Կազմակերպութեամբ «Էկզոտ»-ի, չորեքշաբթի, 4 մայիս 2016-ին, «Էկզոտ»-ի ցուցասրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ Զոհրապի «Դառնալով, դառնալով եւ դառնալով» խորագիրով անհատական ցուցահանդէսին բացումը:
Ցուցադրուած են 31 գործեր` արուեստագէտին հաւաքածոյէն: Հարցազրոյցի մը ընթացքին գեղանկարիչը բացատրեց, թէ ընդհանուր թեման, որուն շուրջ հաւաքուած են 31 նկարները, կը ցոլացնէ Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդող հարիւրամեակը, իր ընդգրկած բոլոր ենթա-թեմաներով: Սակայն ցաւին, տառապանքին եւ մահուան փոխարէն` կեանքը, արեւը եւ լոյսն են, զորս վեր առած է գեղանկարիչը: Արդարեւ, թեթեւ եւ պայծառ գոյներն են, որոնք կը գերիշխեն նկարներուն մէջ, իսկ ճերմակը զանոնք յատկապէս կը լուսաւորէ: Նկարները անուղղակի անցումներով կը կապեն անցեալը ներկային եւ կ՛ամբողջացնեն անցնող ժամանակին պատկերը, սերունդէ սերունդ փոխանցուող հոգեբանական ժառագութիւնը, որ այս պարագային ժխտական չէ, այլ` ապագային նկատմամբ լաւատեսութեամբ լեցուն:
Զոհրապի այս 31 գործերը անցնող ժամանակին ընթացքին սառեցուած պատկերներու տպաւորութիւնը կը ձգեն: «Մեր գիւղը» եւ «Ամարանոցը» անցեալին վերաբերեալ նկարներ են, որոնց մէջ նկարուած անհատները եւ տեսարանները «տպաւորապաշտ» ոճը յիշեցնող աշխատելաձեւով մը իրարու կը խառնուին եւ կը ստեղծեն որոշ պղտորութիւն մը, որ յատուկ է յիշողութեան եւ երազին: Հարկ է նաեւ նշել «Հարիւր տարիներու նաւարկում»-ը, որ իր բաղդատաբար աւելի մութ գոյներով եւ փոթորկոտ երկինքով կը յիշեցնէ նախ աքսորի, ապա նաեւ` պայքարի գաղափարը:
«Ազգին յիշատակութեան համար» նկարը իր ոճային փոփոխութեամբ անկիւնադարձ մըն է նկարներու այս հաւաքածոյին մէջ` տրուած ըլլալով,որ նկարուած անհատներուն շրջագիծերը կը դառնան աւելի ու աւելի որոշակի, եւ դիտողը կը մօտենայ ներկային… Եթէ ուշադրութիւն դարձնենք «Գեղեցիկ պարտէզին մէջ» եւ յատկապէս «Սիրահարին նպատակը» նկարներուն, կրնանք նկատել, որ անոնց մէջի անձնաւորութիւնները «պատռուած» են երկրաչափական ուղիղ եւ «սուր» գիծերով, որոնք, ըստ գեղանկարիչին, կը խորհրդանշեն անցեալէն բաժնող ժամանակի եւ տեղի հեռաւորութիւնը: Զոհրապ բացատրեց, թէ այս աշխատելաձեւը, որ «գերիրապաշտ» ոճը կը յիշեցնէ, թոյլ կու տայ նկարներ մակադրելու եւ մէկէ աւելի միջոցներ ստեղծելու: «Գեղեցիկ պարտէզին մէջ»-ին պարագային, վերոյիշեալ միտքերուն վրայ կու գայ աւելնալու նկարին մէկ անկիւնը նկարուած աչքը, որ անցեալին աչքն է եւ կը դիտէ ներկայ սերունդը: Այս իմաստով կարելի է նշել, թէ դէմքերուն վրայ գծուած աչքերը յարաբերաբար մութ գոյնի են եւ նման են փոսերու, կարծէք` դարձած են դէպի անցեալը…
Զոհրապի այս գործերուն մէջ ակնբախ են ընտանիքի, սիրոյ եւ մանուկներու ենթաթեմաները: Զոհրապ յայտնեց, թէ կնոջ թեման ծանրակշիռ է այս հաւաքածոյին մէջ, որովհետեւ, ըստ իրեն, ան մեծ դեր կը խաղայ ինքնութեան փոխանցումին մէջ: Այս միտքը յստակօրէն կ՛երեւի «Կնոջ միտքը» նկարին մէջ, ուր կնոջ գլուխին մէջ միաձուլուած են ընտանիքին բոլոր անդամները: Նկարը իր պայծառ եւ «կնոջական» գոյներով կ’արտայայտէ վերոյիշեալ միտքը:
Վերջապէս, Զոհրապ յաջողած է 31 նկարներով պատկերացնել Ցեղասպանութիւնը ապրած սերունդը եւ անոր յաջորդող սերունդներուն կեանքը լուսաւոր նկարներու մէջ, որոնցմէ բոլորովին բացակայ են` տխրութիւնը, սուգը, յուսահատութիւնը:
Զոհրապի անհատական ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ երեքշաբթի, 17 մայիս, առաւօտեան ժամը 10:00-էն երեկոյեան ժամը 8:00: