Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Երեւանցի Զոհուած Զինուորներու
Ընտանիքներուն Տուն Պիտի Տրամադրուի

3cb070680ea4e40bb29ce378b5c483a68efb903a

Մայիս 2-ին Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ կայացած խորհրդակցութեան ընթացքին քաղաքապետը յայտարարած էր, որ երեւանաբնակ զոհուած զինուորներէն իւրաքանչիւրին պիտի տրամադրուի 1,5 միլիոն դրամ` իբրեւ աջակցութիւն, հաշմանդամ դարձած երեւանաբնակ զինուորներուն` 1 միլիոն դրամ, իսկ վիրաւորներու ընտանիքներուն` 500 հազարական դրամ:

Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան նշած է, որ վերջնական որոշումը տրուած է հիմնուելով ընտանիքներուն կարիքներու գնահատման ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն վրայ: Իսկ միջոցները պիտի տրամադրուին մասնաւորապէս «Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութեան համար նախատեսուած ծախսերը նուազեցնելով:

«Արդէն իսկ աւարտած են զոհուած երեւանաբնակ զինծառայողներուն`  վարձով ապրող, բնակարանի կարիք ունեցող ընտանիքներու ուսումնասիրման արդիւնքները: Յառաջիկայ օրերուն յստակ պիտի ունենանք ցանկը եւ կը նախապատրաստենք աւագանիի համապատասխան որոշումներու նախագիծներ: Համոզուած եմ, որ աւագանիի յաջորդ նիստի ընթացքին կը հաստատենք եւ տուեալ ընտանիքներուն կ՛ապահովենք բնակարաններով», յայտնած է Տարօն Մարգարեան:

Քաղաքապետարանէն «Ռազմինֆօ»-ի խնդրանքով ճշդուած է, որ բնակարանները ընտանիքներուն պիտի տրամադրէ քաղաքապետարանը, անվարձահատոյց: Ներկայիս Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ կը ճշդուին զոհուած զինուորներուն ընտանիքներուն տուեալները:

Հայաստան Հաստատուած Սուրիահայերուն
Օգնութիւնը` Հայ Զինուորներուն

syrianarmenians_51116

Հայաստան հաստատուած սուրիահայերը վերջերս իրենց կողմէ տրամադրուած օժանդակութիւններ ուղարկած են Արցախի հայ զինուորներուն: Օգնութիւնները բեռնատար մեքենաներով Արցախ հասցուցած է «Սուրիահայերու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Ներսէս Կիւրոն, որուն ուղեկցած են քանի մը սուրիահայեր:

«Հայաստան հաստատուած սուրիահայերը, ինչպէս բոլորը, կը փափաքէին իրենց կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ աջակցիլ Արցախին եւ ըլլալ հայոց բանակի կողքին: Անոնք խնամքով հաւաքած էին սնունդ, քաղցրաւենիք, հագուստ, զինուորական կօշիկներ, նոյնիսկ գումար տրամադրած էին», լրագրողներու հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է «Սուրիահայերու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Ներսէս Կիւրոն եւ աւելցուցած է, որ ապրիլ 30-ին, հանդիպելով Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանի հետ, համապատասխան մարմիններուն փոխանցած են իրենց օժանդակութիւնները:

Ներսէս Կիւրոն աւելցուցած է նաեւ, որ կազմակերպութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարին կողմէ ջերմ ընդունելութեան արժանացած է եւ այս հայրենասիրական քայլին համար Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ շնորհակալագիր ստացած է:

Իր խօսքին մէջ «Սուրիահայերու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ Ապարանէն իրենց ուղեկցողներուն, որոնք կամաւորապէս օգնած են իրենց, ամբողջ ուղեւորութեան ընթացքին:

Հայաստան Ներգաղթած Սուրիահայերուն
95
Առ Հարիւրը Հաստատուած Է Երեւանի Մէջ

0506hranoush

Սուրիոյ պատերազմին պատճառով Հայաստան ներգաղթած սուրիահայերուն 90-95 առ հարիւրը տեղակայուած է մայրաքաղաք Երեւանին մէջ:

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ կայացած Սուրիահայերու հիմնական հարցերը համակարգող միջգերատեսչական յանձնախումբի հերթական նիստի ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարած է Երեւանի քաղաքապետարանի ընկերային ապահովութեան վարչութեան նախագահ Ռուզաննա Զաքարեան:

«Երեւանի քաղաքապետարանը 2012 թուականի յունուարէն աշխուժօրէն ձեռնամուխ եղած է Հայաստան ներգաղթած սուրիահայերու հարցերուն լուծման: Անոնց 90-95 առ հարիւրը կը բնակի Երեւանի մէջ: Ըստ վարչական շրջաններու, իրականացուած է հաշուառում` յայտնաբերելու կարիքաւորները եւ ընկերային աջակցութեան տարաբնոյթ ծրագիրներով թեթեւցնելու անոնց կարիքը», ըսած է Ռուզաննա Զաքարեան: Անոր համաձայն, 2012-2016-ին Երեւանի քաղաքապետարանը դրամական աջակցութիւն տրամադրած է 463 կարիքաւոր ընտանիքի` 11 միլիոն 652 հազար դրամ ծաւալով: 2763 ընտանիքներու տրամադրուած է նիւթական տարաբնոյթ աջակցութիւն` հագուստ, բնակարաններու վարձքեր, իսկ պարէնային աջակցութիւն ստացած է 2063 ընտանիք:

«Նախադպրոցական հաստատութիւններու մէջ ընդգրկուած է 169 սուրիահայ փոքրիկ, հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններու մէջ կը սորվին 487 փոքրիկներ, իսկ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան երաժշտական մասնագիտական դպրոցին մէջ` 33 սուրիահայեր, որոնցմէ 11-ը` անվճար հիմունքներով», նշած է բանախօսը: Ան աւելցուցած է, որ 2015-ին Երեւանի քաղաքապետարանի ենթակայ բժշկական կեդրոններ դիմած են 2500, իսկ 2016-ի չորս ամիսներուն 687 սուրիահայեր:

«Մեր Զինուորներուն Կողքին»
Նախաձեռնութիւնը
Դեղորայք Կ՛ուղարկէ Արցախ

tegh_51116

Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ Կեդրոնական վարչութիւնը որոշած էր վերաշխուժացնել «Մեր զինուորներուն կողքին» նախաձեռնութիւնը` օգնութեան ձեռք երկարելու համար յատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի սահմանները պաշտպանող զինուորներու ընտանիքներուն:

Իբրեւ առաջին արդիւնք, այս նախաձեռնութիւնը, համագործակցութեամբ ՀՅԴ Կլենտէյլի «Ահարոնեան» կոմիտէին, անցեալ շաբաթ Արցախ ուղարկած է մօտաւորապէս 1200 փաունտ կշռող դեղորայք եւ այլ կենսական առարկաներ:

Առաքումը կարելի եղած է «JE Pharmaceutical Wholesaler» ընկերութեան եւ անոր սեփականատէր Դրօ Պիկլարիի նուիրած դեղերուն շնորհիւ, իսկ առաքման նպաստած են «Universal Service Exchange» ընկերութիւնը եւ Գագիկ Թահմազեան:

«Մեր երիտասարդներուն կողքին ենք` մեր զինուորներուն աջակցելու նպատակով իրականացուող այս նախաձեռնութեան զարկ տալու համար», յայտնած է ՀՅԴ Կլենտէյլի «Ահարոնեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Բալաբեկ Բարսամեան, որ համակարգած է նուիրատուութիւնները հաւաքելու ջանքերը:

Ուղարկուելիք իրերը առաքումի յարմար տուփերու մէջ զետեղելու աշխատանքը իրականացուցած են ՀԵԴ-ի «Մեր զինուորներուն կողքին» նախաձեռնութեան եւ Կլենտէյլի ՀԵԴ-ի Կրտսերներու անդամները:

«Մեր զինուորներուն կողքին» յանձնախումբի ատենապետ Դաւիթ Առաքելեան կը յայտնէ, թէ զինուորներուն օժանդակութիւններ առաքելու աշխատանքը կը շարունակուի` նշելով, որ յատկապէս այս օրերուն յո՛յժ կարեւոր է, որ հայութիւնը միակամ հաւաքուի եւ կանգնի Հայաստանի եւ Արցախի զինուորներուն կողքին, որոնք իրենց կեանքերուն գնով կը շարունակեն պաշտպանել Հայաստանի եւ Արցախի սահմանները:

«Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւին նուիրատուութիւն կատարելու համար, այցելել http://withoursoldiers.com/donate կայքէջը, կամ նուիրատուութիւնը յղել Armenian Youth Federation, 104 N. Belmont St. #303, Glendale, CA 91206 հասցէին:

Նշենք, որ 2012-ին մեկնարկած «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւին նախնական նպատակն էր բժշկական աջակցութիւն տրամադրել Արցախի ազատագրական պայքարին ընթացքին վիրաւորուած զինուորներուն: Անոր միջոցով կարելի է հասնիլ աւելի քան 80 զինուորներու կարիքներուն: Նախաձեռնութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.withoursoldiers.com կայքը:

Ուրցաձորի Մէջ Պաշտօնապէս
Բացումը Կատարուած Է Վայրի
Անասուններու Փրկարար Կեդրոնին

VivaCell_50616DSC_1593-600x400Ուրցաձորի մէջ պաշտօնապէս բացումը կատարուած է վայրի անասուններու փրկարար կեդրոնին, որ պիտի գործէ Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին կողմէ պահպանուող տարածքին` Կովկասեան կենսաբազմազանութեան ապաստարանին մէջ: Արդէն պատրաստ է կեդրոնի կառոյցներէն մէկը` քարանթինային կայանը, ուր ժամանակաւորապէս պիտի տեղափոխուին Գիւմրիի մասնաւոր կենդանաբանական պարտէզին երեք առիւծները: Անասունները Ուրցաձոր տեղափոխուած էին հիմնադրամին եւ Կենդանաբուժներու համաշխարհային ծառայութեան համակարգուած գործողութիւններու շնորհիւ: Նշենք, որ քարանթինայի կայանի կառուցման, ինչպէս նաեւ առիւծներու կերակրման եւ խնամքի բոլոր ծախսերը հոգացած է Կենդանաբուժներու համաշխարհային ծառայութիւնը: Հայաստանի մէջ առիւծներու համար ապահովուած քարանթինային հանգրուանին պիտի յաջորդէ եւս մէկը, այս անգամ` բրիտանական Manor Wildlife Park-ին մէջ տեղակայումը: Այնուհետեւ առիւծները պիտի տեղափոխուին ժամանակակից չափորոշիչներով կառուցուած` Peak Wildlife Park-ի ապաստարանը:

Նախագիծի ծիրին մէջ Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին, Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան եւ Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութեան միջեւ պիտի ստորագրուի եռակողմ համագործակցութեան յուշագիր, որ պիտի ամրագրէ եւ վայրի անասուններուն միջեւ կարելի պիտի դարձնէ միջադէպերու կանոնակարգուած, մասնագիտական կառավարման հարցին մէջ կողմերուն պատրաստակամութիւնը: Նախապէս համագործակցութեան յուշագիր ստորագրուած է հիմնարկի եւ Կենդանաբուժներու համաշխարհային ծառայութեան միջեւ: Նախագիծին իր երկարաժամկէտ աջակցութիւնը յայտնած է Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի գլխաւոր գործընկեր «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը` կեդրոնին յատկացնելով նորագոյն արհեստագիտութեամբ համալրուած շտապ օգնութեան մեքենայ մը:

«Երբ մարդիկ կը սորվին ընդունիլ, պահպանել բնութիւնը եւ մանաւանդ չխանգարեն անոր ինքնակարգաւորման գործընթացը, զգալի յառաջընթաց կ՛արձանագրուի ո՛չ միայն բուսական եւ կենդանական աշխարհի, այլեւ` հասարակութեան ինքնագիտակցութեան մէջ: Եթէ մենք այս ամէնը համարենք երկրորդական, տխուր հետեւանքներով լի երկիր պիտի փոխանցենք ապագայ սերունդներուն: Պարտուողական կեցուածքը, սակայն, յատուկ չէ մեր ազգին. մենք պէտք է համարձակ ըլլանք, ընդունինք մարտահրաւէրը եւ շարունակենք աշխարհին ապացուցել, որ քաղաքակրթութիւնը դրսեւորուած է ոչ թէ խօսքերով, այլ` ապրած կեանքով եւ վարքագիծով: Մենք այս տրամաբանութեան կողմնակիցն ենք», յայտնած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը:

Վայրի բնութեան փրկարար կեդրոնի փորձագիտական խումբի կազմը պիտի ներկայացնէ Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին, Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութեան եւ Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մասնագէտները:

Վայրի բնութեան կամ քաղաքային միջավայրի մէջ մարդկային գործունէութեան պատճառով խոցելի իրավիճակի մէջ յայտնուած եւ կամ վտանգ ներկայացնող անասուններուն պիտի զննէ մասնագէտներու խումբ մը, որոնց եզրակացութեան հիման վրայ, ըստ անհրաժեշտութեան, պիտի տրամադրուի համապատասխան բուժօգնութիւն եւ խնամք, որուն պիտի յաջորդէ ապաստարաններէն անասուններու վերադարձը դէպի վայրի բնութիւն:

Փրկարար կեդրոնին թիրախը պիտի ըլլան այնպիսի հարցեր, ինչպիսիք են` մարդկային միջամտութեամբ վայրի բնութեան հասցուած վնասը, անազատ կամ կիսազատ պայմաններու մէջ պահուող անասունները, եւ անոնց հանդէպ դաժան վերաբերմունքն ու խոշտանգումը:

Կեդրոնական Դրամատան Հաշիւները
2015-ի
ն Աւելցած Են 56,3 Միլիառ Դրամով

Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան ընդհանուր հաշիւները 2015-ի աւարտի դրութեամբ աւելցած են մօտ 56,3 միլիառ դրամով` նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ համեմատաբար:

31 դեկտեմբեր 2015-ի դրութեամբ անոնք կազմած են 1 եռիլիոն 435 միլիառ 533 միլիոն 904 հազար դրամ, 2014-ի 31 դեկտեմբերի դրութեամբ` 1 եռիլիոն 379 միլիառ 243 միլիոն 703 հազար դրամ:

Այս տուեալները տեղ գտած են 31 դեկտեմբերի 2015-ի դրութեամբ Կեդրոնական դրամատան համախմբուած նիւթական վիճակին վերաբերող հաշուետուութենէն: Նշեալ ժամանակաշրջանին աւելցած են նաեւ արտարժութային շրջանառութեան ծաւալները` կազմելով 924 միլիառ 590 միլիոն 79 հազար դրամ, 31 դեկտեմբեր 2014-ին` 775 միլիառ 221 միլիոն 799 հազար դրամ:

Տեղական արժոյթով հաշիւները նուազած են` կազմելով 510 միլիառ 943 միլիոն 625 հազար դրամ: 2014-ի դեկտեմբեր 31-ի դրութեամբ անիկա կազմած է 604 միլիառ 021 միլիոն 904 հազար դրամ: Հաշուետու ժամանակաշրջանին Կեդրոնական դրամատան կողմէ դրամատուներուն եւ այլ ֆինանսական հաստատութիւններուն մէջ տեղաբաշխուած միջոցները արտարժոյթով կազմած են 270 միլիառ 495 միլիոն 708 հազար դրամ, որ նախորդ տարուան հետ բաղդատելով աւելի է 32,1 միլիառով:

Դրամատուներու եւ այլ ֆինանսական հաստատութիւններու մէջ տեղաբաշխուած միջոցներն ու ներդրումները արժոյթով կազմած են 316 միլիառ 776 միլիոն 643 հազար դրամ` նախորդ տարուան համեմատ նուազելով 65 միլիառ դրամով: Վաճառքի համար մատչելի հաշիւները, արտարժոյթով, 2 միլիառ 222 միլիոն 840 հազար դրամ են, արժոյթով` 101 միլիառ 286 միլիոն 20 հազար դրամ:

Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբը
Էդուարդ Միրզոյեանի 95-Ամեակին Նուիրուած
Նուագահանդէս Պիտի Ներկայացնէ 

12.05.16-web

Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը 20-րդ դարու հայ մեծ երգահան Էդուարդ Միրզոյեանի 95-ամեակին նուիրուած յոբելենական նուագահանդէս պիտի ներկայացնէ:

Այս մասին տեղեկացուցած են նուագախումբի մամուլի ծառայութենէն: Նուագահանդէսը տեղի պիտի ունենայ մայիս 12-ին Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահին մէջ: Պիտի հնչեն մեծ յօրինողին յայտնի եւ սիրուած ստեղծագործութիւնները:

Էդուարդ Միրզոյեան ծնած է 1921 թուականին, Վրաստանի Կորի քաղաքը: 1941-ին աւարտած է Երեւանի երաժշտանոցին ստեղծագործական բաժինը` Վարդգէս Տալեանի դասարանը: 1946-1948 թուականներուն կատարելագործած է իր տաղանդը Մոսկուայի Հայ մշակոյթի տան երաժշտական բաժանմունքին մէջ: 1948-էն դասաւանած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին մէջ:

Հեղինակ է բազմաթիւ ստեղծագործութիւններու: Անոր աշակերտած են անուանի յօրինողներ` Ստեփան Ջրբաշեան, Ջիւան Տէր Թադէոսեան, Կոստանդին Օրբէլեան, Աւետ Տէրտէրեան, Խաչատուր Աւետիսեան, Ռոպերթ Ամիրխանեան եւ ուրիշներ: 1988-ին արժանացած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան Արամ Խաչատրեանի անուան մրցանակին: 1963-ին արժանացած է Հայաստանի, 1981-ին` Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտի կոչման: Մահացած է Երեւանի մէջ: 2013-ին Դիլիջանի յօրինողներու ստեղծագործական տունը անուանուած է Էդուարդ Միրզոյեանի անունով, իսկ Երեւանի մէջ ստեղծուած է անոր անուան լարային քառեակ:

VivaCell-MTS_logotype_high


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>