Որեւէ լեզուի մէջ ամէնէն քաղցրահունչ բառը անկասկած «մայր» բառն է: Մայրը ընտանիքին կորիզն է: Մայրերն են, որ ազգին բարօրութիւնը կը կերտեն` կերտելով իրենց զաւակներուն նկարագիրը:
3 մայիս 2016-ի ժամը 11:00-ին, Մայրերու օրուան առթիւ, ՔԱՀԼ-ի տնօրէնութիւնը եւ Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբը կազմակերպած էին ճաշկերոյթ մը «Ֆինիսիա» պանդոկին մէջ` նախագահութեամբ տիկ. Հուրի Վանլեանի:
Սրահը գրաւուած էր ազնուափայլ տիկիններով եւ համեստափայլ օրիորդներով, որոնք եկած էին ծերանոցի պատսպարեալ մամիկները պատուելու` իրենց նիւթական օժանդակութեամբ:
Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ:
Բացման խօսքը արտասանեց ՔԱՀԼ-ի տիկնանցի ատենապետ Սօսի Մենտիլեան:
ՔԱՀԼ-ի տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեան անդրադարձաւ օրուան նիւթին, ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ Տիկնանց օժանդակ յանձախումբի անդամուհիներուն:
Յայտագրի ներկայացումը կատարեց ՔԱՀԼ-ի տիկնանցի ատենադպրուհին` Շաքէ Գարայեան: Ապա տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: Մթնոլորտը խանդավառեց Լիւսի Չամսարեան` ջութակի նուագածութեամբ: Նաեւ տեղի ունեցաւ սահիկներու ցուցադրութիւն: Ցուցադրուեցան ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տան զանազան գործունէութիւնները, այցելութիւններ, տարեցներու արտագնացութիւններ եւ այլ ձեռնարկներ:
Յայտագրի, աւարտին վիճակահանութիւն կատարուեցաւ` զանազան վաճառատուներէ, անհատներէ եւ հաստատութիւններու կողմէ տրամադրուած արժէքաւոր նուէրներու:
ՔԱՀԼ-ի տարեց մամիկներուն անունով շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլորին:
ԹՂԹԱԿԻՑ