ՅԱՐՈՒԹ ՃԵՆԱՆԵԱՆ
Ահա Քրիստոսի խաչը քարի վերածուած, հոն արեան կաթիլներով թաթխուած, բայց հոս` Պուրճ Համուտի սիրտին վրայ հայու ճարտար ձեռքերով զարդի վերածուած, յաղթական կը կանգնի ամէն անցորդի առաջ` յիշեցնելու թուրքին եւ ազերիին, որ դո՛ւք, վայրենի անզգամներ, չէք յարգեր հայուն հաւատքը եւ սրբութիւնները եւ այնտեղ մեր բազմաթիւ խաչքարերը ջախջախելով` ձեր խաւար հոգիով կը կարծէք, իբր թէ պիտի ջնջէք հայոց հետքերը, բայց տեսէք, որ մենք վերստին կը կերտենք զանոնք ամէն հորիզոնի տակ գալու համար օր մը կրկին շինելու զանոնք մեր սուրբ հողերուն վրայ, ձեր պիղծ ձեռքերով ինչ որ փշրեցիք ու ոչնչացուցիք:
Ու հիմա օրհնեալ ըլլան բոլոր անոնք, որ իրենց քսակները տրամադրեցին եւ քրտինքները խառնեցին եւ մեր աչքերուն առջեւ դրին այս խաչքարը, որպէսզի ամէն առտու մեր գործի ճամբուն վրայ խանդով ու գոհունակութեամբ դիտելով զայն` սկսինք մեր օրը:
Վերջապէս, մեծ ուրախութեամբ ծափեցինք յարանուանական, քաղաքական եւ հայկական հաստատութեանց ներկայացուցիչներուն միասնական կեցուածքը եւ յարգանքը խաչքարին առջեւ, քանի որ Ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով սարքուած սիրտ լեցնող այս իրագործումը ամէն հայու պատիւ ու պարծանք է` մեր թշնամիներուն երեսին գոռալու, որ ո՜վ բարբարոսներ, դուք կը քանդէք, բայց ահա մենք կը շինենք, դուք կը մեռցնէք, բայց ահա մենք կրկին ոտքի ենք ու քեզի հետ ճակատ կը հարթենք ապրելու եւ ի հարկին դիմադարձելու քու ոճիրներուդ:
Շնորհակալութիւ՛ն, սիրելի՛ բարերարին, եւ վարձքը կատար աշխատանք եւ յոգնութիւն տրամադրած բոլոր հայորդիներուն: