Շաբաթ, 7 մայիսին, ՀՅԴ Մոնթեպելլոյի «Դրօ» կոմիտէին կազմակերպած յատուկ հանգանակային ձեռնարկին ընթացքին տիրող խանդավառ մթնոլորտին մէջ գոյացաւ 101,000 տոլար:
«Դրօ» կոմիտէն իր տարեկան հանգանակային այս ձեռնարկը նուիրած էր Արցախին. հանգանակուած ամբողջ գումարը պիտի յատկացուի ապրիլի քառօրեայ պատերազմին ընթացքին Արցախի աւերուած շրջաններու վերականգնումին եւ նահատակուած զինուորներու ընտանիքներուն աջակցութեան նպատակին` «Արցախի հետ» կարգախօսով ձեռնարկուած հանգանակային ընդհանուր արշաւի ծիրին մէջ», յայտնեց ՀՅԴ «Դրօ» Կոմիտէի ներկայացուցիչ Սարգիս Նուրեան:
«Դրօ» կոմիտէն այս ձեռնարկին ընթացքին պատուեց իւրայատուկ հայորդի մը` Մայք Սարեանը, որ տարիներ շարունակ, լուռ ու անձայն, միլիոնաւոր տոլարի առողջապահական սարքեր ու դեղորայք նուիրած է Հայաստանին ու Արցախին: