Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Ազրպէյճանի Սպառազինման Մասնակցելով` Կարելի Չէ Խաղաղութիւն Ստեղծել

$
0
0

 ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Մուրատ Փափազեանի Արտասանած Ճառը Փարիզի Մէջ Տեղի Ունեցած 24 Ապրիլ 2016-ի Ցոյցի Ընթացքին Ֆրանսայի Կառավարութեան Ներկայացուցիչի Մը Ներկայութեամբ

Mourad Papazian_51116

Եթէ մեզի ըսէին, թէ 2016-ին Թուրքիան, ոճիրէն 100 տարիներ ետք, տակաւին չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը, պիտի չհաւատայինք: Պիտի չհաւատայինք, քանի գիտենք, որ մարդկութիւնը ատակ է դէպի յառաջադիմութիւն տանող քայլեր առնելու` ի նպաստ ճշմարտութեան եւ խաղաղութեան: Մենք չենք բաժներ ժառանգական թշնամիի հասկացողութիւնը, քանի համոզուած ենք, որ ժամանակի, գիտութեան, իմացութեան եւ խելացութեան համատեղումը կրնայ նպաստել դէպի ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն յառաջընթացին:

Սակայն Թուրքիոյ պարագային, ակնյայտօրէն, այդ տրամաբանութիւնը արդիւնքի չի հասցներ: Աւելի՛ն. ժամանակի ընթացքին թուրք պետութիւնը կազմակերպած է իր քաղաքական յետադիմութիւնը` արդիւնաբերականացնելով Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը եւ սպառնալիքը դարձնելով իր դիւանագիտական բանակցութեան գլխաւոր միջոցը: Էրտողան բռնութեան ուժով կազմակերպած է իրեն յարմարուող թուրք ընկերութիւնը` տարածելով վախի, ատելութեան եւ մերժումի մթնոլորտ: Իր կողմէ լայնօրէն ներշնչուած ահաբեկչութեան վախ, քիւրտերու եւ փոքրամասնութիւններու հանդէպ ատելութիւն, մերժում` բոլոր այն կազմակերպութիւններու, որոնք չեն հետեւիր Էրտողանի ուղղութեան: Թուրք ընտրողները յայտնուած են Էրտողանի լարած թակարդին մէջ, ուր ան կը ներկայանայ իբրեւ ազգին փրկիչը, մինչդեռ կը հաստատէ վախի մթնոլորտ Թուրքիոյ մէջ, կը խեղդէ ընդդիմադիր մամուլը, կը շարունակէ հովանաւորել ժիհատականները, կը զօրացնէ ուրուային պետութիւնը եւ Թուրքիան հետզհետէ կ’առաջնորդէ դէպի առաւել ճնշող իշխանական համակարգ:

Էրտողանի իշխանութիւնը Թուրքիան կ’առաջնորդէ դէպի յետադիմութիւն: Յետադիմութիւն` քաղաքականութեան, մարդու իրաւունքներու, փոքրամասնութեանց իրաւունքներու, մամլոյ ազատութեան, կիներու պայմաններու, ժողովրդավարական արժէքներու: Կարելի չէ վստահիլ Էրտողանին` ո՛չ երկրի ներքին իրավիճակը կայունացնելու, եւ ո՛չ ալ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն ստեղծելու դերակատարութեան առումով: Ընդհակառա՛կը: Դիմակը ինկած է, եւ Էրտողան, որ կ’ուզէ Թուրքիոյ պատմութիւնը դրոշմել իր իշխանութեամբ, կը միտի իր վերահսկողութեան տակ առնել Միջին Արեւելքի մէկ բաժինը:

Այս մարդը վտանգաւոր է, այն համակարգը, որ կը հաստատէ, քանդիչ է, այն Թուրքիան, որ կը ձեւաւորէ իր իշխանութեան հասնելէն ի վեր սպառնալիք մըն է տարծաշրջանի եւ Եւրոպայի համար:

Այս իրողութեան դէմ յանդիման` ժամանակն է, որ Պետութիւնները խստութիւն եւ քաջութիւն ցուցաբերեն Թուրքիոյ հետ իրենց յարաբերութիւններուն մէջ: Թուրքիոյ պարագային, տկարութիւնը կ’առաջնորդէ տկարութեան: Իբրեւ ֆրանսացի քաղաքացիներ մենք չենք ընդունիր, որ Ֆրանսան մէջք ծռէ Թուրքիոյ մը առջեւ, որ կը յաջողի իր լուծումները թելադրել: Մենք չենք ընդունիր, որ Եւրոպան 6 միլիոն եւրոյի վարկ յատկացնէ Թուրքիոյ: Մենք չենք ընդունիր Եւրոմիութիւն Թուրքիոյ մուտքի բանակցութեանց վերամեկնարկը: Մենք չենք ընդունիր, որ մարդու իրաւունքներու հարցը չտեղադրուի Անգարայի հետ յարաբերութիւններու կեդրոնը: Մենք չենք ընդունիր թուրք կառավարութեան հետ ընկեր-ընկեր այս խաղը: Այսօր կ’ուզեմ ըսել, որ հանրային կարծիքը կ’ուզէ զօրաւոր Ֆրանսա մը, որ չ՛ընդունիր, որպէսզի Թուրքիա թելադրէ ի՛ր ընտրութիւններն ու նախընտրութիւնները ըլլայ Միջին Արեւելքի, քիւրտերու, գաղթականներու, կամ Եւրոմիութիւն իր մուտքին կապակցութեամբ:

Էրտողանի իշխանապետական դիմագիծը այնքան խօսուն է, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հարցը կրնայ արագօրէն յարուցուիլ ներքին քաղաքականութեան վիճարկումներուն մէջ, մանաւանդ վիզաներու ազատականացման խայտառակ հարցին կապակցութեամբ, եւ այս պարագային, իբրեւ քաղաքացի, մենք պէտք պիտի ունենանք յստակութեան եւ ուշադիր պիտի ըլլանք բոլոր դիրքորոշումներուն: Իբրեւ ֆրանսացի քաղաքացիներ` մենք պէտք ունինք հպարտ ըլլալու Ֆրանսայով: Մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան, արժէքներու, արդարութեան Ֆրանսայով: Այսօր 24 ապրիլ 2016-ին, մինչ կ’ոգեկոչենք Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցը, մենք կոչ կ’ուղղենք Ֆրանսայի` ոստում մը կատարելու: Ֆրանսան պէտք է կրկին դառնայ Ֆրանսա: Եւ Ֆրանսան կրկին Ֆրանսա կը դառնայ, եթէ ան քաջութիւնը ունենայ որդեգրելու Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:

Հանրապետութեան նախագահին յանձնառութիւնն է այս, եւ ամէն ոք գիտէ, որ զայն իրականացնելու համար շատ քիչ ժամանակ մնացած է անոր:

Ֆրանսան կրկին Ֆրանսա պիտի դառնայ, նաեւ եւ յատկապէս` Ղարաբաղի հարցին գծով, որ այսօր համայն աշխարհի եւ Ֆրանսայի մէջ զօրաշարժի ենթարկուած հայութեան մտահոգութեան առարկան է: Մենք մեզի յստակ ըլլանք. փանթուրքական ուժերը, Ազրպէյճանը, Թուրքիոյ հովանաւորութեամբ, որոշած են արագացնել իրենց երթը` Ղարաբաղը զէնքի ուժով գրաւելու համար:

Ազրպէյճանի կողմէ երեք շաբաթ առաջ կատարուած յարձակումը պարզ նախաքայլ մըն էր այն քայլին, որ Ազրպէյճանի նախագահը կրնայ մեզի համար վերապահած ըլլալ: Ղարաբաղի հայութիւնը ենթարկուեցաւ ազերի բանակին կողմէ աննախընթաց յարձակումի մը: Ուժգին յարձակում մը` թնդանօթներով, պատերազմական ուղղաթիռներով եւ թռչող սարքերով® Մենք մտածեցինք, թէ վերջնական յարձակումը մեկնարկուած էր:

Անարգելով հրադադարի որոշումը, որ 22 տարիէ ի վեր կը խախտէ տարեկան 5000-10000 անգամ, Ազրպէյճան կը շարունակէ զօրացնել իր ռազմական ուժը` պահելով բանակ մը, որուն պիւտճէն կը գերազանցէ Հայաստանի ընդհանուր պիւտճէն:

22 տարիէ ի վեր Ազրպէյճան կը խախտէ հրադադարը` անտեսելով իր միջազգային յանձնառութիւնները : Այս անընդունելի է:

22 տարիէ ի վեր Ազրպէյճան կը մերժէ իրեն առաջարկուած խաղաղութեան բոլոր նախագիծները: Այս անընդունելի է :

22 տարիէ ի վեր Ազրպէյճան կը սպառազինուի աւելի լաւ պատրաստելու համար պատերազմը: Այս անընդունելի՛ է:

Փանթուրքական ուժերը, նախագահներ` Ալիեւ եւ Էրտողան, պատրաստ չեն որեւէ զիջումի Ղարաբաղի կապակցութեամբ: Այս անընդունելի՛ է:

Այն երկիրները, որոնք գործուղուած են Ղարաբաղի մէջ խաղաղութիւն ստեղծելու, զէնք կը վաճառեն Ազրպէյճանին: Այս անընդունելի՛ է:

Ազրպէյճանի սպառազինման մասնակցելով, կարելի չէ խաղաղութիւն ստեղծել: Այս անկարելի՛ է:

Երբ Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա եւ Ֆրանսա զէնք կամ ռազմական հսկողութեան արբանեակներ կը վաճառեն Ազրպէյճանին, ո՛չ, այդ երկիրները խաղաղութիւն չե՛ն պատրաստեր: Ի՞նչ պատգամ կը փոխանցեն անոնք Ազրպէյճանին:

Խաղաղութիւն պարտադրել` զէնքե՞ր վաճառելով անոր:

Ազրպէյճանին զէնքեր կամ ռազմական լրտեսող արբանեակներ վաճառել` կը նշանակէ քաջալերել զայն հայերու դէմ պատերազմելու: Եւ մենք այդ չե՛նք կրնար ընդունիլ: Այսօր ամէն ոք պէտք է ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնները: Մենք պիտի չսպասենք, որպէսզի Ազրպէյճան իր վերջնական յարձակումը կատարէ Ղարաբաղի հայութեան դէմ` գործի անցնելու համար: Այսօր ժամանակն է բոլոր միջոցներուն դիմելու` ապահովելու համար Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութիւնը: Այսօր ժամանակն է Ազրպէյճանին պարտադրելու, որպէսզի ընդունի սահմաններու ելեկտրոնային վերահսկումը, որ ընդունած է Հայաստան, եւ պատժել այն երկիրը, որ կը խախտէ հրադադարը: Այսօր ժամանակն է պարտադրելու արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան գործընթաց մը: Ղարաբաղը հազարամեակներէ ի վեր հայկական հող է: Ան միմիայն Ստալինի կամքով Ազրպէյճանին յանձնուած է 1923 թիւին: Ստալին` ամէնէն մեծ ոճրագործը, որ ճանչցած է այս աշխարհը, Հիթլերի, Թալէաթի եւ այլ չարագուշակ անձնաւորութիւններու շարքին: Պէտք է շարունակել ապաստալինականացումը` կազմակերպելով ինքնորոշման հանրաքուէ: Եւ Ղարաբաղի հայերը պիտի որոշեն, եթէ կը փափաքի՞ն ըլլալ անկախ, թէ՞ միանալ Հայաստանին: Այն, ինչ յստակ է, երբեք, այլեւս երբեք Ղարաբաղը ազերիական վարչակազմին միացնելու հարց չի կրնար ըլլալ:

Ղարաբաղի հայերը 150 հազար չեն, այլ 10 միլիոն են: Քանի համայն աշխարհի հայերը ղարաբաղցիներ են: Մենք բոլո՛րս ղարաբաղցիներ ենք: Եւ Ղարաբաղի համար, մենք պատրաստ ենք մինչեւ ծայր երթալու, ինչպէս նաեւ` քաղաքական կարգ մը բարեկամութիւնները հարցականի տակ դնելու, որոնց շարքին նաեւ շատ հեռու անցեալ ունեցողները, եթէ զգանք, որ դաւաճանուած ենք, քանի գործընկերութեան յարգանքը պէտք է ըլլայ փոխադարձ:

Եւ յարգել իր գործընկերները` կը նշանակէ նաեւ յարգել իր յանձնառութիւնները: Յանձնառութիւնը յանձնառութիւն է, նոյնիսկ եթէ պէտք է լեռներ շարժել զանոնք յարգելու համար ուրեմն թող շարժե՛նք լեռներ, նոյնիսկ եթէ պէտք է շրջանցել պետական տրամաբանութիւնը, ուրեմն թող շրջանցենք զայն: Խոստումը պէտք է վերագտնէ իր իսկական իմաստը, եթէ կ’ուզենք հաշտեցնել քաղաքականութիւնն ու քաղաքացին:

Եզրակացնելու համար` մտածումներս կ’ուղղեմ բոլոր անոնց, որոնք իրենց կեանքը վտանգելով, կը պայքարին մարդու իրաւունքներու, ճշմարտութեան եւ արդարութեան համար: Եւ մտածումներս կ’երթան անշուշտ բոլոր այն երիտասարդներուն, որ կը պաշտպանեն Ղարաբաղի սահմանները:

Կ’ուզեմ յիշել նաեւ այն բոլոր մարտիկները, որոնք պայքարած են իրենց կեանքը նուիրաբերելով Ղարաբաղին եւ Հայ դատին: Կ’ուզեմ յիշել նաեւ անոնց որոնք տակաւին բանտերու մէջ են: Կը յիշեմ բոլոր պայքարողները: Կը յիշեմ նաեւ Հրանդ Տինքը` սպաննուած 9 տարի առաջ, Թուրքիոյ մէջ, եւ կ’ուզեմ այսօր քաջալերել Կարօ Փայլանը, որ մեծ մարդ մըն է, շատ քաջ, Թուրքիոյ Ժողովուրդներու Ժողովրդավար կուսակցութեան երեսփոխան, որ կը պայքարի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար` նոյնինքն Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս: Օրեր առաջ ան յարգանքի խօսք արտասանած է Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ սպաննուած բոլոր հայ երեսփոխաններուն կապակցութեամբ:

Սիրելի՛ բարեկամներ, կ’ուզեմ ձեզի ըսել, որ մենք պիտի յաղթենք, քանի իրաւունքի, ճշմարտութեան եւ արդարութեան պաշտպաններ ենք:

Մենք պիտի յաղթենք, քանի մենք դարձեալ հոս ենք Հայոց ցեղասպանութեան ոճիրէն 101 տարիներ ետք: Մենք պիտի յաղթենք, քանի սերնդէ սերունդ մեր կամքը աւելի կը զօրանայ:

Կեցցէ՛ Ֆրանսան,
Կեցցէ՛ Հայաստանը,
Կեցցէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>