Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Նամականի

$
0
0

«Ազդակ» օրաթերթի
յարգարժան տնօրէնութիւն,

Վերջին իրերայաջորդ տարիներուն արտասովոր դրութեամբ կը կազմակերպուին միջդպրոցական «մրցանք»-ներ, որոնք նոյնանման խորագիրով ու բովանդակութեամբ ձեռնարկներ են:

Կազմակերպիչները ընդհանրապէս երիտասարդական միութիւններ են. կարծէք թէ անոնք զիրար կը հալածեն` ցոյց տալու, թէ ո՛վ աւելի լաւ ձեւով պիտի յաջողցնէ նոյն թեման:

Շաբաթական հերթականութեամբ անոնցմէ կը ստանանք նամակներ, որոնք շարահիւսուած են «մեծ-մեծ» բառերով եւ երբեմն ալ` քերականական եւ ուղղագրական սխալներով:

Կազմակերպիչները նամակը ուղարկելէ ետք յիշեցման կարգով կը հեռաձայնեն ստուգելու եւ կամ ապահովելու վարժարանին մասնակցութիւնը: Վերջերս ալ նորութիւնը այն է, որ հայ լեզուի ուսուցիչները ժողովի կը հրաւիրեն` ըսելով, թէ յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի փոխանցեն ձեռնարկին մասին: Այս ընթացքով կը սպասուի, որ անոնք վարժարան ներկայանան` ցուցմունքներ տալու. կը կարծեն, որ մենք անգործ ենք եւ գործ կը փնտռենք:

Ցաւօք սրտի, դպրոցներն ալ դարձեր են անոնց գործունէութեան դաշտը` իբրեւ հրշէջներու զօրանոցներ. երբ փողը հնչէ, աշակերտները կազմ ու պատրաստ ցատկելու են գործի դաշտ, իսկ եթէ մերժենք մասնակցիլ, վարժարանը կամ պատասխանատուն կը ներկեն այսօրուան մեր նորոյթ գոյներով:

Մենք կ՛ուզենք քաջալերել միջդպրոցական մրցանքները, գիտենք նաեւ անոնց առաւելութիւնները, սակայն ասիկա կ՛ենթադրէ չափ ու սահման` կազմակերպական փորձառութիւն եւ գիտութիւն:

Յառաջիկայի հաշուոյն կ՛առաջարկենք յառաջացնել միացեալ համադրող մարմին մը, որ իր կարգին կատարէ գործունէութեան բաշխում, որպէսզի իւրաքանչիւրը գործէ իր մարզին մէջ` ձեռնարկը լաւագոյն ձեւով յաջողցնելու համար, այլապէս այս ընթացքով «յօնք շինելու տեղ աչք պիտի հանենք»:

Առ ի գիտութիւն «մրցանակաբաշխ» միութիւններուն` մեր վարժարանները իրենց ուսումնական ծրագիրներով բաւականին ծանրաբեռնուած են արդէն…

Այս գրութիւնը բնականաբար դժգոհութեան եւ ընդվզումի արդիւնք է: Ուստի կ՛ակնկալենք, որ մեր մտահոգութիւնները տեղ գտնեն ամէնուրեք, որպէսզի լուծում ապահովուի այս յոյժ կարեւոր հարցին:

Յարգանօք`
ԿԱՐՊԻՍ ԳԱՊԱՍԱԳԱԼԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>