Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ապրիլեան Պատմութիւն Եւ Հայ Սերունդ

$
0
0

ՍԱԼԲԻ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Մենք` հայերս, այո՛, 24 ապրիլ 1915-ի յիշատակով կ՛ապրինք:

Հայկական դպրոցի մէջ ուսանելով` սորվեցանք Հայաստանի մասին, երգեցինք Արարատ լերան մասին եւ մեր մանկական երազներով ուզեցինք յաղթել թուրքերուն:

Հիմա մեր ընտանիքը կը մեծնայ: Սերունդ բառը խիստ ծանր բառ մը կը թուէր առաջ, բայց հիմա տարբեր է ընկալումը, երբ փոքր քոյրս  անուշիկ աղջնակ մը ունեցաւ, մայրս եղաւ մեծ մամի եւ մեծ մայրս ունեցաւ ծոռ եւ անոր կ՛երգէ «Այբ, բեն, գիմ…  Հայերէն է հայերէն շուտով սովորենք»: Եւ մենք կը շարունակենք մեր երթը` իբրեւ հասուն մարդիկ եւ իբրեւ հայ:

Ընթերցանութեանս ընթացքին հանդիպեցայ այս փիլիսոփային: Անունն է Էտմընտ Պըրքէ, որ կ՛ըսէ.  «Մարդիկ, որոնք առջեւ` իրենց գալիք սերունդին պիտի չնային բնաւ ետեւ իրենց նախահայրերուն չեն նայած»:

Այո, մենք մեր անցեալին նայելով` կը շարունակենք մեր հայ սերունդներով ապրիլ եւ գոյատեւել: Կը յիշենք մեր մեծ մօր կեսուրը, որ Տէր Զօրէն Լիբանան հասած էր: Այդ քաջ կնոջ անունն էր Պոեկանա: Ան երեսուն տարեկան հարս մըն էր, երբ մանուկ մը կռնակին` կը քալէր Տէր Զօրի մէջ: Ան անուս էր, բայց թրքերէն լաւ գիտէր: Բայց մանուկը կը մահանայ: Ան ունէր ուրիշ զաւակներ:

Իր հարսին անունն է Եղիսաբէթ, որ Ժիպէյլի որբանոցը կը տարուի պատուելի Ահարոնեանին կողմէ, որ հայ որբերը  կը հաւաքէր ու ուսում կը ջամբէր անոնց: Ան կու գայ Պէյրութ, կ՛ամուսնանայ ու կը դառնայ մեծ մօրս մայրը: Մենք իր անունը Ճերմակ նէնէ դրած էինք: Դժբախտաբար ան կը դրուի ծերանոց, իսկ Պոեկանան կ՛ապրի մինչեւ 99 տարեկան:

Այս է մեր հայու մասնակի պատմութիւնը: Մենք` հայերս կանք ու պիտի մնանք, որովհետեւ գիտենք անցեալին նայելով` ընթանալ դէպի ապագայ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>