ՅԱՐՈՒԹ ՃԷՆԱՆԵԱՆ
Արցախ, սփիւռք եւ Հայաստան`
Անքակտելի, ուխտ սրբազան,
Պիտի քալենք երթն անսասան,
Ըլլանք սիրով ու միաբան:
Տեսնէ աշխարհ մեր ուժն ու կամք,
Թէ հայն ունի կորով ու ջանք`
Կերտելու իր շէնն ու քաղաք,
Նուիրելով հոգի ու կեանք:
Փա՛ռք ու պատիւ քեզ, Հայաստա՛ն,
Ամէն հայու ուխտի խորան,
Նահատակներն սուրբեր դարձան,
Նոր մարտիկներ քեզի ղուրպան:
Մենք կը պաշտենք հող, հայրենիք,
Կուռ հաւատքով զայն պաշտպանենք,
Պահենք դրօշ միշտ յաղթական,
Ցեղին փառքը երգ յաւիտեան: