Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Կարգախօսը` «Արցախի Հետ»

$
0
0

apo-oreorin1ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին յաջորդող օրերուն, Արցախէն մինչեւ սփիւռքի հեռաւոր ափերը, հայրենասիրական ոգիի իւրօրինակ վերանորոգումի մը ականատեսը եղանք: Վերանորոգումն ալ հաւանաբար ճիշդ բնութագրումը չէ՛ այս մթնոլորտին. հայրենասէր եղած է մեր ժողովուրդը եւ ամէն փորձութիւն դիմագրաւած է զոհաբերութեան առասպելական դրսեւորումներով:

Հիմա՛ ալ հայրենասիրութիւնը կը ճառագայթէ մեր սահմաններուն հսկող հրաշալի տղոց հոգիէն, հայկական դիւցազներգութեան նոր ու առատ հում նիւթեր տրամադրող անոնց սխրագործութիւնները վկա՛յ:

Հիմա՛ ալ հայրենասիրութիւնը կը պոռթկայ իրենց ապրուստը հազիւ հոգացող, ճակատագրական պահերուն ընկերային բողոքի զգացումները երկրորդական կարգի մղող Հայաստանի քաղաքացիներու աչքերէն. անոնք հազարներով ուղղուեցան սահման, գրաւեցին պաշտպանական դիրքեր եւ ամուր կանգնած կը մնան իրենց զաւակ, իրենց եղբայր, իրենց ընկեր բանակայիններուն կողքին:

Հիմա՛ ալ հայրենասիրութիւնը կը թեւածէ սփիւռքի տարածքին` արդէն Արցախ հասած երիտասարդ արիասիրտներ շարժելով, միւս կողմէ` անհատական եւ միութենական բազմատեսակ նախաձեռնութիւններով հանգանակութիւններու ծնունդ տալով:

«Արցախի հետ» կարգախօսը ուղեցոյց դարձուցած հայորդիներ ու հայկական կազմակերպութիւններ, իրենք իրենց վրայ վերցուցած են հայոց բանակի հզօրացման առաքելութիւնը եւ դրամ ու անհրաժեշտ այլ իրեր հաւաքելով` ժամ առաջ դիրքերը պաշտպանողներուն իրենց հոգածութիւնը ապացուցելու տենդով կ՛աշխատին:

Կ՛ողջունենք այս համընդհանուր արշաւը, այս մթնոլորտը, այս ոգին եւ կը քաջալերենք մեր հայրենակիցները` իրենց բաժինը փոխանցելու բոլո՛ր վստահելի կառոյցներուն, բոլո՛ր հիմնադրամներուն:

Հայոց բանակին թիկունք չկանգնիլը այսօր հաստատապէ՛ս անհասկնալի ու անարդարանալի վարքագիծ է:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>