Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ոճրագործներ Կը Քանդեն Արիզոնայի Ս. Աբգար Եկեղեցւոյ Խաչքարը

$
0
0

Arizona_51016

Արիզոնայի Սքաթստէյլ քաղաքի Ս. Աբգար Հայց. եկեղեցւոյ մէջ կառուցուող խաչքարը շաբաթ, ապրիլ 28-ին քանդուած է անյայտ ոճրագործներու կողմէ:

Եկեղեցւոյ ճարտարապետը յայտնած է, թէ տեղի ունեցածը հայութիւնը դիտումնաւոր կերպով թիրախ դարձնող արարք մըն էր, յատկապէս որովհետեւ անիկա տեղի ունեցած է ապրիլ 24-ի շաբթուան ընթացքին:

Սքաթստէյլ քաղաքի ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն բացած է բացայայտելու համար ոճրագործները:

ՍՔԱԹՍՏԷՅԼ, «12 Նիուզ»

Քոսթա` Ի Պատիւ Թեհլիրեանին
Ելոյթ Կ՛ունենայ Քոնկրեսին Մէջ

Քոնկրեսի շէնքին մէջ ապրիլ 27-ի երեկոյեան կայացած Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման տարեկան ձեռնարկին ընթացքին խօսք առած քոնկրեսական Ճիմ Քոսթա (Քալիֆորնիոյ 13-րդ ընտրատարածք) յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչներէն Թալէաթ փաշան Պերլինի մէջ ահաբեկած Սողոմոն Թեհլիրեանին:

Քոսթա ըսաւ, թէ իրեն համար պատիւ մը եղած է մասնակցիլ Ֆրեզնոյի հայութեան ու Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած եւ քանի մը օր առաջ Ֆրեզնոյի «Արարատ-Մասիս» գերեզմանատան մէջ կայացած արարողութեան, որուն ընթացքին ինք ծաղկեփունջ մը զետեղած էր Թեհլիրեանի շիրիմ-յուշարձանին առջեւ: Հոն արտասանած իր խօսքին մէջ ան շեշտած էր, թէ Թեհլիրեան «իսկակա՛ն հայ հերոս մըն է», որ որոշ արդարութիւն բերաւ անոնց, որոնք զոհ գացին բռնարարքներու:

Քոսթա նաեւ քննադատած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման, որ իր պաշտօնավարութեան օրերուն մերժեց յստակօրէն հաստատել Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը:

Ֆրեզնոյի ձեռնարկին ներկայ եղած էր նաեւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեանը:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին մօտիկ գործակից մը հանդիսացող Քոսթան առաջին անգամ Ներկայացուցիչներու տան անդամ ընտրուած էր 2004-ին:

Ամերիկեան 14 Կազմակերպութիւններ Կը Դատապարտեն
Ցեղասպանութիւնը Ուրացող Ծանուցումներու Հրապարակումը

Արեւելեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող 14 կազմակերպութիւններ միացեալ նամակով մը դիմած են «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ», «Ֆիլատելֆիա Ինքուայըրըր» եւ «Շիքակօ Թրիպիւն» թերթերուն, որ ներողութիւն խնդրեն Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրացող ծանուցումներ հրատարակելու իրենց որոշումին համար, միաժամանակ պահանջելով անոնցմէ, որ վերատեսութեան ենթարկեն ծանուցումներու առնչուող իրենց օրէնքները, որպէսզի նման անընդունելի սխալներ չկրկնուին ապագային:

Պոլիս հաստատուած «Թըրքիք փլեթֆորմ» հիմնարկը ապրիլ 20-էն սկսեալ միլիոնաւոր տոլարներ ծախսած էր նշեալ եւ այլ թերթերու մէջ ամբողջական էջերով ծանուցումներ գնելու, ինչպէս նաեւ վահանակներու վրայ իրենց ժխտողական պատգամները զետեղելու համար:

Կարգ մը թերթեր, ներառեալ` «Սան Հոզէի Մըրքըրի Նիուզ»-ը, արդէն իսկ ներողութիւն խնդրած են նման ծանուցումներու տեղ տալ      ու որոշումին համար` խոստանալով վերատեսութեան ենթարկել իրենց ծանուցումներու օրէնքները: Բողոքներուն տեղի տալով` Շիքակոյի, Պոսթընի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ վահանակներու վրայ զետեղուած պատգամները վերցուած էին:

Արեւելեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողքին, վերոնշեալ միացեալ նամակը ստորագրած կազմակերպութիւններն են` Փոքր Ասիոյ եւ Պոնտոսի յոյներու ուսումնասիրական կեդրոնը, «Քարլ Ուաթքինզ» հիմնարկը, Տարֆուրի միջկրօնական ցանցը, Ցեղասպանութեան դէտը, Յոյն-ամերիկեան ղեկավարման խորհուրդը, Քրիստոնեաներու պաշտպանը, Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութիւնը, Հրէական համաշխարհային դէտը, Տարֆուրի ի նպաստ ուսանողական մարմինը (STAND), «Վե՛րջ ցեղասպանութեան, հիմա՛»-ն, «Պահանջ` գործնական քայլերու»-ն, «Միասնաբար կը յիշենք»-ը եւ «Միասնաբար վերջ տանք ցեղասպանութեանց»-ը:

«Սքայթայփըրզ» Ներողութիւն Կը Խնդրէ
Ցեղասպանութիւնը Ուրացողներուն Աջակցելու Համար

Ապրիլ 25 թուակիր բաց նամակով մը, «Կայքօ» ընկերութեան մէկ մասնաճիւղը հանդիսացող «Սքայթայփըրզ»-ը, որ օդանաւերու օգտագործումով ծանուցումներ եւ պատգամներ «կը գրէ» օդին մէջ, ներողութիւն խնդրած է բոլոր անոնցմէ, որոնք վիրաւորուած են Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրացող պատգամներէն, ընդունելով, որ բաւարար տեղեկութիւններ չէ ունեցած այդ պատգամներուն մասին, եւ շեշտելով, որ պէտք էր յաւելեալ ուսումնասիրութիւն կատարուէր` նախքան թուրք ուրացողներուն այդ պատուէրը ընդունիլը:

Խոստանալով ապագային աւելի ուշադիր ըլլալ` «Սքայթայփըրզ» ընկերութիւնը նաեւ պնդած է, թէ իր այդ օդանաւերը պատգամները գրած են միայն Նիւ Եորքի մէջ եւ մեղսակից չեն եղած ապրիլ 23-24 Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանին մէջ տեսնուած պատգամներու տարածման մէջ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>