ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
«Զոկպի» հետազօտական կեդրոնի (Zogby Analytics) կողմէ նոյեմբեր 9-ին առաջին անգամ իրականացուած հեղինակաւոր ամերիկեան հարցախոյզը ցոյց կու տայ ամերիկեան հասարակութեան գիտելիքներու մակարդակն ու կարծիքը Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արցախի վերաբերեալ: Բացառապէս տողերու հեղինակին տրուած հարցախոյզի արդիւնքներուն անճշդութիւնը կը տատանի 3,1 տոկոսի սահմաններուն մէջ:
Այն հարցումին, թէ արդեօք տեղեա՞կ էք, որ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութիւն, զարմանալի է, որ հարցման մասնակիցներուն միայն 34,8 տոկոսը դրական պատասխան տուած է. 49,6 տոկոսը ըսած է` «Ոչ», իսկ 15,6 տոկոսը` «Գաղափար չունիմ»: Կ՛ակնկալէինք, որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն շատ աւելի բարձր տոկոսը տեղեակ ըլլար Հայոց ցեղասպանութեան մասին, յատկապէս` հարիւրամեակի այս տարուան ոգեկոչման մեծ ձեռնարկներէն ետք: Այն փաստը, որ ամերիկացիներուն կէսը երբեք չէ լսած 1,5 միլիոն հայերու ցեղասպանութեան մասին, ցոյց կու տայ, որ անհրաժեշտ են մեծ ջանքեր` հանրութեան դաստիարակութեան համար:
«Զոկպի» հետազօտական կեդրոնը իր հարցման մէջ ծաւալուն տեղեկատուութիւն կը տրամադրէ մասնակիցներուն անձնական տուեալներուն մասին: Ահա` քանի մը հետաքրքրական մանրամասնութիւններ.
– Մինչ արական սեռի մասնակիցները վերոնշեալ հարցումին վերաբերեալ իրենց իմացութեամբ կը բաժնուին հաւասարապէս կիներու մէջ խիստ անհաւասարակշռութիւն կայ. Հայոց ցեղասպանութեան մասին անտեղեակ կիներու թիւը երկու անգամ կը գերազանցէ տեղեկացուածներու թիւին:
– Պատասխանողներուն մօտ կէսը հաւասարապէս անտեղեակ է Հայոց ցեղասպանութեան մասին` անկախ կուսակցական պատկանելիութենէ: Ազատականները քիչ մը աւելի տեղեկացուած են, քան` չափաւորները եւ պահպանողականները: Զարմանալի է, որ «Թէյի կուսակցութեան» (Tea Party) եւ «Գրաւէ Ուոլ Սթրիթը» (Occupy Wall Street) շարժման համակիրներուն մեծամասնութիւնը իրազեկ է Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
– Համալսարաններու շրջանաւարտներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին իրազեկուածութիւնը աւելի բարձր է, քան` չաւարտածներուն:
– Հայոց ցեղասպանութեան մասին առաւել տեղեկացուած է 25-34 տարիքային խումբը, իսկ ամենաքիչ` 35-53 տարիքային խումբը:
– Սպանախօս ամերիկացիները աւելի քաջատեղեակ են Հայոց ցեղասպանութեան մասին, քան` «սպիտակները». ամենաքիչ տեղեկացուածները ափրիկեցի-ամերիկացիներն ու ասիական ծագում ունեցող ամերիկացիներն են:
– Կաթողիկէները աւելի տեղեակ են Հայոց ցեղասպանութեան մասին, քան` բողոքականները:
– Արեւմտեան ափի ամերիկացիները աւելի տեղեակ են Հայոց ցեղասպանութեան մասին, քան` արեւելքի մէջ ապրող անոնց հայրենակիցները, իսկ ամենաանտեղեակները Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական եւ հարաւային նահանգներու մէջ ապրող ամերիկացիներն են:
– Հայոց ցեղասպանութեան մասին ամենաշատ գիտեն ամենաբարձր եկամուտներ ունեցող (100 հազար տոլար եւ աւելի) ամերիկացիները, իսկ ամենաքիչը` անոնք, որոնք ունին 35-50 հազար տոլարի տարեկան եկամուտ:
Ընդհանուր առմամբ, Հայոց ցեղասպանութեան մասին առաւել տեղեկացուած ամերիկացին արական սեռին կը պատկանի, աջակողմեան կամ ձախակողմեան թեւի գործիչ, համալսարանի շրջանաւարտ, 25-35 տարեկան, սպանախօս, կաթողիկէ, կ՛ապրի Արեւմտեան ափին եւ ունի աւելի քան 100 հազար տոլարի տարեկան եկամուտ, իսկ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ամենաանտեղեակ ամերիկացին իգական սեռի ներկայացուցիչ է, գլխաւոր կուսակցութիւններու անդամ, բարձրագոյն կրթութիւն չունի, 35-53 տարեկան է, ափրիկեցի-ամերիկացի կամ ասիական ծագում ունեցող, բողոքական, կ՛ապրի կեդրոնական կամ հարաւային նահանգներու մէջ եւ ունի 35-50 հազար տոլարի տարեկան եկամուտ:
Ահա Ցեղասպանութեան ու Արցախին առնչուող միւս ութ հարցումներուն պատասխանները.
– Ամերիկացիներուն 46,5 տոկոսը կողմ է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պէտք է կոչ ընէ Թուրքիոյ` հրապարակայնօրէն ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը. 16,1 տոկոսը դէմ է, իսկ 37,4 տոկոսը չի գիտեր:
– 39 տոկոսը կողմ է, որ` «Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը պէտք է բանաձեւ ընդունի Հայոց ցեղասպանութեան մասին… եթէ նոյնիսկ ատոր պատճառով խզուին դիւանագիտական յարաբերութիւնները Միջին Արեւելքի գլխաւոր ռազմավարական դաշնակիցին հետ», 22,5 տոկոսը դէմ է, իսկ 38,5 տոկոսը չի գիտեր:
– 63,2 տոկոսը կողմ է, որ` «Եթէ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցը կը նախաձեռնէ ծրագիր մը` բնակչութիւնը իր սեփական երկրին մէջ ոչնչացնելու, հալածելու կամ տեղահանելու համար, ապա Միացեալ Նահանգներ պէտք է դադրեցնեն տնտեսական եւ/կամ ռազմական օժանդակութիւնը այդ դաշնակիցին». 10,5 տոկոսը դէմ է, իսկ 26,3 տոկոսը չի գիտեր:
– 20,1 տոկոսը կը կարծէ, որ երբ որեւէ երկիր ցեղասպանութիւն կ՛իրականացնէ, ապա ան պէտք է «գումարային» փոխհատուցում վճարէ, 11,8 տոկոսը կ՛ըսէ, որ ան պէտք է փոխհատուցէ բռնագրաւուած «հողերը» վերադարձնելով, 10,7 տոկոսը` «մէկ այլ խորհրդանշական արարքով», 9,4 տոկոսը` «ոչ մէկ փոխհատուցում պէտք է վճարէ», իսկ 48 տոկոսը չի գիտեր:
– 31,3 տոկոսը կը կարծէ, որ ՄԱԿ-ը պէտք է որոշէ, թէ ի՛նչ փոխհատուցում պէտք է տրուի ցեղասպանութեան իրագործման պարագային. 23,8 տոկոսը կ՛ըսէ, որ ատիկա պէտք է որոշէ Միջազգային քրէական դատարանը. 12,1 տոկոսը` Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը, 3 տոկոսը` «Էմնըսթի ինթըրնէշընըլ»-ը, 2,5 տոկոսը` Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը, 0,8 տոկոսը` Հռոմի պապը, իսկ 26,5 տոկոսը չի գիտեր:
– 37,9 տոկոսը կը կարծէ, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է «տնտեսական պատժամիջոցներ» կիրարկեն ընդդէմ այն երկրին, որ` «կը հրաժարի ճանչնալէ եւ պատասխանատուութիւն կրելէ մարդկութեան դէմ գործած իր յանցագործութիւններուն համար», 16,4 տոկոսը կ՛ըսէ, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է «քաղաքական / դիւանագիտական ճնշում» գործադրեն. 8,6 տոկոսը` էմպարկօ, 2,6 տոկոսը` Միացեալ Նահանգներ պէտք է պատերազմ յայտարարեն. 4,5 տոկոսը` «ոչինչ ընէ», իսկ 30 տոկոսը չի գիտեր:
– 38,3 տոկոսը կողմ է, որ` «Միացեալ Նահանգներ պէտք է միջամտեն, եթէ Ազրպէյճան փորձէ արտաքսել [Արցախի] քրիստոնեայ հայերը, որոնք դարեր շարունակ հոն կ՛ապրին». 21,8 տոկոսը դէմ է, իսկ 39,9 տոկոսը չի գիտեր:
– 40,4 տոկոսը կողմ է, որ եթէ յանկարծ Ազրպէյճան յարձակի Արցախի վրայ, ապա Միացեալ Նահանգներ պէտք է կոչ ընեն Իսրայէլի, որ ժամանակակից զէնքեր կը վաճառէ Պաքուին, խզէ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները Ազրպէյճանի հետ. 16,9 տոկոսը դէմ է, իսկ 42,7 տոկոսը չի գիտեր:
Իր տեսակին մէջ առաջին նման հարցախոյզը կրնայ ծառայել որպէս կարեւոր ուղեցոյց ամերիկահայ համայնքին համար` իմանալու, թէ ո՛ւր պէտք է կեդրոնացնել իր դաստիարակչական ճիգերը եւ լոպիստական աշխատանքները:
Թարգմանութիւնը`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը