Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17398

Գաղութէ Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան
Նուիրուած Ձեռնարկներ

Լօուըլ

Lowell_42316

Ապրիլ 23-ին, Լօուըլի քաղաքապետարանի շէնքի մուտքին աւելի քան հարիւր հայորդիներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ` հովանաւորութեամբ Մերիմեք Վելիի Հայ դատի գրասենեակին եւ շրջանի Հայոց ցեղասպանութեան ձեռնարկներու կազմակերպիչ կոմիտէին:

Քաղաքապետ Էտ Քեննետի խօսք առնելով` յայտնեց, թէ Մերիմեք Վելիի հայերը տիպար եւ օրինակելի են, աւելցնելով, որ անոնք պահեցին իրենց արմատները եւ շարունակ գործեցին ի նպաստ շրջանի բարգաւաճման: Ան նաեւ հաստատեց, թէ պիտի ծածանի հայկական եռագոյնը քաղաքապետարանի շէնքի մուտքին:

Օրուան հանդիսավար Միւրիըլ Բարսեղեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ 101 տարի առաջ պատահեցաւ տեղահանութիւն եւ ցեղասպանութիւն եւ այսօր միեւնոյն ոճը կը շարունակուի Արցախի մէջ եւ նոյնիսկ  գաղութէն ներս` հակաքարոզչական պաստառներ զետեղելով եւ աղաւաղելով պատմութիւնը:

Միտըլսեքսի շերիֆ Փիթըր Գութուճեան յայտնեց, թէ հետեւողական ձեւով պէտք է շարունակել աշխատանքը` թրքական եւ ազրպէյճանական քարոզչական մեքենային դէմ:

Քաղաքապետարանի խորհրդատուներէն Ռիթա Մերսիէ, իր կարգին խօսք առնելով, արտայայտեց իր յուսախաբութիւնը, որ նախագահ Օպամա շարունակ կը մերժէ ընդունիլ, թէ պատահածը ցեղասպանութիւն է: Ելոյթ ունեցան  նաեւ Լուսիլ Պէրպէրեան` ՀԵԴ-ի անունով եւ Սոֆիա Մանուկեան` Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ Երիտասարդական մարմինին անունով, որոնք իրենց խօսքին մէջ յայտնեցին, թէ պիտի շարունակեն պայքարիլ վասն արդարութեան:

Ձեռնարկի աւարտին կատարուեցաւ աղօթք եւ պատարագ:

Գերմանիա

germany_42316

Գերմանիոյ զանազան քաղաքներու մէջ տեղի ունեցան «Հայոց ցեղասպանութեան 101-տարելիցին նուիրուած զանազան ձեռնարկներ: 17 ապրիլին, բարերարութեամբ Փոլ Կիւլօղլուի` Գերմանիոյ Ենա քաղաքի մէջ, 23 ապրիլին բարերարութեամբ մոսկուաբնակ Արթուր Վարժապետեանի` Պերլինի մէջ, 29 ապրիլին բարերարութեամբ Վահան Արսէնեանի` Քեհլ քաղաքի մէջ տեղի ունեցան խաչքարերու օծում` ձեռամբ Գերմանիոյ առաջնորդ Գարեգին արք. Պեքճեանի, ներկայութեամբ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեանի:

24 ապրիլին հարաւային Գերմանիոյ Կէօփփինկեն քաղաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ առջեւ եւ Շթութկարթ քաղաքի հայկական գերեզմանատան մէջ նախապէս տեղադրուած խաչքարերու մօտ կատարուեցան արարողութիւններ:

Ոգեկոչման ձեռնարկներ տեղի ունեցան նաեւ Քէօլն, Նիւրենպերկ, Միւնիխ, Նոյվիկ, Պրօոնշըվայկ, Պրեմեն քաղաքներուն մէջ նախապէս տեղադրուած խաչքարերու առջեւ:

Միացեալ Նահանգներ

providence_42416

24 ապրիլին Փրովիտենսի մէջ «Նորտ Պըրիըլ Կրաունտ»-ի հայոց յուշարձանի մուտքին, մասնակցութեամբ տեղւոյն ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան, ՀՕՄ-ի «Արաքս» եւ «Անի» մասնաճիւղերուն, ՀՄԸՄ-ին եւ Համազգայինին` տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:

Օրուան բանախօս Պարպարա Մերկերեան կոչ ուղղեց ներկաներուն տեղի չտալ քաղաքական բանգաւառէն ներս կատարուած հակահայ իրադարձութիւններուն դիմաց:

Խօսք առին նաեւ կառավարիչ Ճինա Ռայմունտօ, ծերակուտականներ` Ճեք Ռիտ եւ Շելտըն Ուայթհաուզ եւ քոնկրեսականներ` Տէյվիտ Սիսիլին եւ Ճէյմս Լանճըվին:

Այս առթիւ Փոլին Կեցոյեան եւ Եսթեր Գալայճեան յայտնեցին, թէ տարուան Ցեղասպանութեան ուսուցիչ ընտրուած է Քաթըրին Սաման, որուն մասնագիտութիւնն է դասաւանդել Հայոց ցեղասպանութիւնն ու Հրէական ողջակիզումը:

Վրաստան

Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով 23 ապրիլին վիրահայոց թեմէն ներս տեղի ունեցան ձեռնարկներ:

Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն, որուն աւարտին վիրահայոց թեմի առաջնորդի օգնական Խորէն վրդ. Յովհաննէսեան ելոյթ ունենալով` յորդորեց ներկաները հաւատարիմ եւ նախանձախնդիր ըլլալու Հայ դատին եւ հայոց արդար պահանջատիրութեան:

24 ապրիլին Թիֆլիսի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ  մատուցուեցաւ պատարագ: Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան խօսեցաւ օրուան խորհուրդի մասին` անդրադառնալով Սուրբ Խաչի երեւման եւ անոր զօրութեան եւ պահպանիչ ուժին: Ան նաեւ հայցեց Հայոց ցեղասպանութեան Ս. նահատակներու բարեխօսութիւնը հայ ժողովուրդին, հայրենիքին ու անոր սահմանները պաշտպանող հայ զինուորին համար:

Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ եւս 24 ապրիլին մատուցուեցաւ պատարագ, որուն աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կանգնած Ցեղասպանութեան յիշատակի խաչքարի մօտ կատարուեցաւ յատուկ արարողութիւն:

Այնուհետեւ Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ յարակից տարածքին մէջ տեղի ունեցաւ կեդրոնական ձեռնարկ: Խորէն վրդ. Յովհաննիսեան 24 ապրիլը որակեց ուխտի օր հայութեան համար, կոչ ուղղելով ներկաներուն նախանձախնդրութեամբ տէր կանգնելու Հայ դատին եւ հայոց արդար պահանջատիրութեան: Ձեռնարկի ընթացքին դատապարտման, ճանաչման եւ հատուցման կոչերով հանդէս եկան` Սամուէլ Մկրտչեանը, Լեւոն Չիդիլեանը, Կիորկի Թոմասեանը, Սուսաննա Խաչատրեանը եւ ուրիշներ:

Փարիզ

24 ապրիլին Փարիզի Նոթր Տամ տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման պատարագ:

Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան իր քարոզին մէջ հարց տուաւ, թէ եկեղեցական ու քաղաքական ղեկավարները ի՞նչ կը խորհին այս օրերուն, որպէսզի երկրորդ հարիւրամեակը չանցնի նախորդին նման, ու դար մը ետք մեր ապագայի սերունդները չարտասուեն աւերակներու վրայ: Ի՞նչ ծրագրած են` ճնշումներ կատարելու համար ընդդէմ թուրք ղեկավարներուն, որպէսզի ճանչնան իրենց հայրերուն ձեռքերով գործադրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ արդար հատուցում տան անիրաւուած հայ ժողովուրդին: Ան կոչ ուղղեց յաւերժացնելու մեր անսասան հաւատքը, անխախտ միութիւնն ու անսպառ նուիրումը:

Էվրիի եպիսկոպոս Կի Հիւպերլօ իր քարոզին մէջ մատնանշեց հայոց մարտիրոսութիւնը` անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս պապին` Ցեղասպանութեան մասին արտասանած խօսքին եւ անոր Հայաստան այցելութեան:

Նոր Ջուղա

Nor-Jugha_50416

4 մայիսին Նոր Ջուղայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու մասունքով խաչերու օծման արարողութիւնը, որ կատարուեցաւ ձեռամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ ժողովուրդի գոյատեւման երաշխիքը համարեց Խաչի եւ Խաչեալի ճանապարհով քայլերը, որը կ՛առաջնորդէ յաղթական յարութեան: Առաջնորդ սրբազանը օծուած խաչերը սուրբ նահատակներու խորհրդանշական ներկայութիւնը համարեց, որոնք պիտի զարդարեն մեր եկեղեցիներու խորանները: Աւարտին ան գնահատական խօսք ուղղեց խաչերու պատրաստութեան համար նուիրատուութիւն կատարած անհատներուն:

*
*   *

Փարիզ

«Ինքնորոշուած Ղարաբաղին Աջակցութեան
Հաւաքական»-ին Կազմակերպութեամբ`
Հանրահաւաքներ

Կազմակերպութեամբ «Ինքնորոշուած Ղարաբաղին աջակցութեան հաւաքական»-ին 30 ապրիլին, փարիզահայ գաղութի կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ նոյն օրուան մէջ երեք հանրահաւաք` Ազրպէյճանին զէնք վաճառող գլխաւոր երեք պետութեանց ներկայացուցչութիւններուն առջեւ:

Արցախի վրայ ազրպէյճանական ապրիլեան յարձակումէն ետք ստեղծուած այս հաւաքականին մղիչ ուժը կը կազմեն «Հայկական վերածնունդ» սփիւռքեան կազմակերպութեան Փարիզի մասնաճիւղը, «Շարժում» երիտասարդական յառաջդիմական նորաստեղծ շարժումը եւ «Հարիւրներու խումբ»-ը:

Առաջին հանրահաւաքը տեղի ունեցաւ ժամը 1:30-ին, Ռուսիոյ դեսպանատան առջեւ, ուր պարզուած էին Ռուսիոյ դէմ զանազան լոզունգներ կրող պաստառներ: Պարզուած էին նաեւ Արցախի Հանրապետութեան դրօշը, կողքին` այն զէնքերուն նկարները, որոնք Ռուսիոյ կողմէ վաճառուած են Ազրպէյճանին, ինչպէս նաեւ` նահատակ զինուորներուն նկարները:

Ելոյթ ունեցան հայերէնով` «Հայկական վերածնունդ»-ի բանբեր Շանթ Ոսկերիչեան, ֆրանսերէնով «Շարժում»-էն` Հայկ Սեւան, որոնք խստիւ դատապարտեցին Ռուսիոյ վարած քաղաքականութիւնը ընդդէմ Հայաստանի եւ կոչ ուղղեցին անյապաղ դադրեցնելու զէնքերու առաքումը Ազրպէյճան, աւելցնելով, որ յառաջիկային գործուելիք մարդկութեան դէմ ոճիրներուն պատասխանատուութիւնը պիտի իյնայ Ռուսիոյ ուսերուն վրայ:

Երկրորդ հանրահաւաքը տեղի ունեցաւ ժամը 3:30-ին, Իսրայէլի դեսպանատան մօտ, ուր եւս պարզուած էին նոյնիմաստ պաստառներ` Իսրայէլի հասցէին: Ներկայացուած էին Իսրայէլի վաճառած զէնքերուն նկարները, որոնց կողքին պարզուած էին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները: Հոս եւս խօսք առին նոյն անձերը, որոնք շեշտեցին բարոյական այն ցած մակարդակը, ուր իջած է ցեղասպանութիւն ապրած ժողովուրդի մը պետութիւնը, որ գերադասելով նիւթականը եւ դրամը` ցեղասպանուած ուրիշ ժողովուրդ մը կրկին նոյն ճակատագրին ենթարկուելու սպառնալիքին դէմ յանդիման կը դնէ, եւ պահանջեցին, որ Իսրայէլ վերջ տայ այդ յանցաւոր եւ ապաբարոյ քաղաքականութեան:

Երրորդ եւ վերջին հանրահաւաքը տեղի ունեցաւ ժամը 5:30-ին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին դիմաց, նոյն պաստառներով` Ֆրանսայի հասցէին:

Խօսք առին «Շարժում»-ի հիմնադիրներէն Հայկ Սեւան եւ Եղիշէ Կորիզեան, որոնք խստօրէն դատապարտեցին Ֆրանսայի երկդիմի քաղաքականութիւնը, որ հակառակ Հայաստանի բարեկամ երկիր ըլլալուն` Ազրպէյճանին կը վաճառէ ռազմական նպատակներով օգտագործուող իրեր:

Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի դեսպանատուները բացարձակօրէն մերժած ըլլալով ընդունիլ որեւէ պատուիրակութիւն կամ նամակ` անոնց ուղղուած նամակները ղրկուեցան թղթատարով:

Ինչ կը վերաբերի Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան, Կովկասի բաժնի պետը արձակուրդի մեկնած ըլլալով, պատուիրակութիւն մը պիտի ընդունուի յառաջիկայ օրերուն:

Թեմի Առաջնորդի Այցելութիւնը
Հանրապետութեան Նախագահին

Ընդառաջելով Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննէսեանի խնդրանքին` հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ 29 ապրիլին Էլիզէի պալատին մէջ ընդունեց սրբազանը եւ անոր քաղաքական խորհրդական Արթիւր Խանճեանը:

Հանդիպումի ընթացքին առաջնորդ սրբազանը ներկայացուց ֆրանսահայ թեմի ստեղծման հանգամանքները, ինչպէս նաեւ` անոր դերը ամբողջ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ: Ան բացատրութիւններ տուաւ նաեւ 2014 դեկտեմբերին իր պաշտօնի ստանձնումէն ի վեր իրագործուած ծրագիրներուն մասին, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ ապագայի ծրագիրներուն մասին:

Վահան եպս. Յովհաննէսեան ֆրանսահայ համայնքին անունով հանրապետութեան նախագահին յայտնեց Ցեղասպանութեան ժխտումի պատժելիութեան օրէնքի որդեգրման գծով իր  սպասումը:

Անդրադարձաւ նաեւ, Թուրքիոյ զօրակցութիւնը վայելող Ազրպէյճանի կողմէ ապրիլին Արցախի դէմ ձեռնարկուած յարձակման: Առաջնորդ սրբազանը հանրապետութեան ղեկավարին դիմաց նաեւ որպէս Մինսքի խումբի համանախագահողի, ինչպէս նաեւ` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկրի նախագահի, որպէսզի հրադադարը պարտադրուի Ազրպէյճանին, եւ այդ երկիրը ճանչնայ պապենական հողերուն վրայ ապրելու Ղարաբաղի հայերուն իրաւունքը:

 

Միացեալ Նահանգներ

«Շուշի» Պարախումբի Ելոյթը

shushi_41016f

Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով, 10 ապրիլին, Կլենտէյլի երկրորդական վարժարանին մէջ ելոյթ ունեցաւ «Շուշի» պարախումբը` ղեկավարութեամբ Սեդա Փասքալեան-Քանթարճեանի, երաժշտական ղեկավար` Անդրանիկ Մուրատեան: Ձեռնարկը կը կրէր «Յիշէ՛ 1915-ը եւ ոտքի կանգէ» խորագիրը:

Պարախումբի 49 անդամները ներկայացուցին հայկական պարեր: Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայաստանէն, Նիւ Եորքէն ու Լոս Անճելըսէն յայտնի երգիչներ, ինչպէս` Յասմիկ Մեխենեճեան, Անահիտ Զաքարեան, Սալբի Մայիլեան, Արմէն Յովհաննիսեան, Ռուբէն Թելունց, իսկ օրուան պատուոյ հիւրն էր հայրենի յայտի յօրինող Արա Գէորգեան:

Արցախէն եւ Հայաստանէն նոր ժամանած երգիչներ Անտրէ եւ Լէյլա Սարիբեկեան իրենց ունեցած ելոյթներուն ընթացքին զօրակցութիւն յայտնեցին հայրենիքի սահմանները պաշտպանող հայ զինուորներուն:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17398

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>