Չորեքշաբթի, 4 մայիսին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Լիբանանի անդամները այցելեցին Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին` փոխադարձ ծանօթացման համար: Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան:
Առաջին հերթին, Կեդրոնական վարչութեան անդամները դեսպանին ծանօթացուցին ՀՄԸՄ-ի համաշխարհային կառոյցն ու վարչութեան աշխատելաոճը: Հանդիպման ընթացքին շեշտը դրուեցաւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան անհրաժեշտութեան վրայ, ինչպէս նաեւ ներկայացուեցան Կեդրոնական վարչութեան քառամեայ ծրագիրները, որոնց մեծամասնութիւնը կեդրոնացած պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ սփիւռքահայ պատանին ու երիտասարդը իր հայրենիքին ծանօթացնելու առաջադրանքին վրայ: