէն` Քիլիս, իսկ Քիլիս մտանք առաւօտեան փոքր ժամերուն, արեւածագին, առանց կանգառի` ուղղակի դէպի Ուրֆա:
Ուրֆա,Կարմուճ այլ պատմութիւն, ապա` շիտակ դէպի Տիգրանակերտ, կէսօրէ ետք:
Տիգրանակերտ
Տիգրան Մեծ արքան… մեր միակ կայսրը, արքայից արքան. միակը, որ յաջողած էր նորակազմ Արտաշիսեան Հայաստանի սահմանները փռել Կասպից ծովէն մինչեւ Լիբանան ու Պաղեստին (անցնելով ծննդավայրէս` Քեսապէն):
Տիգրանակերտի նախամուտին, երեւակայութեանս «աչքերուն» առջեւ կը տողանցէ մեր հայկական նշանաւոր այրուձին, որ դարեր շարունակ մեր պետականութեան պարծանքը եղած էր: Այրուձին, նիզակաւոր-նետակալ, հետեւակ զօրքը, հարիւր հազարը, հայ իշխանները, 4 բդեշխները, նախարարները, որոնք Արտաշատ մայրաքաղաքէն եկած, Տիգրանակերտ մայրաքաղաքը որպէս յենարան ընդունած` հայկական բարձրաւանդակէն կ՛արշաւէին դէպի սուրիական անապատեայ տափաստաններ:
Կը տեսնեմ ջրառատ Տիգրիսը, որ կը կապէր Հայկական Բարձրաւանդակը Ասորեստանին, Բաբելոնին` հասնելով մինչեւ նախապատմական «Ուրուկ» բնակավայրը:
Ապա կը յիշեմ Տիգրանակերտի պաշարումը` Լուկուլլոս հռոմէացի զօրավարին կողմէ, երբ Տիգրանակերտի յոյն ու հրեայ բնակիչները նորաշէն մայրաքաղաքը դաւադրաբար կը յանձնեն հռոմէական զօրքին: Կը դիտեմ բնակիչներուն դէմքերը, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ` քիւրտեր, հոն փնտռելով յոյն ու հրեայ, որոնց դաւադրական բնազդը, ծինային բնազդը, կը հաւասարի քիւրտի բնազդին:
Վստահ եմ, որ յոյները չէին հանդուրժեր Տիգրան արքայից արքային նորաստեղծ անծայրածիր կայսրութիւնը: Իսկ հրեաները վրէժխնդի՞ր էին իրենց Պաղեստինէն` Տիգրանակերտ տեղափոխութեան: Արդեօք 1,5 միլիոն նահատակներով չե՞նք փակած «գինը», «պարտքը» այդ տեղափոխութեան:
* * *
![Տիգրանակերտի բերդը](http://i0.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/05/fortress_51316.jpg?resize=600%2C401)
Տիգրանակերտի բերդը
Այս գլխապտոյտ մտածումները յանկարծ կանգ առին, երբ մեր պասը կանգ առաւ ճիշդ Տիգրանակերտի բերդին մէկ դարպասին առջեւ:
Բերդ, սեւ քարերով, պազալթէ քարերով, հսկայ կառոյց մը, զոր միայն Տիգրանի նման հսկայ մը կրնար շինել տալ շատ կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին:
Մեզի ընկերակցող երիտասարդներէն Ներսէս Պարսումեանէն փոխ առած քարտէսին վրայ կը ստուգեմ քաղաքին դիրքը: Նոր ու հին քաղաքը: Պարիսպներէն ներս գտնուող բաժինը եւ` դէպի հիւսիս ծաւալած նոր բաժինը: Ընկ. Ներսէսը ամբողջ շրջապտոյտի ընթացքին ներողամտաբար քովս ձգեց քարտէսը: Ան այս շրջապտոյտին «զոհեց» իր ակռաները, երբ մեր պասը արկածի ենթարկուեցաւ Արարատի փէշերուն:
Կը փորձէի մտքիս մէջ մեր պատմութեան ուսուցիչ պրն. Գառնիկ Բանեանի «գծած» բերդը համեմատել եւ հաւասարեցնել աչքերովս տեսած բերդին հետ: Չէի յաջողեր: Ըսի արդէն, սեւ-քարերով, մօտ 10 մեթր բարձրութեամբ շինուած, այս լայնանիստ պարիսպը իր աշտարակներով գրաւած էր այժմու Տիգրանակերտի մէկ երրորդը:
Սուրիական մեր հայրենիքին մէջ տեսած եմ զանազան պարսպապատ բերդեր` Հալէպի սլացիկ հսկայ բերդը, «Հըսըն» բերդը` (Krak des chevaliers), Սալահէտտին բերդը, որոնք «մեչպոքս» խաղալիքի չափ փոքր են Տիգրանակերտի բերդին հետ համեմատած:
Պասին վարորդը` Ապու Ճելալը (որուն ձախ ոտքը հաշմուեցաւ արկածին պատճառով) մեզ խստիւ զգուշացուց բնակչութեան վայրագութենէն ու բրտութենէն` թելադրելով, որ իրարու ետեւ, ձեռք-ձեռքի, շղթայանման յառաջանանք:
![Ս. Կիրակոս եկեղեցին](http://i2.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/05/S-Guiragos-church_51316.jpg?resize=600%2C338)
Ս. Կիրակոս եկեղեցին
Մեր երթը դէպի Ս. Կիրակոս եկեղեցի էր:
Մեր կանգառը մօտ 350 մեթր հեռու էր եկեղեցիէն:
Համրաքայլ, զգուշ կ՛ընթանանք` միշտ հսկելով, որ մեզի հետ գտնուող դեռատի աղջիկներուն (որոնց հետ էր նաեւ մեծ աղջիկս` Ռիթան), ոչ մէկ փորձանք պատահի:
Կ՛անցնինք նոր կառուցուող շքեղ շէնքերու առջեւէն: Դրամատուներ, վաճառատուներ, հաղորդակցական միջոցներուն ընկերութեանց (vodaphone, turkcell…) գոյնզգոյն շէնքեր: Պատկերը կամաց-կամաց կը մռայլի, կը գորշանայ, երբ կը հասնինք հին շուկային մատոյցները: Հագուստ-կապուստ վաճառող խանութները կը փոխարինուին չիրուչամիչ, նուշ ու ընկոյզ, պտուղ-բանջարեղէն վաճառող խանութներով:
Անձեւ ու լայն հրապարակէ մը դէպի ձախ կը թեքինք: Նեղ փողոցներ են: Կը յիշեցնեն Հալէպ քաղաքի` հին քաղաքի ոլորապտոյտ, քարէ սալայատակով, նեղլիկ թաղերը: Զարմացած ու ապշած կը նկատենք, որ «արաբական բակերով» այս բնակարաններու երկաթեայ դռներուն, հնամաշ դռներուն վրայ խաչեր կան: Բնակիչները քիւրտեր են, սակայն տուները` հայկական: Կը հասնինք ասորական եկեղեցին, որ ճիշդ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ետեւը կը գտնուի: Գուցէ ընդմէջ պատը կը պատկանի երկու եկեղեցիներուն:
Կը հասնինք մուտքի երկաթեայ դարպասին: Նեղլիկ անցքէ մը ներս կը յառաջանանք: Շրջափակ մը, որ հազիւ եկեղեցւոյ տարածութիւնը ունի: Հոն ցաք ու ցրիւ կային փայտէ գերաններ, ձողեր, աւազ, կիր… ու զանազան շինանիւթեր ու միջոցներ, իրեր:
Եկեղեցւոյ երկար տարիներէ ի վեր խորտակուած ու բաց մնացած մայր դրան առջեւ մեզ կը դիմաւորէ Տիգրանակերտի քաղաքապետարանի կողմէ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան հսկող քիւրտ ճարտարապետը: Ըստ երեւոյթին, ազգայնական գաղափարներով քիւրտ մըն է: Անունը չեմ յիշեր:
Սակայն բաւական բանիմաց մարդ կը թուէր, ու քաջատեղեակ` հայկական կարգ մը մանրամասնութիւններուն: Եւ որպէս ազգային քիւրտ, քրտաբնակ ինքնիշխան քաղաքապետութեան` քիւրտ իշխան Տիգրանակերտ պաշտօնեայ, մեզի կը թուէր որ Տիգրանակերտի բազմերանգ մշակոյթ հզօրացումով պիտի թուլացնէ կեդրոնական թրքամէտ-թուրք իշխանութեան բռնութիւնը, «քրտական Տիարպեքիրի» վրայ:
Թրքերէն լեզուով կու տայ հակիրճ բացատրութիւն մը եկեղեցւոյ մասին, վերանորոգութեան դրդապատճառներուն, աշխատանքներուն, անոր թափին, արգելքներուն մասին, ստորագծելով, որ պոլսաբնակ նախկին տիգրանակերտցիներու եւ քաղաքապետութեան միատեղ ծախսերով կը կատարուին աշխատանքները: Կը զգանք ջերմութիւն իր աշխատանքին մէջ: «Գաղափարական սկզբունքային» հիմք կ՛ուզէր տալ աշխատանքներուն:
Եկեղեցին` լայնատարած շէնք մը, բարձր պատերով, խորհրդաւոր պատկեր մը կը պարզէր` հակառակ փոշեթաթաւ իրավիճակին եւ կրակէն սեւցած պատերուն: Երդիքը, անցեալին փայտաշէն, փուլ եկած էր: Խորանին քարերը կրակէն ճայթած ու փշրուած էին: Խորհրդաւորութեան հետ, խառնիխուռն «բաբելոնեան» վիճակ մը կը պատկերանար այդ աշխատանքներուն պատճառով:
Դուրսը` բակը, եկեղեցւոյ չափ լայնատարած, լեցուած էր փայտէ գերաններով, աւազի, խիճի եւ այլ շինանիւթերու թէ շինարարութեան միջոցներու կոյտերով: Մէկ խօսքով, այդ վեհապանծ կառոյցը, շինարարական աշխատանքներու պատճառով մռայլ պատկեր մը ունէր:
Քիւրտ ճարտարապետը կը բացատրէր, թէ հետամուտ են, որ վերաշինութիւնը եկեղեցւոյ տանիքին` ըլլայ յար եւ նման հինին, փայտաշէն: Եւ պատրաստուած փայտէ գերաններն ու տախտակները կը մշակուէին յատուկ քիմիական նիւթերով, որպէսզի դիմադրեն հրդեհի թէ ժամանակի մաշումի զանազան ազդակներուն:
Խորանին քարերը, փշրուած կտորները, իրարու կպցնելու համար Գերմանիայէն բերել տուած էին յատուկ փակցնելիք նիւթեր եւ ներկեր, որոնք միացումը անքակտելի պիտի դարձնէին: Մասամբ իմ իմացած խեղճուկ թրքերէնով, մասամբ հաւատքով այսքանը հասկցայ իրմէ, թէեւ վերջը մեր թրքագէտ ընկերները բաւական բացատրեցին անոր խօսածները: Աւելցուց նաեւ, որ նիւթական դժուարութիւններ ունին գործը ամբողջացնելու համար, եւ ինք կը հաւատար, որ սփիւռքահայերս կրնանք հանգանակութիւն կազմակերպել, որպէսզի շուտով աւարտի եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը եւ գործը կանգ չառնէ:
Կարծես թէ հայ ըլլար այդ մարդը: Ո՞վ գիտէ: Գուցէ իր երակներուն մէջ կը հոսէին նախնեաց, հայկական արիւնը: Տիգրանէ՞ն մնացած գուցէ: Գուցէ նաեւ բռնի ամուսնութեան մը արդիւնքը ըլլար: Եւ կամ մեր Մեծ եղեռնի տարագրութեան ընթացքին անապատին մէջ կորսուած, փոքրիկ հայ աղջկան մը, քիւրտի մը կողմէ որդեգրուած, ապա եւ բռնի ամուսնացած թոռն էր: Ո՞վ գիտէ: Իսկ եթէ անոր «գաղափարական համոզումները» շաղախուին իր ցեղին` հայու արեամբ, կրնան ո՛չ միայն եկեղեցի, այլեւ վանական համալիր վերաշինել, նորն ալ շինել: Ա՜խ այդ «արեան կանչը»:
Հոն մեզի միացաւ կարճահասակ, սեւուլիկ, առնական արտաքինով աղջիկ մը` որպէս Տիգրանակերտի քաղաքապետարանի զբօսաշրջութեան գրասենեակի ներկայացուցիչը:
![Գերմանական որբանոց Տիգրանակերտի մէջ, 1900](http://i0.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/05/orphanage_51316.jpg?resize=468%2C562)
Գերմանական որբանոց Տիգրանակերտի մէջ, 1900
Ցայսօր կասկածը ունիմ մտքիս մէջ, թէ որպէս այդպիսին, հաւանաբար նոյն ժամանակ թրքական գաղտնի սպասարկութեանց մէկ գործակալը կրնար ըլլալ: Այդպիսի սպասարկութիւնները ընդհանրապէս թափանցած կ՛ըլլան զբօսաշրջութեան գրասենեակներուն անձնակազմերուն մէջ: Ո՞վ գիտէ: Ան մեզ առաջնորդեց եկեղեցւոյ մօտակայ նեղ ու ծուռումուռ փողոցներով, դէպի Տիգրանակերտի մէկ «արեւելեան խան»-ը: Պատմական խան մըն էր: Լայնատարած բակ մը: Զբօսաշրջիկներով լեցուն, թրքական սրճարան մը փոքրիկ ու ցած աթոռակներով, փոքրիկ սեղաններով եւ թրքական «ղահուէ»-ով: Կողքին դարբնոց մը, ուր կը թրծուէին գերանդիներ, ցաքաններ, դանակներ եւ գիւղատնտեսական տեսակաւոր պիտոյքներ: Քիչ անդին` գորգեր նորոգող ու կարկտող կրպակ մը, հնամաշ գորգերու կոյտ մը: Միւս կողմը` եղէգներու կոյտ մը: Ըստ երեւոյթին, տանիքներու, շուքերու, ամառնային առժամեայ ծածկերը կամ ցանկապատեր շինելու կը ծառայէին:
Այս լայն բակին մէջ կեանքը կ’եռար: Իսկական արեւելեան խան, սակայն` առանց հայերու:
Կ՛անցնինք դարձդարձիկ, նեղլիկ փողոցներէ, աջ ու ձախ` դարբնոցներ եւ ապիկուած մարմիններով դարբիններ:
Ու կը հասնինք ժողովրդային ճաշարանի մը առջեւ, ուր կը պատրաստուէր համեղ մսաշոտ` «լահմաժին» (արաբերէն, «լահմ»` միս, «աժին»` խմոր), կ’իջնենք ներքնայարկը: Մեզի սեղանակից էր այդ աղջիկը` զբօսաշրջութեան գրասենեակի ներկայացուցիչը: Կոտրտուած թրքերէնով կը հետաքրքրուիմ Տիգրանակերտ մնացած հայութեան մասին: Ան կը բացայայտէ (իբր թէ), որ ինք հայ է ծագումով, իր եղբայրը, ինչպէս նաեւ վերջին երկու տասնեակ հայերը գաղթած են Պոլիս:
Մինչ ան այս բոլորը կը պատմէր, ու մենք կը լափէինք լահմաժինը` կիսաթթու թանին հետ, միտքս կը սաւառնէր դէպի հայոց բարձրաւանդակին մէջ գտնուող հայածին աղջիկները եւ անոնց ճակատագիրը: Ի՛նչ ապագայ կը մնար անոնց, հայու այդ բեկորներուն, հայկական հողին վրայ օտար, թուրք բորենիներով շրջապատուած: Անոնց մէջէն հարկադրաբար պիտի ընտրէին կեանքի «ընկեր» մը` իրենք եւ իրենց զաւակները թրքանալով: Կանգ առա՞ծ էր Ցեղասպանութիւնը, թէ՞ 90-95 տարիներ ետք տակաւին կը շարունակուէր:
Այսպիսի մռայլ մտածումներով կը լքէինք Տիգրանակերտը, ասուպային այցելութեամբ` ուղղուելով դէպի Դատուան:
Պասը կը սուրար լայնածաւալ, խոպան մնացած տափաստաններուն մէջէն: Աշնան այդ ժամանակն իսկ խոտը` մարդահասակ, տակաւին չէր չորցած: Ժամանակին այդ հսկայածաւալ դաշտերը կը մշակուէին հայերու կողմէ: Իսկ Հայոց ցեղասպանութենէն գրեթէ 100 տարիներ ետք, կայսերապաշտական տնտեսութիւններու լծակներ ունեցող ամերիկեան թէ եւրոպական ընկերութիւններ խոպան ձգած էին Միջին Արեւելքի «շտեմարան»-ը նկատուող Տիգրանակերտի անծայրածիր դաշտերը: Ու կը յիշեմ նաեւ Ռուբէն Տէր Մինասեանի «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակարան»-ը հատորներէն մէկուն մէջ նկարագրութիւնը 1906-ի Տարօն աշխարհի սովին, երբ ժողովուրդէն մաս մը կ’ուղղուի Տիգրանակերտ, Ճապաղջուր եւ Բալու` սովահար չմնալու համար:
Ուշ գիշերին կը հասնինք Դատուան: Կը կտրուի «տիգրանակերտեան» ապրումներու շղթան: Կը զբաղինք տեղաւորուելու աշխատանքներով: Սակայն անկողին իյնալուս պէս միտքս կը զբաղեցնեն Դատուանի Դանիէլը, «Դելեմաքը», այդ շրջանի նուիրեալը, անանուն յեղափոխականը:
Տիգրանակերտ, բերդ, Ս. Կիրակոս եկեղեցի… Դատուան, Դատուանի Դանիէլ, Ռուբէն ֆիտայապետ` իր սխրանքներով, թոյլ չէին տար, որ հանգստաւէտ պանդոկի անկողինին մէջ կարենայի հանգիստ քնանալ:
Քեսապ
17 ապրիլ 2016
Յետ Գրութիւն
Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ տանիքը եւ այլ շինարարական աշխատանքները աւարտեցան 2 տարիներ ետք: Եկեղեցւոյ վերաօծումը կատարուեցաւ մեծ շուքով: Պայմաններու բերումով չկրցայ ներկայ գտնուիլ: Անկէ ետք ծայր առաւ Սուրիոյ քաղաքական-զինուորական տագնապը, որ ցարդ կը շարունակուի, եւ որ քարուքանդ ըրաւ Սուրիան, իսկ այս բոլորին մէջ թրքական ներկայ կառավարութիւնը մինչեւ ականջները խրած է:
Մենք` սուրիացիներս, Թուրքիա կրնանք երթալ միայն որպէս գաղթական: Իսկ վերջին ամիսներուն, 2016-էն սկսեալ Տիգրանակերտ հասնելու համար պէտք է թռչուններէն թեւ առնել, որովհետեւ արդէն Թուրքիոյ հարաւ¬արեւելեան շրջանները, իմա` հայապատկան տարածքները, կլանուած են քիւրտերու վարած ազատագրական պայքարի արիւնալի բախումներով, եւ շրջանը դարձած է պատերազմական գօտի, ուստի այս դժբախտ իրավիճակին մէջ թրքական «բարեխնամ» կառավարութիւնը բռնագրաւած է եկեղեցին եւ 6300 կալուածներ:
Ուրեմն եկեղեցին վերստին զրկուած է իր հաւատացեալներէն, եւ հայ հաւատացեալները զրկուած են Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ նոյնիսկ տարին անգամ մը աղօթելէն: