ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Արցախի իրողական վիճակն ու կացութիւնը կը շարունակէին մնալ լարուած, գործադուլներն ու դասադուլները կը շարունակուէին, իսկ կրակմարի դրութիւնը կը մնար անփոփոխ: Միայն Շուշիի շրջանին մէջ գործադուլ տեղի չէր ունենար:
Կիրակի, 11 յունիս 1989-ին հաւաք մը տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի մէջ. խօսք առնողները վերարծարծեցին ժողովուրդին պահանջները: Անոնք շեշտեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի ընկերային եւ տնտեսական հարցերը միայն քաղաքական լուծումով կարելի է հարթել:
Խորհրդային Հայաստանի խորհրդարանի նիստը բացուեցաւ 23 յունիսին եւ երկարաձգուեցաւ մինչեւ 26 յունիս: Տեղի ունեցան բուռն բանավէճեր: Բանավէճերուն մեծ մասը կը հրահրուէր Ղարաբաղ կոմիտէի անդամներուն կողմէ, որոնք առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցէին խորհրդարանի աշխատանքներուն: Անոնք կը պահանջէին ճանչնալ Հայոց համազգային շարժումը: Յունիս 26-ին խորհրդարանը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց համազգային շարժումը:
Ըստ իր ծրագիրին, Հայոց համազգային շարժումին առաջնահերթ նպատակն էր Արցախի վերամիացումը Հայաստանին:
Արցախի մէջ կացութիւնը համեմատաբար խաղաղած ըլլալով, յունիս 24-ին կրակմարի դրութիւնը կրճատուեցաւ կէս գիշերուան ժամը 1:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00:
Քրեմլինի ղեկավար Միխայիլ Գորբաչով յուլիս 1:00-ին զգուշութեան հրաւիրեց Խորհրդային Միութեան ժողովուրդները, պահանջելով, որ անոնք վերջ տան ազգամիջեան հակադրութիւններուն եւ անկախ ու ինքնիշխան պետութիւններ ստեղծելու ճիգերուն:
* * *
Հայաստանի բնակչութեան տեղաշարժը նոր մտահոգութիւններու դուռ բացած էր:
Երկրաշարժին հետեւանքներէն մէկը եղած էր այն, որ կարգ մը շրջաններ գրեթէ պարպուին իրենց բնակչութենէն: Ոմանք մնացած էին Հայաստանի սահմաններուն մէջ, իսկ ուրիշներ այլ երկիրներ փոխադրուած էին: Երկրի բնակչութեան թիւը վտանգաւոր կերպով անկում արձանագրած էր:
Պետութիւնը կը փորձէր լուծումներ ապահովել` բազմանդամ ընտանիքներուն նիւթական հատուցումներ ընելով եւ այլ միջոցներու դիմելով, որպէսզի քաջալերէր գաղթականներու վերադարձը` դէպի պարպուած շրջանները: Շատեր սակայն կը վախնային վերադառնալու եւ մանաւանդ բազմայարկ շէնքերու մէջ բնակելու, որովհետեւ իրենց վստահութիւնը կորսնցուցած էին պետութեան կողմէ կառուցուած շինութիւններուն հանդէպ:
Գաղթականութեան հարցը ծանրացած էր նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած բախումներուն հետեւանքով, որոնց պատճառով բազմահազար հայեր լքած էին շրջանը:
Միւս կողմէ, բարենպաստ պայմաններու բերումով, մէկ տարուան ընթացքին տասներկու վանք եւ եկեղեցի վերաբացուած էին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Վերահաստատուած էր Սիւնեաց թեմը, իսկ Արցախի եկեղեցիները Պարգեւ եպիսկոպոս Մարտիրոսեանի տեսչութեան ներքեւ դրուած էին: Վերաբացուած վանքերու եւ եկեղեցիներու բարեկարգումի եւ վերանորոգութեան աշխատանքները ընթացք առած էին:
* * *
Յուլիսի առաջին օրերուն Արցախի մէջ կացութիւնը կրկին լարուեցաւ եւ նոր խռովութիւններ սկսան: Ստեփանակերտի շրջանին մէջ հայերու եւ ազերիներու միջեւ փոխադարձ կրակոցներ ծայր առին. ինկան վիրաւորներ: Հայ կիներ եւ երեխաներ, ջարդէ վախնալով, անտառները ապաստան գտան: Վայրագ կռիւներ տեղի ունեցան յատկապէս Ստեփանակերտի մօտակայ Կրկճան գիւղին մէջ:
Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ցամաքային ճամբաները խզուած էին: Ազերիներու զինեալ խումբեր հետեւողական կերպով յարձակում կը գործէին այդ ճամբաներէն անցնողներուն վրայ:
Ստեփանակերտի մէջ խորհրդային ոստիկան զօրքերը ահազանգային վիճակի մէջ դրուեցան. անոնք փորձեցին վերաբանալ կարգ մը ճամբաներ: Ծայր առին նոր բախումները: Ճամբաներու վրայ ոստիկանութիւնը խուզարկութիւններու ձեռնարկեց:
Յաջորդող օրերուն հայերու դէմ վայրագութեան եւ խուժանային արարքներ գործադրուեցան Մարտակերտի, Շուշիի եւ Ասկերանի մէջ:
Ստեղծուած կացութեան ի տես Խորհրդային Միութեան ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկան զօրաց հրամանատար զօրավար Եուրի Շաթալին Արցախ մեկնեցաւ, տեղւոյն վրայ քննելու համար կացութիւնը: Իսկ Լեռնային Ղարաբաղի յատուկ վարչամեքենան արտակարգ նիստ մը գումարեց:
Իր կարգին Հայաստանի խորհրդարանը դիմեց Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդին, որպէսզի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի խորհրդարանները անմիջական միջոցառումներ ճշդեն կացութիւնը խաղաղեցնելու համար:
* * *
«Ազդակ», 25 յուլիս 1989-ի թիւով եւ «Պայքարի վճռական օրինակը» խորագիրով խմբագրականով կ՛ըսէր, որ Սումկայիթէն մինչեւ Նախիջեւան, Գանձակ եւ Շուշի, ցեղասպանական ջարդերու ենթակայ հայ ժողովուրդը կը գտնուի իր ազգային արժանապատուութիւնը ամրացնելու եւ իր քաղաքական կշիռը աւելցնելու պատմական հրամայականներուն առջեւ:
«Ազդակ» կ՛աւելցնէր ըսելով, որ ընդհանրական շահու գիտակցութեան, միակամ շարժումի եւ արի ու խելացի արարքներով է, որ կը կերտուի Հայաստանի ամբողջացումը եւ հայ ժողովուրդին կեդրոնացումը` իր պատմական հայրենիքին բոլոր հողերուն վրայ, Արցախէն մինչեւ Նախիջեւան եւ Արեւմտեան Հայաստան:
* * *
Հայաստանը Արցախին կապող ճամբաներուն վրայ ազերիներ սկսան քարէ պատնէշներ բարձրացնել եւ հոնկէ անցնող ինքնաշարԺներուն վրայ յարձակումներ գործելով Արցախը շրջափակման մէջ առնել:
Միւս կողմէ, ազերիներ քարկոծելով գրաւեցին Երեւան-Պաքու երկաթուղագիծէն մաս մը եւ արգիլեցին շոգեկառքերու անցքը: Բայց յետոյ խորհրդային ներքին ապահովութեան ուժերը ստանձնեցին երկաթուղիին հսկողութիւնը եւ ցրուեցին խռովարարները:
Օգոստոսի կէսերուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութիւնը զգալիօրէն վատթարացաւ եւ հայերու, ազերիներու եւ պետական ուժերու միջեւ լարուածութիւնը բարձրացաւ:
Պաքուի մէջ ազերիներ մեծ ցոյց մը կազմակերպեցին, պահանջելով Լեռնային Ղարաբաղի վարչական յատուկ դրութեան ջնջումը եւ ինքնավար մարզին մէջ Ազրպէյճանի գերիշխանութեան անփոփոխ պահպանումը:
Միւս կողմէ, Հայաստանի մէջ վառելանիւթի տագնապ ստեղծուեցաւ, որովհետեւ Հայաստան առաքուող վառելանիւթի մթերքները գրաւուեցան Ազրպէյճանի մէջ եւ Հայաստան գործնապէս պաշարման ենթարկուեցաւ:
Իսկ Արցախի հայութիւնը ընտրեց նոր խորհրդարան մը, որուն մէջ ազերիներ մաս չէին կազմեր: Նոր խորհրդարանը կոչ ուղղեց վերջ տալու գործադուլներուն:
Օգոստոսի վերջին օրերուն Խորհրդային Միութեան ներքին գործոց նախարարութիւնը յաւելեալ ուժ ղրկեց Հայաստան եւ Ազրպէյճան:
Իր կարգին Լեռնային Ղարաբաղի յատուկ կառավարիչ Արքատի Վոլսքի յայտնեց, որ շրջանին մէջ որեւէ պահուն քաղաքացիական պատերազմ
կրնայ պայթիլ հայերու եւ ազերիներու միջեւ:
Միւս կողմէ, ազերի պատասխանատուներ յայտնեցին, որ ազերիներ չեն կրնար Պաքուէն Ստեփանակերտ երթալ, «որովհետեւ հայեր զինեալ յարձակում կը գործեն իրենց վրայ»:
***
Պաքուէն հայերու գաղթը կը շարունակուէր եւ քաղաքի նախապէս 200 հազար հայութենէն 1989-ի սեպտեմբերի սկիզբը շուրջ 40 հազար հոգի մնացած էր:
Ազերիներ կը շարունակէին ահ ու սարսափի քաղաքականութիւնը, զանոնք վռնտելու բացայայտ միտումով:
Պաքուի Խութոր թաղամասին մէջ, ուր նախապէս տասնեակ հազարաւոր հայեր կ՛ապրէին, բնակութիւն հաստատած էին Հայաստանէն գաղթած ազերիներ:
Գաղթականներուն Պաքու հաստատումէն ետք, հայերուն վրայ յարձակումները բազմացած էին: Յարձակողները գլխաւորաբար երիտասարդ գաղթականներ էին:
Ազերի երիտասարդներ փողոցներուն մէջ խումբերով կը յարձակէին հայերու վրայ ու անոնց կը սպառնային, ըսելով թէ պէտք է իրենց տուներն ու աշխատանքները լքեն եւ հեռանան:
***
Լեռնային Ղարաբաղի յատուկ վարչամեքենան եւ շրջանին ապահովութեան հսկող ներքին ապահովութեան ուժերը անկարողութեան մատնուած էին: Չորս հազար զինուորներ գործնապէս ոչինչ կ՛ընէին շրջանին մէջ անդորրութիւն հաստատելու համար: Աւելին, այդ ուժերու հրամանատարը` զօրավար Եուրի Շաթալին եւ երկու այլ զօրավարներ երեք ժամ պատանդ բռնուեցան ազերի աւազակախումբերու կողմէ:
Կացութիւնը 1989 սեպտեմբերի սկիզբը արագ վատթարացում արձանագրեց: Ինքնաշարժներ կրակոցներու եւ քարկոծումի թիրախ դարձած էին եւ կիներ ու մանուկներ ալ յարձակումի կ՛ենթարկուէին:
Արցախցիք սկսան ինքնապաշտպանութեան խմբակներ կազմել, համոզուելով, որ երբ ներքին ապահովութեան ուժերը իրենց հրամանատար Շաթալինը չեն կրնար պաշտպանել, երբեք պիտի չկարենային ժողովուրդը պաշտպանել:
Լեռնային Ղարաբաղի խորհուրդը, իր կարգին, կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին, որպէսզի շրջանի հայ բնակչութեան ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար, անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները որդեգրէ եւ ի հարկին` ուժ ղրկէ շրջան: Կոչ կ՛ուղղուէր նաեւ Խորհրդային Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութեան, որպէսզի ուժ ղրկէ Արցախ, բնակչութեան ապահովութեան հսկելու համար:
***
Ազերիներու կողմէ Ազրպէյճանէն Հայաստան հասնող շոգեկառքերու անդամալուծումը պատճառ դարձած էր, որ Հայաստանի տնտեսութիւնը շատ ծանր տագնապի մատնուի: Հայաստանի պարենաւորման 87 առ հարիւրը Ազրպէյճանի ճամբով կը կայտարուէր:
Կացութիւնը այնքան ծանրակշիռ դարձած էր, որ հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդը սեպտեմբեր 13-ին Երեւանի ձայնասփիւռէն կոչ ուղղեց խորհրդային խորհրդարանին եւ Ազրպէյճանի Գերագոյն խորհուրդին, որպէսզի անհրաժեշտ միջոցառումներուն դիմեն` շոգեկառքերու դէպի Հայաստան ճամբորդութիւնը վերսկսելու համար:
Հայաստանի մէջ քարիւղի տագնապը պատճառ դարձած էր մինչեւ իսկ հիւանդատար կառքերու անդամալուծման, իսկ շինարարական նիւթերու սպառումին իբրեւ հետեւանք` երկաշարժին ընթացքին քանդուած շրջաններու վերակառուցումը ամբողջովին կանգ առած էր:
Միլիոնաւոր թոն սննդանիւթ, որոնց կարգին երկրաշարժի աղիտեալներուն տրամադրուած արտաքին օժանդակութիւններ, դիզուած կը մնային Ազրպէյճանի մէջ:
***
«Ազդակ» 21 սեպտեմբեր 1989-ի թիւով եւ «Արցախի հայութիւնը առանձին չէ» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ Արցախի քաջ հայերը կ՛ապրին ծանր օրեր: Շրջանը ենթակայ է ազերիներու ամբողջական պաշարումին. ո՛չ վառելանիւթ, ո՛չ ուտեստեղէն եւ ոչ դեղ կը հասնի ժողովուրդին:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ Խորհրդային Միութեան կեդրոնական իշխանութիւնները, կամայ թէ ակամայ, կը գտնուէին անկարող վիճակի մէջ եւ փաստօրէն ազերիները կը գործէին սանձարձակ վայրագութեամբ եւ ամբարտաւանութեամբ:
«Ազդակ» կը նշէր, որ հակառակ ապրուստի եւ ֆիզիքական ճգնաժամային վիճակին, Արցախի հայութիւնը կը յարատեւէր, նպատակասլաց եւ անշեղ կերպով, դէպի իրականացումը հայ դատին տեսլականին, դէպի միացում մայր հայրենիքին եւ ազգին հետ:
Ո՛չ ոք թող կասկածի, որ հայ ժողովուրդը կը գտնուի իր եւ իր հայրենիքին ապագայ կեանքը եւ յաջողութիւնները կշռող ճակատագրական ժամանակաշրջանի մը մէջ, կ՛ընդգծէր «Ազդակ» եւ կը շարունակէր.
Արցախահայութեան մղած պայքարը ազգային եւ պատմական անփոխարինելի արժէք է: Անիկա խորհրդանիշ չէ այլեւս, այլ` իրական կռիւ, որ տեղի կ՛ունենայ հայու հողին վրայ, ընդդէմ ցեղասպանական քաղաքականութեան եւ համաթրքական ցեղախումբին մոլուցքին:
«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ ներկայ Հայաստանը հիմքը եւ մեկնակէտն է ամբողջական Հայաստանին. իսկ հողահաւաքի համար մղուող պայքարը` հայ ժողովուրդի կենսունակութեան եւ ապրելու ու յառաջդիմելու եռանդին աւիշն է:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ արցախեան պահանջատիրութիւնը ոչ միայն արդար է եւ գեղեցիկ, այլ նաեւ` հիմքն է ազգային եւ քաղաքական իր արմատներուն հայութեան վերադարձին, վերադարձ` հայութեան պատկանող հողերու միացման եւ հայութեան ապագան եւ յառաջդիմութիւնը ապահովող հայկական բնօրրանի վերակառուցման:
* * *
Խորհրդային Հայաստանի խորհրդարանը 21 սեպտեմբեր 1989-ին դիմում ներկայացուց Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդին եւ անկէ պահանջեց, որ անմիջական միջոցառումներ որդեգրէ, քակելու համար Ազրպէյճանի կողմէ մէկ ամիսէ ի վեր Հայաստանի եւ Արցախի պարտադրուած պաշարման վիճակը:
Իր կարգին Խորհրդային Հայաստանի համայնավար կուսակցութեան ղեկավար Սուրէն Յարութիւնեան Մոսկուայի մէջ, Խորհրդային Միութեան համայնավար կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի ժողովին ընթացքին ճգնաժամային որակեց Հայաստանի վիճակը: Իր խօսքին մէջ ան շեշտեց, որ հարցը Հայաստան-Ազրպէյճան տագնապ չէ, այլ` Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի պահանջը, որուն անտեսումը համազօր է կուսակցութեան ազգային քաղաքականութեան վարկաբեկման: Իբրեւ լուծում ան պահանջեց Լեռնային Ղարաբաղը հռչակել ինքնավար շրջան եւ զայն կապել կեդրոնական իշխանութեան եւ այդ մօտեցումով վերակազմակերպել մարզին կուսակցական եւ խորհրդային մարմինները: