Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Շուշիի Ազատագրումով Հայութիւնը Աւելի Մօտեցաւ Արարատի Գագաթին (9 Մայիս 1992)

$
0
0

0507shoushi1

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Քաջ հաւատացողն ենք, որ իրերայաջորդ սերունդներ տակաւին երկա՜ր պիտի յիշեն, զմայլին ու ոգեւորուին Շուշիի ազատագրութեամբ: Փաստօրէն հայոց ժամանակակից պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրուեցաւ թուական մը, որ մարմնաւորեց հայ մտքի ու խղճի, մարտունակ ոգիի եւ ռազմահայրենասիրութեան գերազանց ապրումները:

Հայոց բարձրաբերձ լեռներուն թառած մշակոյթի ու լուսաւորումի քաղաքին ազատագրումը` բորենի ու մարդակեր ազերիներու ձեռքէն, հրաշքի համազօր արարք մը հանդիսացաւ, որովհետեւ Շուշին խորհրդանիշն էր հայութեան դարաւոր պայծառ մտքին, ստեղծագործ հոգիին եւ ռազմունակ առանձնայատկութեան:

Արցախեան ազատագրական պայքարի ամբողջ տեւողութեան, առանձնապէս Շուշուայ լեռներուն նուաճումն ու թուրք-ազերի թշնամիին հոնկէ դուրս շպրտումը եղաւ դարձակէտ եւ միանշանակ իր բարոյահոգեբանական ազդեցութիւնը ունեցաւ հերոսական պայքարի յաղթական ելքին վրայ:

Այո՛, Շուշին ազատագրուեցաւ հայոց մերօրեայ ֆետայիներու քաջ եւ խիզախ, բայց մանաւանդ` յանդուգն գործողութիւններուն շնորհիւ: Երբ դեռ Արցախի բազում շրջաններ ու քաղաքներ կը մնային հորդաներու ձեռքին, հայ հրամանատարական կազմը կը ծրագրէր, կը քարտէսագրէր եւ ընդհանուր յարձակումի կը պատրաստուէր քանի մը ուղղութիւններով` պարզապէս վճռական քայլով մը ազատագրելու համար հայոց ամրոց Շուշին, որուն ռազմավարական դիրքն ու աշխարհագրական վայրը մեծ նշանակութիւն ունէր ամբողջ հայութեան համար:

Միւս կողմէ, հայութիւնը ականատես եղաւ ոչ միայն հայոց սրբազան տղաներու մարտունակ ոգիի եւ աննահանջ մաքառումի գիտակցութեան, այլ նաեւ` հայ հրամանատարներու ռազմավարական մտքի փայլատակումներուն, որոշումին եւ արիասիրտ  կեցուածքին. ի գին ամէն զոհողութիւններու հասնիլ Շուշի, փրկել հայոց խոցուած արժանապատուութիւնը, վերածաղկեցնել Ս. Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ խորանի սրբութիւնը, լռութեան մատնել եւ փշրել թշնամիի կրակակէտերը եւ վերստին հնչեցնել յաղթանակի զանգը:

Շուշիի ազատագրական մարտերուն իր գերազանց մասնակցութիւնը բերած է քարինտակցին, որ գտնուելով լերան ստորոտին, երկար ատեն եւ անընդմիջաբար կը ռմբակոծուէր թշնամիին կողմէ:

Սերունդներ պէտք չէ մտահան ընեն անսեթեւեթ պատմական իրականութիւն մը, թէ  արծուասիրտ ու անվեհեր քարինտակցին, երկար տարիներ ապրելէ ետք թուրք-ազերիին ուղղակի ճնշումին եւ ռումբերու տարափին տակ, տոկալով եւ յամառօրէն ցոյց տալով իր հողին կառչածութիւնը, երբ կը հնչէ ազատագրութեան ժամը, անոր սրբազան ընդերքէն կը յառնին ուժի ու ըմբոստութեան տղաները եւ իրենց մագիլներով կը բարձրանան գրեթէ ցից Շուշուայ ժայռն ու անակնկալի բերելով թշնամին, բերդի պարիսպներուն վրայ կը բարձրացնեն Եռագոյնը:

Իրօք, մեզմէ ո՞վ չի յիշեր այդ օրերու հարիւրաւոր ֆետայիներու ծնրադիր ու մեծ երկիւղածութեամբ մուտքը Ղազանչեցոց եկեղեցի` աղօթելու հայոց Վահագն աստծոյն ու անկէ հայցելու խաղաղութիւն` նահատակ ընկերներու հոգիներուն:

Բարեբախտաբար, այդ օրերու յաղթական պահերու ու խանդավառ ապրումի իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն տեսագրուած եւ արձանագրուած է, եւ ատով իսկ անմահացած: Եւ անոնք կը կազմեն հայութեան մեր ժամանակներու անգնահատելի արժէքները եւ կենդանի յուշարարը` գալիք սերունդներուն:

Հետագայ տարիներու թաւալքը հաստատագրեց այն ճշմարտութիւնը, թէ Շուշիի ազատագրումը մեծ նշանակութիւն ունեցաւ հայ ժողովուրդի մղած պայքարին ընդհանուր տեսադաշտին վրայ: Փաստօրէն, եթէ երբեք հայութիւնը կրցաւ իր սքանչելի տղոց եւ բացառիկ հրամանատարական կազմին շնորհիւ մղել այնպիսի մարտեր, որոնք միայն փառքը կը հիւսեն հայ ռազմունակ ոգիին, ապա ատոր ամէնէն բարացուցական պատգամը կը մնայ այն, որ հայութեան բռնագրաւեալ հողերու եւ աստուածներու բնակավայր լերան` Արարատի ազատագրումն ու հայոց քաղաքներու վերահայացումը սոսկ երազ չէ, այնքան ատեն որ գոյութիւն ունին նման հայասիրտ հերոսներ եւ հայրենապաշտ սերունդներ:

Շուշիի ազատագրութենէն 24 տարի ետք, թէեւ հայ օճախները կը բաբախեն հայ նորահաս սերունդներու սրտերով եւ քաղաքը վերագտած է իր որոշակի տեսքը, այդուամենայնիւ Շուշիի ընդհանուր վերածաղկումին կարօտը կ՛ապրինք ազգովին:

Հայոց մշակոյթի օրրան եղած այս քաղաքին անպայման պէտք է վերադարձնել արդի ժամանակներու յարիր լոյսի քաղաք յորջորջումն ու իրաւունքը:

Աւելի՛ն. եթէ երբեք Շուշուայ ազատագրութեան սխրանքը փարոս է հայ մարտունակ ոգիի ամրապնդման, ապա անոր իբրեւ մշակոյթի քաղաք բարեզարդումը մշտնջենական յոյսն է հայոց գոյութենական պայքարի շարունակութեան, պարզ այն հասկացողութեամբ, որ Շուշին հայոց աշխարհի արեւելեան դարպասը եղած է երկար տարիներ եւ խորապէս ժառանգած նախնիներու իմաստութիւնն ու քաջութիւնը:

Ի զուր չէ, որ չարաչար պարտուած թշնամիին համար Շուշիէն փախուստը խորքին մէջ ամէնէն ահաւոր հարուածն էր, որ կը տրուէր անոր` պատճառ դառնալով թշնամիի վարձկան բանակի քայքայումին:

Այսօր եւ ամէն մայիս 9-ին, հայոց մայրաքաղաք Ստեփանակերտի սրտին մէջ դարձեալ պիտի տողանցեն հայոց բանակի ընտրանի տղաները եւ քաջաբար կանչե՛ն իրենց  յաղթերգը, որով մօտիկ անցեալին մուտք գործեցին Շուշուայ անառիկ ամրոցը:

Ապրիլի (2-5) չորսօրեայ պատերազմը ցոյց տուաւ Շուշիի, Մռաւի թէ այլ բարձունքներու ռազմաքաղաքական  կարեւորութիւնը` դէմ դնելու մարդակեր ազերի հորդաներուն, որոնք ժպրհեցան յարձակում գործել հայոց խաղաղ բնակչութեան եւ պաշտպանական սահմաններուն վրայ:

Արդ, ամբողջ հայութեան մտահոգութիւններուն եւ գուրգուրանքին կիզակէտը հանդիսացող Արցախի վերջին (2016 թուականի) պատերազմին լոյսին տակ եւ քաջ գիտնալով, որ վատոգի ու զազիր թշնամին կը պատրաստուի նոր յարձակումներու, հայութիւնը`  սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ, պարտաւոր է իր բոլոր ուժերը` քաղաքական, տնտեսական եւ բարոյական, գերլարել, ստեղծել համազգային պաշտպանական համակարգ, եւ առանց ժամանակի վատնումի պատրաստուիլ լինելութեան մերօրեայ մարտերուն:

Բաւարար է վերամկրտուիլ Շուշիի ազատագրութեան օրերուն հայ հերոս տղաներու ոգեկան բարձրութեամբ, եւ արդէն հայութիւնը պիտի կարենայ յաղթել նաեւ այս օրերու պարտադրուած պատերազմը:

Հայոց բանակը պիտի յաղթէ, որովհետեւ Շուշուայ բերդի կատարին դեռ կը սաւառնին Վարդան Դուշմանի նման աստուածներու ոգին ու մանաւանդ` յաղթանակի ժպիտը, որով անոնք ծունկի բերին բարբարոս թրքութիւնը:

Փա՜ռք Շուշիին, որ ծնունդ տուաւ արծուասիրտ եւ հայրենապաշտ տղաներու:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>