ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ՍԱԼՄԱՆԵԱՆ
Անցեալ ամիսներուն Լիբանանի առօրեան ճնշող մթնոլորտը թօթափելու յարմար առիթ մը ընծայուեցաւ հայ մշակութասէրներուն` ըմբոշխնելու համար յատուկ ոճի պատկանող երաժշտութիւն մը: Հին դարերէն մեզի ժառանգուած այս ոճը ինքզինք պարտադրած էր իբրեւ մշակութային որոշ խաւի մը արտադրութիւնը: Ան սեփականութիւնն էր այն հատուածներուն, որոնք արտայայտութեան լաւագոյն միջոցը նկատած էին դրսեւորելու իրենց ներաշխարհը յուզող ազդակները: Այս ընելով` անոնք ոչ միայն ժամանակաւոր յագեցուցին իրենց անձը, այլեւ հարստացուցին, ապագայի նկատմամբ, հայ բանահիւսութիւնը, գրականութիւնն ու երաժշտութիւնը: Սոյն ոճը մշակութապէս առանձնաշնորհեալ հազուագիւտ ժողովուրդներու մօտ աճած ու թողած էր իր անքողարկելի դրոշմը:
Սակայն որ՞ն է այդ ոճը: Անիկա աշուղ-գուսանական ոճն է, որ դարեր շարունակ ականջալուր հայ անհատին սիրտը բաբախած ու երեւակայութեան թեւ տուած կը ծաւալէր անժամանակավրէպ դարձնելով իր գոյութեան իմաստը: Ու՞ր կը կայանայ անոր արժէքը: Այս հարցումին պատասխանը հետեւեալը պիտի ըլլայ, ըսելով, որ հայ աշուղ-գուսանը բանաստե՛ղծն է, յօրինո՛ղն է, երգո՛ղն ու ճարտար մեկնաբա’նն է իր անձնական յօրինումներուն. իսկ երաժշտական գործիքները` իւրայատուկ, ինչպիսին բլուլը, տհոլը, տուտուկը, քամանչան, քանոնը, սազը, շուին, թառը, սանթուռը, զուռնան, թմբուկը, ուտը, դափը, եւլն:
Հայ աշուղ-գուսանը ներմուծած էր վերոյիշեալ գլխաւոր յատկանիշներ` հակառակ նմանօրինակ ոճի պատկանող ֆրանսական թրուվեր-թրուպատուրներուն, ժոնկլէօրներուն կամ գերմանական միննեզինկըր-մայսթերզինկըրներուն, որոնք կա՛մ գրող-յօրինող կա՛մ մեկնաբաններ էին, եւ որոնք կը թափառէին շրջանէ շրջան, պալատէ պալատ` արտայայտելու իրենց տենչը:
Գալով այս ոճին կորիզը կազմող նիւթի իմաստին` ան ընդհանրապէս եւ բոլորին կողմէ երգուած սէրն էր ու առօրեայ կեանքի այն վերիվայրումները, որոնք կը բեռնաւորէին մարդ արարածին հոգեկանը:
Իսկոյն, այս յատկութիւնները բոլորը մէկտեղելով, հայրենիքէն հասած «Սայաթ Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր անսամպլը, ղեկավարութեամբ փրոֆեսէօր Թովմաս Պօղոսեանի, ընկերակցութեամբ վերոյիշեալ յատուկ երաժշտական գործիքներու նուագախումբին, ներկայացաւ հոծ հանրութեան, «Էմիլ Լահուտ» լայնատարած սրահին մէջ: Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր լոկ աշուղական` սիրային, հայրենասիրական, ազգագրական երգեր, որոնք սակայն բնաւ երբեք օտար չէին մեզի համար, կարելի է ըսել, թէ անոնք մեր առօրեային մաս կազմող մասնիկներն էին: Տպաւորիչը այն էր, որ անսամպլը իր լման կազմով` երգչախումբով, մեներգներով, զուգերգներովն ու նուագախումբով, լման հանդերձանքով, գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ, հաճելի ձայներով, անվարան չափողութեամբ, բծախնդիր աշխատանքով, անվերապահ երգացանկով, նոր թէ աւագ սերունդի պատկանող աշուղներով, ինչպէս` Սայաթ Նովա, Ջիւանի, Շերամ, Վահրատ,… գրաւեցին ունկնդրին ուշադրութիւնը: Աւելի տպաւորիչ եղան փրոֆեսէօր Թ. Պօղոսեանի խօսքերը, երբ ան հաստատեց` ըսելով, թէ այս աւագ սերունդի պատկանող աշուղներն ու իրենց ստեղծագործութիւնները գոյութիւն պիտի չունենային այսօր առանց սփիւռքի հայութեան, ու աւելցուց, որ սփիւռքն էր այս գանձը պահողը, վերայժմէացնողը, վերարժէւորողը, կեանքի կոչողը:
Այս տողերէն բխած արտայայտութիւնները կը մղեն մեզ գօտեպնդելու մեր հաւատքը մեր մշակոյթին հանդէպ ու կը թոյլատրեն ըսելու` մեզի ժառանգուածը թո՛ղ որ արժանաւորապէս կտակենք մեր յաջորդներուն:
Գիտակից իր առաքելութեան` Համազգայինի մշակութային միութիւնը, ինչպէս նաեւ բոլոր հայ մշակութային միութիւնները կը միտին ձեռնարկել նմանօրինակ հանդիսութիւններ հայ մշակոյթի ջահը անմար պահելու ու արժէքը անխաթար պահպանելու տեսլականով: