Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Նշում Եւ Քայլարշաւ

$
0
0

_DSC0203-(Medium)

Ուրբաթ, 22 ապրիլ 2016-ին, Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի աշակերտները Ցեղասպանութեան 101-ամեակը նշեցին զանազան ձեռնարկներով: Տարրական բաժինի աշակերտները մոմեր վառեցին ու ծաղիկներ զետեղեցին դպրոցի մուտքին` նահատակ մտաւորականներուն բարձրաքանդակներուն առջեւ:

IMG_5630-(Medium)

ԺԱ. դասարանի աշակերտներուն կազմակերպութեամբ, ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկը` մասնակցութեամբ նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն: Ձեռնարկը վարեցին ԺԱ. դասարանէն Նարօտ Սէրուժեան եւ Քրիստ Բրուտեան` յայտագիրին ընթացքին հայ գրագէտներու ոգեշունչ խօսքեր արտասանելով:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը:

Բացման խօսքը կարդաց ԺԱ. դասարանէն Յակոբ Թաշճեան: Ան ըսաւ. «Այսօր հայուն ֆիզիքական էութիւնը դարձեալ ենթարկուած է վտանգի` նոյն թուրքին կողմէ: Արցախի ապրիլեան վերջին բախումները յստակացուցին այս մէկը մեզի եւ ամբողջ աշխարհին: Ճիշդ է, ասոր կողքին, հայը տարիներու ընթացքին ցոյց տուաւ իր իսկական հզօրութիւնը, եւ թշնամին սկսաւ լաւ ճանչնալու իր սահմանները. սակայն որեւէ սայթաքում կրնայ վնասել համայն հայութեան. hետեւաբար հայը պէտք է ըլլայ միշտ զգօն: Հայ ժողովուրդին առջեւ կը բացուին նորանոր մարտահրաւէրներ: Մենք` այսօրուան ուսանողներս, նուիրեալներ պիտի ըլլանք մեր պահանջներու հետապնդման: Պիտի կատարենք մեր պարտականութիւնը պատմութեան հանդէպ` յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան: Հայ ժողովուրդը արդարութիւն կը պահանջէ մինչեւ հարցի դրական լուծումը: Այս պահանջը մեր մէջ վերածուած է հաւատքի եւ պիտի իրականանայ մեր հայրենի հողերուն վերադարձով»:

Գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ տեսերիզի ցուցադրութեամբ, որմէ ետք Զ. դասարանէն Արամ Հանտեան ասմունքեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Կանք, կը մնանք»-ը, ապա ԺԱ. դասարանէն Արին Թաշեան, Արզնի Արսլանեան, Կրէյս Մարտիրոսեան եւ Կայա Գարամինասեան պարեցին «Եղեռնի պար»-ը` Կարէն Մակինեանի եւ Ժաքլին Սարխոշեանի բեմադրութեամբ: Այնուհետեւ դարձեալ տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն, որմէ ետք ԺԱ. դասարանէն Նարեկ Ճեմճեմեան ասմունքեց Գ. Էմինի «Մենք»-ը:

Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինը աւարտեցաւ երեք երգերով. Թ. դասարանի աշակերտները երգեցին «Աղբերս ու ես»` նուագակցութեամբ Նարեկ Մեսրոպեանի (կիթառ) եւ Կարօ Գրիգորեանի (դաշնակ), իսկ ԺԱ. դասարանի աշակերտները երգեցին «Տուն իմ հայրենի» եւ «Պիտ պաշտպանեմ»:

_DSC0073-(Medium)

Ձեռնարկի աւարտին Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան իր պատգամը փոխանցեց աշակերտներուն: Ան բարձր գնահատեց առանց ուսուցիչներու միջամտութեան աշակերտներուն կազմակերպած ոգեկոչման ձեռնարկը եւ ըսաւ. «Ձեր այս ոգիի ուժգնութեան գոյութեան` մենք պէտք չունինք մտահոգուելու մեր ժողովուրդին ապագայով»: Ան շարունակեց` ըսելով. «Անցեալ տարուան, 100-ամեակի լոզունգին` «Յիշել եւ պահանջել»,- աւելցուցի` յիշեցնել, որովհետեւ պահանջը խօսք կը մնայ, միայն, եթէ աշխատանք չկատարուի: Աշխարհը այնպէս է, որ ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն պարզապէս ընդհանուր խօսքեր են, մեծ պետութիւններու կողմէ կրկնուող խօսքեր, որոնք սակայն չեն յարգուիր իրենց իսկ կողմէ: Բոլորը շահի համապատասխան դիրքորոշումներ կ՛ունենան: Որպէսզի այդ շահը ունենանք, ուժի պէտք ունինք: Ի՞նչ է մեր շահը. մեր երկիրը, հայրենիքը, անոր հողը, ջուրը, մեր լեռնաշխարհի հարստութիւնները, մշակոյթը, լեզուն, որոնք պաշտպանութեան պէտք ունին, եւ անիկա միայն ուժով կ՛ըլլայ: Միայն զինուորական ուժ չէ, մտքի ու ոգիի ուժերը նոյնքան կարեւոր են: Ամսուան սկիզբը բոլորդ  տեսաք, թէ ինչպէ՛ս հայերը յաղթեցին Ազրպէյճանին, որ եթէ Հայաստանի հետ համեմատենք, շատ աւելի հարուստ երկիր է եւ ունի նոր ու արդիական զէնքեր: Ինչո՞ւ մենք յաղթեցինք: Որովհետեւ ունէինք ուրիշ ուժ մը: Հայ զինուորը կը կռուէր հաւատքով, բարձր ոգիով, հայրենասիրական ուժեղ զգացումով: Այդ ոգին է, որ յաղթեց: Արցախի հարցէն ետք, դիմադրութիւնը օրէնք է: Ինչ որ մերն է, արեան գնով կը պահպանենք: Օր մը մնացածն ալ մերը պիտի ըլլայ, թերեւս մենք չենք տեսներ, բայց դուք անպայման կը տեսնէք: Սիմոն Վրացեան 50 տարի առաջ ըսած էր մեզի, որ Հայաստանի անկախութիւնը ինք թերեւս չտեսնէ, բայց մենք կը տեսնենք: Եւ մենք տեսանք: Միացեալ Հայաստանի ստեղծումի ճամբուն վրայ կարեւոր քայլ մը եղաւ Արցախի ազատագրումը. մնացեալն ալ կ՛ըլլայ, եթէ ոգին բարձր ըլլայ»: Տնօրէնը իր խօսքը աւարտեց յորդորելով աշակերտները գիտութեամբ հարստանալ, որպէսզի կարենան վճռական կեցուածքով կատարել իրենց պարտականութիւնը:

Ձեռնարկէն ետք, ժամը 9:00-ին, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները` քայլարշաւով գացին Անթիլիասի մայրավանք, ուր տեղի ունեցաւ յիշատակի արարողութիւն եւ ծաղիկներու զետեղում` Նահատակաց յուշարձան-մատուռին դիմաց:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>