Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի, 5 մայիս 2016-ի երեկոյեան Համազգայինի «Լ. Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արմէն Ճենտերեճեանի քամերային երաժշտութեան դասարաններու եւ մենակատարներու ունկնդրութիւն: Ներկայ էին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ, Գեղարուեստական դպրոցներու խնամակալութեան անդամներ, ծնողներ եւ երաժշտասէրներ:
Ձեռնարկին սկիզբը Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Աշոտ Ճենտերեճեան դրուատեց աշակերտները, անոնց պատրաստուածութիւնը եւ կոչ ուղղեց` միշտ արժեւորելու հարազատ ու ազգային աւանդներն ու մշակոյթը, որովհետեւ այդպիսով կարելի է երաշխաւորել անոնց շարունակականութիւնը: Ան հաստատեց, որ քոլեճի աշակերտներուն յառաջդիմութիւնը զգալի է, իսկ ասիկա կարելի է պահել հետեւողականութեամբ եւ ժրաջան աշխատանքով:
Ան յատուկ կերպով խօսեցաւ Արմէն Ճենտերեճեանի ի գործ դրած ջանքին, յատկապէս քամերային դասարաններու գործունէութեան մէջ ունեցած մեծ ներդրումին մասին:
Ապա յաջորդաբար ելոյթ ունեցան եւ տարբեր կտորներ նուագեցին հետեւեալ աշակերտները. Սելլա Սվագճեան` «Ռոնտօ»-ն, Կասիա Գրիգորեան` Հախինեանի «Անընդհատ շարժում»-ը, Միքայէլա Պոյաճեան` Էլլերտոնի «Թարանթելլա»-ն, Արամ Քէօթեքլեան` Տանգլայի «Վարիասիոններ»-ը, Մարիան Արթինեան` Հայտընի «Մենուէտ»-ը, Արին Թաշճեան` Շուպերթի «Սոնաթ թիւ 1»-ը, իսկ Մարիան Արթինեանին ընկերակցութեամբ` Վիվալտիի «Քոնչերթօ a-moll»-ը:
Երաժշտական ունկնդրութիւնը շարունակուեցաւ Նարօտ Սուրճեանի կողմէ նուագուած Հենտըլի «Սոնաթ թիւ 2»-ով, որմէ ետք Նարէ Աշգարեան նուագեց Թարթինի «Սոնաթ g-moll»-ը, Նարօտ Սուրճեան` Քրայզլըրի «Փրելիւտ եւ ալլեկրօ»-ն, Աւօ Տագէսեան, Նարօտ Խտըրլարեան եւ Նիքոլա Սաքըր ներկայացուցին Վէյտիկի «Թրիօ»-ն, Նարէ Աշգարեան` «Ռումանական ժողովրդական պար»-ը, իսկ երեկոն եզրափակուեցաւ վերջինիս եւ Աւօ Տագէսեանի կողմէ հնչած Պախի «Քոնչերթօ d-moll»-ով:
Վերոյիշեալ աշակերտներուն եւ մենակատարներուն նուագակցեցան Կարօ Գրիգորեան, Ալեքս Սուսանի, Նիքոլա Սաքըր, Սէրուժ Յովսէփեան, Հենրի Իշխանեան, Պետիկ Ալեքսանեան, Արեւիկ Սարգիս եւ Յասմիկ Ճուղուրեան: