ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Մարգրիտը մէկ ձեռքով կը քաշքշէր ծանր ճամպրուկը, միւս ձեռքով գրկած էր կապոց մը: Ուսէն կախած էր սեւ պայուսակ մը, այնքան ուռեւորած, որ ամէն քայլին հետ աջ ու ձախ կը զարնուէր եւ կը ցաւցնէր Մարգրիտին կողը: Կը քալէր կորացած, հեւալով ու քիթին տակ հայհոյելով անյայտ հասցէի, թերեւս ալ իրեն, որ այս տարիքին, այս ծանր օրերուն, երբ հաւու պէս մարդ կը մորթեն, ինք կը շարունակէ «շունի կեանք» ապրիլ ու ուժէն վեր բեռներ շալկելով` Հալէպէն Քեսապ, Քեսապէն Հալէպ երթեւեկել: Իրեն մնար` Քեսապէն վար չէր իջներ, իր կոկիկ տունին մէջ հանգիստ կ՛ընէր, բայց Հալէպ միայն իր յոյսին ձգուած գործեր կային, պէտք էր իջնէր: Քիչ է, որ զինք ձգեր գացեր են, դեռ անոնց գործերն ալ ինք պիտի ընէ` տղուն տունին վարձքը առնէ, աղջկան տունին վճարումները ընէ, Հալէպի իր տունը մաքրէ, նայի ինչ կայ չկայ:
Մօտեցաւ երթուղային թաքսիներուն: Գործի տէրը յաճախորդ կը տաքցնէր. երբ տեսաւ Մարգարիտը, կանչեց.
– Մայրի՛կ, Հալէ՞պ պիտի երթաս, եկո՛ւր հոս:
– Այո՛, բայց առջեւի աթոռը կ՛ուզեմ:
– Գլխուս վրայ:
– Ըսէ՛ վարիչին, որ մինչեւ տունս հասցնէ զիս, բեռս ծանր է:
– Ուզածդ կ՛ըլլայ, հոգ մի՛ ըներ, խոստացաւ մարդը:
Մօտեցաւ ինքնաշարժին. առջեւի նստարանը զբաղած էր: Սրտնեղեցաւ, կարծես իրմէ բան մը խլած ըլլային: Մինչեւ որ իր կարգը սպասող միւս ինքնաշարժին ալ յաճախորդներ հաւաքուէին, ուշ կ՛ըլլար, չէր ուզեր գիշերով հասնիլ Հալէպ: Առաջուան ապահովութիւնը չէ մնացած: Ստիպուեցաւ յօժարիլ, տեղաւորուիլ ետեւի նստարանին:
Միւս երկուքը իսլամ ամուսիններ էին: Գոնէ այդ լաւ էր, որ մէջտեղ չէր նստեր: Կնոջ քովը նստաւ, պատուհանին կից: Գէր կին էր, իրեն քիչ տեղ մնացած էր: Կինը բնաւ նեղութիւն չքաշեց մէկդի քաշուելու: Մարգրիտը դիմեց վարիչին.
Չէ՞ր ըլլար ես առջեւ նստէի, մեծ կին եմ, հոս յարմար չէ:
Վարիչը առանց նայելու պոռաց.
– Հիմա Հալէպ գացող օթօ գտար ու յարմա՞րը կը փնտռես: Չես հաւնիր, իջի՛ր, առանձի՛նդ թաքսի առ:
Երիտասարդ տղայ էր, ու այս կոշտութիւնը Մարգրիտը չէր սպասեր: Ինք վարժուեր էր իր մշտական վարիչին, որուն միքրոպասով կը ճամբորդէր միշտ. ցաւով յիշեց, որ ան այս օրերուն չ՛աշխատիր: Ապու Ապտոյին հետ զրուցելով, խօսիլ խնդալով կ՛երթային ու չէին զգար ճամբու երկարութիւնը:
Հայելիին մէջ տղուն հայեացքը բռնեց: Ան թշնամական կը նայէր: Մարգրիտը չվախցաւ, աւելի՛ն, զայրացաւ: Ո՞վ գիտէ` ի՞նչ շուն է, աչքերո՛ւն նայէ, կարծես հիմա վրադ պիտի յարձակի, հետը իյնալ պէտք չէ: Վստահ որ Քեսապը կողոպտողներէն է. վրայէն յայտնի է. թերեւս ալ իր տունը կողոպտող ու աղտոտողներէն է, վրան ալ անունը գրող` «Այս տունը կը պատկանի Ուալիտ …..ին»: Մականունը մոռցեր է: Կարծես թէ հայրը ոսկիները համրեր ու գներ է տունը… Բան չէ ձգած, նոյնիսկ թէյի փոքրիկ քամոցը տարեր է: Այդ վայրկեանին այդ յիշեց Մարգրիտը եւ գրեթէ համոզուեցաւ, թէ այս տղան է իր տունին կողոպտիչը, երբ գործատէրը ինչ որ թուղթեր տուաւ ու պոռաց.
– Հասա՛ն, շարժի՛ր:
Ճամբայ ինկան:
– Պէյրութ փոթորիկ կայ, շատ վնասներ կու տայ, չհամբերեց ու կրկին խօսեցաւ Մարգրիտը:
– Ինշալլահ կը քանդուի Պէյրութը, տա՞րտը առեր ես, հայելիի մէջ նայելով` կրկին պոռաց տղան:
– Ես Պէյրութի համար չեմ ըսեր, կրնայ մեզի ալ հասնիլ ու զօրաւոր անձրեւի բռնուինք:
– Ինշալլա՛հ կը հասնի ու կը խեղդուինք, կեանքի՞դ վրայ կը դողաս, խենէշ խնդուքով պատասխանեց տղան:
Միւսները լուռ մնացին: Մարգրիտը լռեց, որոշեց այլեւս այդ «կատղած շունին» հետ չխօսիլ: Բայց ակամայ երբեմն կը նայէր հայելիին եւ իրեն ուղղուած անոր չար նայուածքը կը տեսնէր: Այսքան տարի կ՛երթայ-կու գայ` մէկը իրեն հետ այսպէս կոշտ չէ վարուած: Չէ՛, ասիկա Քեսապը կողոպտող թուրքմէն է կամ` քիւրտ: Անօթի գայլի նայուածք ունի: Հիմա կը զղջար, որ քանի մը վայրկեան չսպասեց եւ այս «շունին» հետ պիտի ժամեր անցընէ մինչեւ Հալէպ հասնիլը:
Առջեւի նստողը ու վարորդը առանց կենալու կը ծխէին: Միւսին ծուխը առջեւի պատուհանէն կ՛ելլէր, բայց վարորդին ծուխը ուղղակի իր դէմքին կու գար: Ստիպուած էր բանալ պատուհանը, մինչդեռ պաղ հովը ճակատին կը զարնէր: Քովի գէր կինը երբեմն աւելի յարմար կը տեղաւորուէր ու կը ճզմէր Մարգրիտին կողը, իսկ ձախ արմունկը ուղղակի Մարգրիտին գիրկը դրած էր: Մարգրիտ կը զգար, որ վախ ունի ու այդ աւելի կը զայրացնէր զինք. ինք լռել վարժուած չէ ու հիմա կը սրտնեղէր, շուրջիններուն լռութիւնը իբրեւ թշնամանք կը թարգմանէր: Ինք առանձին հայ կին, այս իսլամներու մէջ: Առաջ ալ շատ պատահած է, բայց հիմա մարդիկ փոխուեր են, գազանացեր են, ի՞նչ իմանաս, թէ հիմա առջեւ նստողն ու վարիչը ինչե՜ր կը խօսին կամացուկ:
Կինը ծածկուած էր, հնարաւոր չէր տարիքը որոշել, բայց ամուսինին նայելով` յայտնի էր, որ դեռ երիտասարդ ըլլալու է: Ան երբեմն ցած ձայնով ամուսինին հետ կը խօսէր: Յետոյ միասին ճամբորդողները քիչ-քիչ բացուեցան. այլեւս երեք տղամարդիկ իրարու հետ կը զրուցէին: Մարգրիտը միայնակ էր ու դուրս նայելէն զատ ընելիք չունէր:
Այս խոտոր ճամբաներով երթեւեկը սկսաւ պատերազմի պատճառով, քանի որ մայր ճամբուն վրայ ապստամբներն ու ներխուժածներն էին: Որքա՜ն մարդ առեւանգեցին ու միլիոններ առին, քանի՜ մարդ անհետ կորսուեցաւ, դեռ մորթուողները` չհաշուած: Այս ճամբան իբր թէ աւելի անվտանգ է: Գիւղական խորտուբորտ ճամբաներ կը մտնէին ու կ՛ելլէին, քաղաքները կը շրջանցէին, քովէն կ՛անցնէին: Ամէնուր` պատերազմի աւերածութիւններ, աչք ծակող խեղճութիւն ու լքուածութիւն: Առաջուան օրերուն Քեսապի ճամբան ի՜նչ հաճելի էր` աշխուժ երթեւեկ, միշտ առատ ջուրով լուացուող, մաքուր ու զովասուն իջեւանատուներ` համեղ նախաճաշով ու Ֆէյրուզի երգերով… Ծանօթբարեկամ, մեծ մասամբ հայեր, հոն կը հանդիպէին, կը խօսէին, կը խնդային, զիրար իրենց տուն կը հրաւիրէին, քանի որ ամարանոց եկողները զիրար այցելելէ զատ այլ ընելիք չունէին: Ու յաճախ մարդիկ Քեսապ կը մտերմանային:
Այն երանելի տարիներուն ինք կը վարէր ինքնաշարժը: Վախ գոյութիւն չունէր, ապահով երկիր էր: Շէն գիւղերէն, ծաղկուն դաշտերէն ու ձիթաստաններէն ետք կը հասնէր լեռնային շրջան, ու հաճոյքը կը սկսէր` սարն ի վեր մագլցիլ, անտառի մէջ անթիւ ոլորաններ, որոնք ինք վարպետօրէն կը դառնար: Նոյնիսկ գիշերով կ՛անցնէր այդ նեղ ու վտանգաւոր ճամբան, որ շատ այրերու վախ կը պատճառէր: Պատերազմը սկսելէն ետք տարի մը ամբողջ չկրցաւ Քեսապ երթալ, այդ միջոցին հոն իր ինքնաշարժը գողցուեցաւ: Դիմած է պետական գրասենեակ, բայց ո՛վ այս օրերուն կրնայ գտնել գողը, երբ ամբողջ երկիրը գողերու ձեռքն է: Ահա՛, մէկը` առջեւը նստած: Նոյնիսկ հետապնդելը վտանգաւոր է:
Քովի կինը թեւը շարժեց ու արմուկը խրեց Մարգրիտին կողը: «Ասոնք անզգա՞մ են», մտածեց ու շարժեցաւ` փորձելով անոր հասկցընել իր անյարմար դիրքը: Կինը մնաց անշարժ, ապա ծունկերուն դրուած պայուսակը խառնեց ու շաքար հանելով` մէկը հրամցուց Մարգրիտին: Փափուկ ու հանգիստ ձայն ունէր:
Չէր ուզեր առնել, բայց այս մարդոց հետ դեռ ժամեր պիտի ճամբորդէ. առաւ, թէեւ անոր դէմքը չտեսնելը կը շփոթեցնէր. ինչպէ՞ս խօսիս մէկու մը հետ, որ դէմք չունի. կարծես պահարանի կամ սառնարանի հետ խօսիս, մէկ տարբերութեամբ, որ իր տունը անոնք ճերմակ են, ասիկա ոտքէ գլուխ` սեւ: Կինը մնացեալ շաքարները տուաւ ամուսինին, որպէսզի ան հրամցնէ այրերուն:
Անոնք կը զրուցէին քաղաքականութենէ, ապրուստի սղութենէ ու ամէնօրեայ պատերազմական դէպքերէ:
– Առտու Քեսապը նորէն պարպուեցաւ, ըսաւ կնոջ մարդը, լուր տարածուած էր, թէ նոր յարձակում կը պատրաստուի Թուրքիայէն:
– Սուտ է եղեր, բայց հայերը վախցան, փախան, պատասխանեց առջեւը նստողը:
– Հայերուն տեսածը դուն ալ որ տեսնէիր,` կը փախչէիր, իրմէ անկախ դուրս թռաւ Մարգրիտին բերնէն ու հայելիին մէջ կրկին վարիչին հայեացքը բռնեց: «Ճիշդ` անօթի գայլի աչքեր», անցաւ միտքէն:
Բոլորը պահ մը լռեցին:
Հոմսի մօտակայքին ինքնաշարժը կեցաւ ու ամուսինները իջան: Ինք մնաց երկու երիտասարդներուն հետ: Հիմա վախնալիքը երիտասարդներն են, հին սերունդին մէջ դեռ մարդկութիւն մնացեր է, բայց նորերուն վստահելու չէ: Կնոջ ներկայութիւնը նաեւ սատար էր, թէեւ իրեն նեղութիւն կու տար: Լայնօրէն բազմեցաւ, ծունկերուն դրուած ծանր կապոցը դրաւ քովը ու շունչ առաւ:
Միտքէն չէր ելլեր Քեսապի մասին անոնց խօսածը: Իրա՞ւ նոր յարձակում եղաւ: Ինք երէկ իջաւ Լաթաքիա, ընկերուհիին տունը գիշերեց, բայց ան բան մը չըսաւ: Առտու ալ կանուխ ելաւ տունէն: Եթէ իրաւ մտե՞ր են… Հեռաձայնի գիծ չկար Քեսապի հետ. աւելի տագնապեցաւ: Եթէ կրկին մտան իր տո՞ւնը. նորէ՞ն պիտի կողոպտեն: Խենթի պէս ալ ոսկեղէնը հոն ձգեց: Ամէն անգամ հետը տանի ու բերէ՞: Արդէն Սամիրային տուած դրամը գլխուն փորձանք է: Ո՞վ տեսեր է եօթանասուննոց կինը քովը այսքան դրամով ճամբորդէ այս օրերուն: Սամիրային կծծիութի՞ւնը բռնեց, թէ՞ չուզեց, որ Լաթաքիա իմանան իր հաշիւները. չորս հազար տոլար տուաւ իրեն, որ Հալէպ «աւրէ»: Գործ մը աւելի իրեն: Ապա վտա՞նգը: Ասոնք եթէ իմանան, հոս, տեղւոյն վրայ կը կողոպտեն, իրեն ալ կա՛մ կը սպաննեն, կա՛մ կը ձգեն ճամբուն մէջտեղը:
Երիտասարդ տղոց լռութիւնը Մարգրիտին դաւադիր թուեցաւ: Ի զուր իջաւ, կրնար քանի մը օր եւս մնալ Քեսապ: Տունը շատ կը սիրէ. հոն ամէն ինչ իր ձեռքերուն հետքը կը կրէր… Ի՜նչ հաճոյքով կահաւորած էր: Ինչ որ գեղեցիկ բան տեսնէր, կ՛առնէր ու հոն կը տանէր, մտածումով, թէ իր վերջը այդ տունին մէջ է: Կողոպտեցին, բան չձգեցին, տարին ամէն ինչ` չինական գորգերը, որ Ամերիկայէն շալկած` բերած էր, չինական սափորները, ելեկտրական բոլոր առարկաները: Խոհանոցը բան չէին ձգած` պնակ, դանակ, պատառաքաղ, ամէն ինչ, բացի` քանի մը կերպընկալ ամաններէ, կարծես ըսել ուզէին, թէ աս ալ քեզի շատ է: Նոյնիսկ թէյի փոքրիկ քամոցը տարեր էին. ատոնք իրենց կեանքի մէջ ատանկ առարկաներ չէի՞ն տեսած… Ու ամէնուն պսակը` պատին մարդկային աղտոտութեամբ թրքերէն հայհոյանք… Վերջին գալուն Լաթաքիայէն կարգ մը բաներ նոր գնեց: Անշուշտ առաջուան շքեղութիւնը չկայ, մանաւանդ` ձեռագործ վարագոյրները, որ հազարներ կ՛արժէին, չկան, տարին: Բայց մնացեր է սառնարանը, (չեն հասցուցած տանիլ), թէեւ մէջի եղածները տարեր էին: Ինք բերնէ բերան կը լեցնէր սառնարանը, քանի որ օթոն գողցուեցաւ, իսկ վերին թաղը երթալ ու առեւտուր ընելու համար ամէն օր ծանր վերելքներ յաղթահարելու շունչ չունի: Երշիկը, ապուխտը, մսեղէնը Հալէպէն կը տանի, Քեսապի մսավաճառին չի վստահիր, «համպալութիւն» կ՛ընէ, քանի որ ուտելը կը սիրէ, նաեւ` հիւրասիրելը: Կ՛երկննայ բազմոցին, փոքրիկ հեռատեսիլը կը բանայ (մեծը տարեր են), իր պաղ գարեջուրը կը խմէ ու լուրեր կը լսէ: Ահա իր հաճոյքը: Ա՞տ ալ պիտի խլեն:
Մտած էին Հալէպի նահանգին սահմանը: Ճանապարհային զինեալ ոստիկանները հոս ալ կեցուցին, փաստաթուղթերու նայեցան: Ինքնաշարժը հարթավայրին մէջ կը սլանար: Մարգրիտը պատուհանէն դուրս կը նայէր` իր մտածումներուն հետ: Յանկարծ տեսաւ ճամբեզերեայ այն խանութը, ուրկէ միշտ գնում կ՛ընէր, երբ Ապու Ապտոյին հետ ճամբորդէր: Մարդը հոս միշտ կը կենար, ուղեւորները կ՛իջնէին, գնում կ՛ընէին: Քեսապի ճամբուն վրայի աւանդոյթներէն մէկն ալ ատիկա էր: Այդ մարդն ալ ընտիր պտուղներ ունէր, լաւ մածուն ու պանիր: Ամէն ինչ` Հալէպէն աժան: Հիմա այդ «շունէն» չէր կրնար խնդրել, որ կենան: Ինքնաշարժի արագ ընթացքին մէջ միայն խանութին առջեւ շարուած արկղերուն խոշոր նարինջներու գոյնը` վառ նարնջագոյն գիծ կազմեց:
Մարգրիտը ատելութեամբ նայեցաւ հայելիին մէջ: Տղան մռայլ ու կեդրոնացած էր. ի՞նչ կը մտածէ:
Հալէպէն շատ հեռու չէին, երբ գիւղի մը քովը ինքնաշարժը կեցաւ ու առջեւը նստող տղան իջաւ: Մարգրիտը յուսալով կարծեց, թէ ան կարիքի համար իջեր է, բայց երբ ան առաւ ուսապարկը` Մարգրիտին սիրտը վախ մը սողոսկեց: Հիմա այդ հրէշին հետ միայնակ մնաց: Ինք վախկոտ չէ, բայց անոր հետ միայնակ մնալը վախ կը պատճառէ: Դեռ բաւականին ճամբայ կայ մինչեւ Հալէպ հասնիլը: Որոշեց լուռ մնալ ու անոր կողմը չնայիլ: Բայց չդիմացաւ ու նայեցաւ: Տղան նոյնպէս կը նայէր. ինք ալ սեւեռեց հայեացքը, ապա փախցուց, դուրս նայեցաւ: Յուզում մը կը բարձրանար մէջը: Լուռ էին: Մարգրիտը քնանալ կը ձեւացնէր, մինչդեռ աչքի տակէն կը դիտէր տղուն ամէն մէկ շարժումը: Միայն հովին հետ պայքարի մտած ինքնաշարժին խուլ գւոցը կար: Սիրտ կ՛առնէր, երբ առջեւէն կամ ետեւէն ինքնաշարժներ անցնէին:
Կէս ժամի չափ լուռ ընթանալէ ետք տղան անակնկալօրէն եզերք քաշեց ինքնաշարժը ու կեցաւ: Նայեցաւ Մարգրիտին, քիթին մէջ ինչ-որ խօսքեր մռլտաց, որ Մարգրիտը չհասկցաւ: Ան իջաւ ու դէպի ճամբեզերեայ ծառերը գնաց:
Մարգրիտը սոսկաց. ի՞նչ է անոր նպատակը, ինչո՞ւ իջաւ, քա՞ր պիտի առնէ իրեն զարնելու համար: Յանկարծ աչքին ինկաւ ճիշդ ղեկին ետեւը դրուած մեծ, ծալուող դանակը: Ինչի՞ համար է դանակը. ինչպէ՜ս ալ խոշոր է, մա՞րդ կը սպաննէ… Տղան ելաւ ծառերուն մէջէն, աջ ու ձախ նայեցաւ, որմէ Մարգրիտին կասկածը աւելցաւ: Սահմռկեր էր, արիւնը կարծես չէր շարժեր: Միայն միտքը տենդագին կ՛աշխատէր. ի՞նչ պէտք է ընէ, եթէ ան վրան յարձակի: Ակամայ գիրկն առաւ քովը դրուած կապոցը ու երկու ձեռքերով ամուր կառչեցաւ անոր: Միտքէն անցաւ առնել դանակը, չհամարձակեցաւ:
Ծառերու կողմէն գիւղացի երիտասարդ մը կու գար: Տղան կեցաւ, անոր հետ խօսքի բռնուեցաւ ու երբեմն երկուքը ինքնաշարժին կողմ կը նայէին: Ապա միասին մօտեցան ու գիւղացին գլուխը ծռելով` նայեցաւ Մարգրիտին: Սիրտը անկարելիօրէն կը տրոփէր. «Հիմա ալ ասիկա չելլէ օթօ», մտածեց վախով:
Վարիչը անոր հրաժեշտ տուաւ, առանց Մարգրիտին կողմը նայելու` նստաւ ու մեքենան աշխատցուց: Տեղ տեղ քանդուած եւ փոսերով ճանապարհի վրայ դանակը այս ու այն կողմ կը սահէր, այլ իրերու կը զարնուէր ու խը՜ռռ թա՛խկ ձայներ կը հանէր, կարծես իր մասին յիշեցնէր: Ի վերջոյ տղան ալ անդրադարձաւ, առաւ դանակը, գրպանը դրաւ: Մարգրիտին մարմնին մէջ մանր դող կար. ան ինչո՞ւ առաւ դանակը: Տղան իրեն չէր նայեր ու կեդրոնացած` կը քշէր: Երթեւեկը աշխուժացաւ, բայց Մարգրիտը չէր հանգստանար, մինչեւ որ մտան քաղաք:
– Խալէ՛, ո՞ւր պիտի երթաս,- հարցուց տղան:
Ձայնը խաղաղ էր ու յոգնած: Մարգրիտը անակնկալի եկաւ, պահ մը չհասկցաւ, ապա երբ ան կրկնեց հարցումը, առանց նայելու` կարճ պատասխանեց.
– Սուլէյմանիէ:
Քաղաքի մէջ էին ու ալ վախ չկար: Տղան հասցուց զինք իր թաղը, ապա հարցուց շէնքին տեղը: Մարգրիտը ըսաւ, բայց զղջաց. «Ինչո՞ւ տունիս տեղը ըսի»: Մեքենան կեցաւ շէնքին առջեւ: Տղան իջեցուց պայուսակը:
Ի՞նչ լեցուցեր ես, որ ասանկ ծանր է, քա՞ր կայ մէջը, խնդաց, դուն ասիկա հանել չես կրնար, ո՞ր յարկը կ՛ապրիս:
– Երրորդ, ստեց Մարգրիտը: Ի՞նչ է, հետը վե՞ր պիտի ելլէ ու դեռ տո՞ւն ալ պիտի մտնէ: Մնացած երկու յարկերը ինք կը հանէ, միայն ատիկա թող շուտ «տաֆ ըլլայ», երթայ:
Շէնքէն ներս մթութիւն էր: Ինք լապտերով լուսաւորեց աստիճանները: Երրորդ յարկի հարթակին տղան վար դրաւ ծանր պայուսակը, կեցաւ: Շէնքը լուռ էր ու մութ: Արդէն միայն երեք բնակիչ կ՛ապրի մեծ տունին մէջ: Ինչո՞ւ ասոր վեր ելլել ձգեց:
– Խալէ՛, ես երթամ, ներող կ՛ըլլաս, որ առտու պոռացի վրադ. քէֆս տեղը չէր. մայրս զանգեց ու ըսաւ, թէ մեր տունին մօտ հաուն ինկեր է, շատ վնասներ կան:
– Զոհեր կա՞ն, հարցուց Մարգրիտը անակնկալ բարձր ձայնով:
– Չէ՛, փառք Աստուծոյ:
– Է՛հ, կարեւորը` հոգիի վնաս չկայ, գլո՛ւխդ ողջ ըլլայ, երթաս բարո՛վ. կեցի՛ր, դրամ տամ, վեր հանեցիր…
Տղան մերժեց, կրկին ներողութիւն խնդրեց ու արագ իջաւ: Մարգրիտը տեղւոյն վրայ փլեցաւ աստիճանին: Վարէն փողոցի դուռին գոցուելուն ձայնը լսուեցաւ: Խոր շունչ մը առաւ:
Պառաւեր ես, Մարգրի՛տ, չար ու կասկածոտ վհուկ եղեր ես, խօսեցաւ լալագին, ե՛լ, ե՛լ, ա՛ռ բեռդ ու վեր հանէ. խեղճ տղուն տարտը ի՜նչ է ու քուկդ` ի՛նչ:
Ու ինքզինք յանդիմանելով` աստիճաններէն կը քաշքշէր քար լեցուած ճամպրուկը:
Մակիին