Անցնող շաբաթավերջին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Թէքէեան մշակութային միութեան «Երուանդ Օտեան» թատերախումբը հանրութեան ներկայացուց «Խօսքը մէջերնիս» զաւեշտախառն կատակերգութիւնը, բեմադրութեամբ` թատրերգութեան հեղինակ Վաչէ Ատրունիի:
Վաչէ Ատրունի, ինչպէս ինք բացայայտեց, այս թատերախաղը գրած է 1995 թուականին, անիկա կը մարմնաւորէր այդ օրուան կեանքին պատկերը` երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ետք երկրին մէջ բարոյական անկումի դաշտ մը բացուած էր: Այդ օրերուն թատերախաղը բեմ բարձրացուցած է Հայաստանէն հրաւիրուած զոյգ դերասաններու եւ գաղութին մէջ ճանչցուած լուրջ դերակատարներու ուժերով, սակայն ներկայացումը պէտք եղած յաջողութիւնը չէ ունեցած: Ներկայացուած է նաեւ Այնճարի, Հալէպի, Քեսապի եւ այլ քաղաքներու մէջ: Տարիներ ետք ուզած է անգամ մը եւս զայն ներկայացնել հանրութեան, այս անգամ «Երուանդ Օտեան» թատերախումբի կատարողութեամբ:
Նիւթը կենցաղին մասին է անբարոյ ընտանիքի մը, որ տան աղջիկը կը միտին կնութեան տալ Ամերիկայէն եկած հարուստ անձի մը, որովհետեւ վերջինը ժամանակին իր տան կալուածագիրի լիազօրագիրը յանձնած էր այդ ընտանիքին հօրը, որ կեղծած է զայն` քաջ գիտնալով, որ ան Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի: Սակայն այդ անձին վերադարձի լուրը առնելով, իրարանցում կը տիրէ տան մէջ, եւ կը սկսին դաւադրել, որ իրենց աղջիկը կնութեան տան անոր: Դէպքերը արագ կ՛ընթանան, եւ հարուստ անձէն առաջ կը ժամանէ տանտիկնոջ պահանջած սպասարկողը, որուն կը շփոթեն հարուստ անձին հետ, եւ ահա ծնունդ կ՛առնէ թիւրիմացութիւններու վրայ հիմնուած կենցաղային կատակերգութիւնը: Օգտագործուած բառապաշարը փոխ առնուած է առօրեայ կեանքին մէջ տեղի ունեցած զրոյցներէ, իսկ դիպաշարներուն ամբողջութիւնը` մեր կեանքի առօրեայէն:
Արդարեւ մօտաւորապէս երկու ժամ տեւողութեամբ Վարդան Մկրտիչեան (Պօղոս), Տիրան Սարգիսեան (Ղուկաս), Պէթի Սարգիսեան (Փառանձեմ), Զոհրապ Նալպանտեան (Թորգոմ), Կարօ Պասմաճեան (Համբար), Մակի Վասիլեան (Մարիցա), Կարօ Գինոյեան (Օննիկ), Հրակ Մկրտիչեան (Ծաղրածու), Լուսինէ Տագէսեան-Չէօլմէքեան (Նինա), Կէպի Մլքի (Սեդրակ), Սթեֆանի Ղուկասեան (Նազիկ), Յակոբ Չէօլմէքեան (Սարգիս) բեմադրիչ Վաչէ Ատրունիի հսկողութեան ներքեւ երեք ամսուան փորձերէ ետք յաջողութեամբ մարմնաւորեցին, իրենց վստահուած դերերը` հանդիսատեսներուն համար ստեղծելով հաճելի եւ ուրախ պահեր:
Յայտնենք, որ ներկայացումները կը շարունակուին այս շաբաթավերջին եւս, ուրբաթ` 14, շաբաթ` 15 եւ կիրակի` 16 մայիսին երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: