Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն «Աղբերու Կուտակումը Եւ Մեր Առողջութիւնը» Նիւթով

$
0
0

DSC05224-(3)

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 18 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Աղբերու կուտակումը եւ մեր առողջութիւնը» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի բժիշկ տոքթ. Տիգրան Վարդապետեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց յանձնախումբի ատենապետ Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք  դասախօսը նշեց, որ հակառակ անոր որ 21-րդ դարուն վերամշակուող եւ բնութեան մէջ դիւրին տարբաղադրուող, ինչպէս նաեւ մթնոլորտը նուազ ապականող ապրանքներու եւ այլ նիւթերու արտադրութիւնը յառաջընթաց կ՛արձանագրէ, աշխարհը կը դիմագրաւէ համընդհանուր ապականումի վտանգը: Իսկ Լիբանանը յուլիս ամիսէն ի վեր կը գտնուի նոր մարտահրաւէրի դիմաց: Երկիրը ողողուած է աղբակոյտերով, որոնք անմիջականօրէն կը սպառնան ժողովուրդի առողջութեան` զայն դնելով համաճարակներու վտանգին դէմ յանդիման:

Տոքթ. Տիգրան Վարդապետեան դասախօսութեան սկսաւ ներկայացնելով վերջին ամիսներուն լիբանանեան մակարդակի վրայ սպառնացող համընդհանուր երեւոյթը, աղբերու կուտակումը եւ անոնց հետեւանքները: Դասախօսը իր ներկայացումը բաժնեց երեք բաժիններու` առաջին բաժինով խօսելով այն մասին, թէ ինչպէ՞ս աղբերու հաւաքման եւ յատուկ վայրերու մէջ պահպանման հարցը հասաւ այս հանգրուանին: Երկրորդ, ի՞նչ են այն առողջապահական հետեւանքները, որոնք կը սպառնան հանրութեան: Երրորդ, ինչպէ՞ս կարելի է մենք մեզ պաշտպանել պարզուող վիճակներէ:

Տոքթ. Տիգրան Վարդապետեան բացատրեց, թէ անցեալին Պուրճ Համուտի եւ այլ շրջաններու քաղաքապետութիւնները ինչպէ՞ս կ՛աշխատէին եւ կազմակերպուած ձեւով աղբերու հաւաքումը եւ անոնց պահպանումը կամ փճացումը տեղի կ՛ունենար քաղաքապետութիւններուն գլխաւորութեամբ: Հետագային կառավարութիւնը համաձայնութիւն կնքեց յատուկ ընկերութեան մը` «Սուքլին»-ի հետ, որ վերջին տարիներուն աղբերու հաւաքումը, ճամբաներու մաքրութիւնը ստանձնեց:

2015-ի ամրան սկիզբը այն շրջանին մէջ, ուր աղբերը կը հաւաքուէին փճացուելու համար, յառաջացաւ բողոքի շարժում: Բնակիչներուն բողոքին իբրեւ հետեւանք աղբանոցը փակուեցաւ: Այնուհետեւ աղբերը սկսան կուտակուիլ երկրին մէջ, տարբեր շրջաններու քաղաքապետութիւններ փորձեցին իրենց յատուկ միջոցներով լուծել այս հարցը:

Պուրճ Համուտը իր քաղաքապետութեամբ յարաբերաբար նուազ ազդուեցաւ այս վիճակէն, եւ քաղաքապետութիւնը կրցաւ աղբերը ժամանակաւորապէս ամփոփել իր ունեցած ծովեզերեայ տարածքին մէջ:

Տակաւին ոչ մէկ վերջնական լուծում կայ աղբերու հաւաքման ու պահպանման իմաստով, իսկ Պուրճ Համուտի աղբահաւաքման նախկին վայրը կը մնայ փակ, եւ ոչ մէկ ծրագիր կայ զայն վերաբանալու:

Երկրորդ բաժինով տոքթ. Տիգրան Վարդապետեան թուեց տարբեր երեւոյթներ, հիւանդութիւններ, վիճակներ, որոնք արդիւնք են աղբերու կուտակման` զանազան վայրերու մէջ: Այս բաժինով կարելի է նշել աղբերու արտադրած հոտերը, որոնք անհատին մօտ կարելի է յառաջացնեն գերզգայնութեան երեւոյթներ, ինչպէս նաեւ շնչառական հիւանդութիւններ: Աղբերը նաեւ կ՛արտադրեն կազեր, յատկապէս երբ տարբեր շրջաններու մէջ, այրելով աղբերը, քարպոն մոնոքսայտի համեմատութիւնը կը բարձրանայ, ինչ որ կրնայ յառաջացնել թումաւորումի զանազան վիճակներ:

Աղբերու կուտակումի իբրեւ արդիւնք կը բազմանան միջատները, յատկապէս ճանճերն ու մոծակները: Ճանճերը եւ զանազան միջատներ կրնան փոխադրել հիւանդութիւններ, որոնք լուրջ, երբեմն ալ ծանր հետեւանքներ կրնան ունենալ: Այդ հիւանդութիւններու շարքին կարելի է նշել, սալմոնելլան, թիֆոյիտը, ինչպէս նաեւ քոլերան: Այս  բաժինով պէտք է կարեւորութեամբ նշել մուկերու եւ առնէտներու բազմացումը, ինչպէս նաեւ անոնց պատճառած զանազան հիւանդութիւնները:

Վերջին բաժինով դասախօսը խօսեցաւ նախազգուշական միջոցներու մասին` բացատրելով, թէ երբ աղբերը կ՛այրեն, պէտք է պատուհաններն ու դռները փակել եւ տեղեակ պահել քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն:

Միջատներէն կարելի է պաշտպանուիլ մեր տուներուն պատուհաններն ու դռները օժտելով մաղով, որ կ՛արգիլէ անոնց ներխուժումը:

Ուշադիր պէտք է ըլլալ սառնարանէն դուրս ճաշ կամ այլ ուտելիք չպահելու առումով: Վերջապէս, լաւագոյն նախազգուշական միջոցը յաճախ ձեռքերը լուալն է:

Աւարտին տոքթ. Տիգրան Վարդապետեան զանազան օրինակներով ու բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>