ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Քառօրեայ պատերազմէն ետք, երբ Հայաստանէն մինչեւ ամենահեռաւոր գաղութը զօրաշարժի ենթարկուեցաւ եւ զանազան նախաձեռնութիւններով իրենց մասնակցութիւնը բերին Արցախի պայքարին, զարմանալիօրէն եւ պաղարիւնութեամբ վարուեցաւ Ռուսիոյ հայ գաղութը:
Գիտէինք, որ աւելի քան մէկուկէս միլիոն հաշուող գաղութը ապրիլ 24-ը եւ Հայ դատը իրը չի սեպեր, սակայն չէինք գիտեր, որ Արցախի հարցն ալ իրը չի նկատեր:
Տարօրինակ եւ շշմեցնող վիճակ մըն է, որ զանազան մակարդակներով մտածել կու տայ.
Ա.- 25 տարուան անկախ մեր պետութիւնը, իր եօթը տարուան սփիւռքի նախարարութեամբ, ինչպէ՞ս չկրցաւ գաղութը կազմակերպել: Փաստօրէն գաղութներու կազմակերպումը երկու նպատակ կը հետապնդէ. նախ` գաղութը կազմակերպ աւելի երկար կ՛ապրի, իսկ կազմակերպուած գաղութ մը նման ժամանակաշրջանին աւելի ազդու դեր կ՛ունենայ քաղաքական իմաստով:
Բ.- Եկեղեցին իր կրօնական ներկայութեամբ, մինչեւ այսօր փաստօրէն Ռուսիոյ մէջ իր ներկայութիւնը չէ արժեւորած, եւ չենք կրցած գէթ կրօնական իմաստով առողջ գործունեայ եւ ազգային թեմեր ունենալ:
Գ.- Արտաքին գործոց նախարարութիւնը մանաւանդ վերջին տարիներուն իր յարաբերութիւններուն մէջ չէ կրցած քաղաքական դիւանագիտական ձեռքբերումներ ունենալ, որպէսզի Ռուսիոյ հայ գաղութը աւելի ներդրում ունենայ մանաւանդ Արցախի հարցով:
Այսօր փաստօրէն Հայաստան, սփիւռք, Արցախ եռանկիւնը միակամ է: Սակայն այդ միակամութեան մէջ ռուսահայութեան օղակը տկար է: Տկար ըլլալու պատճառներ պէտք չէ ունենայ: Զօրաւոր ըլլալու տուեալները աւելի շատ են:
Միայն նիւթական չէ ակնկալութիւնը, այլ` ազգային, քաղաքական եւ դիւանագիտական:
Ռուսիոյ հայութիւնը իբրեւ գաղութ` պէտք է աւելի ազդեցիկ եւ որոշիշ դեր ստանձնէ:
Առիթը չէ քննադատելու, սակայն այս պատերազմը բացայայտեց, որ մեր պետութիւնը զանազան մակարդակներու վրայ տկար օղակներ ունի: Տկար օղակներուն մէջն ալ Ռուսիոյ հայ գաղութի անգլուխ եւ անկազմակերպ ըլլալն է: Ո՞վ է պատասխանատուն. զայն փնտռելու ժամանակը չէ, սակայն սխալը սրբագրելու ժամը անցած է: