Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Լիսագորի Բարձունքին Վրայ Ինկած Հերոսը

$
0
0

Ժ. Յ.

viken_50916Երբ կը խօսինք Շուշիի ազատագրման մասին, չենք կրնար չանդրադառնալ նաեւ նախքան եւ յետ ազատագրումը տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, հայու բազուկի ուժին լիարժէք դրսեւորումին շնորհիւ արձանագրուած զինուորական յաղթանակին եւ այդ յաղթանակին մէջ սփիւռքահայ յանձնառու երիտասարդութեան մասնակցութեան:

Այդ գաղափարական երիտասարդութեան փաղանգին մաս կը կազմէր նաեւ լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանը, որ հասակ առնելով լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի թոհուբոհին մէջ, ազգային եւ յեղափոխական դաստիարակութիւն ստանալով, ՀՅ Դաշնակցութեան միջոցով յանձնառութիւն վերցուց նաեւ մասնակցելու արցախեան ազգային-ազատագրական պայքարին: Ու Վիգէն Զաքարեանը հերոսի մահով ինկաւ Լիսագորի բարձունքին վրայ. բայց անմահացաւ իր ընկերներուն եւ իւրաքանչիւր հայորդիի մտքերուն մէջ:

Վիգէն Զաքարեանը մէկն էր այն բիւրաւոր նուիրեալներէն, որոնք իրենց սեփականութիւնը դարձուցած էին դաշնակցական հաւատամքը` ամբողջական հայութեամբ ամբողջական Հայաստանը կերտելու: «Ես կ՛ուզեմ Արարատը, Հայաստանը, կ՛ուզեմ ազատ, անկախ ու գեղեցիկ Հայաստանը, կ՛ուզեմ տեսնել զայն, համբուրել այն հողը, որուն մէջ կայ հայ գիւղացիին, հայ զինուորին, հայ թագաւորին, հայ յեղափոխականին արիւնն ու քրտինքը: Կ՛ուզեմ այդ հողէն, կ՛ուզեմ, որ անիկա միշտ մնայ գրպանիս մեջ, հոգ չէ թէ անիկա աղտոտէ հագուստներս, որովհետեւ անոր աղտոտութիւնը պիտի չերեւի, այլ` անիկա աւելի պիտի մաքրէ հագուստներս եւ ուղիղ ճամբան ցոյց տայ ինծի»:

Հերոսը այս հաւատամքով ալ նահատակուեցաւ:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>