ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ
Աշնան համատարած տերեւաթափի նման` տերեւները մէկիկ-մէկիկ կը թափին ու ձմրան հովին ու փոթորիկին հետ հողմացրիւ կ՛անհետանան տիեզերքի անհունութեան մէջ, տերեւ մը աւելի ի՜նչ պիտի փոխէ աշխարհի տերեւաթափէն: Գարուններուն հետ ծաղկած ու պզտիկ պարտէզ մը ծաղկեցուցած կ՛անցնի ու կ՛երթայ միանալու յաւերժութեան աստղայոյլերուն: Գարուն մըն ալ Անահիտն էր, որ իր պարտէզը շէնցուց մայրական գորովանքով ու անհուն սիրով ու ցանեց հունտեր` հաւատալով, ինչպէս ամէնքս, թէ գարունն է, որ կը յաւերժացնենք ու նոր ծաղկած ծիլերով ապագային կը նայինք գեղեցիկ երազներու իրականութեան վերածելու հաստատակամութեամբ:
Անահիտը եւս իր կեանքի երգը երգեց` շքեղացնելով, ձեռագործելով եւ ոչինչէն գեղեցիկը ստեղծելով: Պարզ էին իր խօսքերը, առանց հնչեղութեան, յայտնելու իր սէրերն ու փափաքները, փոխանցելու իր մայրական խօսքը: Մեծ էին սակայն իր երազները, զորս փոխանցեց իր զաւակներուն ու անոնց ընդմէջէն ապրեցաւ վայելքը նուաճումներու գոհունակութեան:
Գեղեցիկը ստեղծելու ճիգը իրեն համար ոգեւորութիւն էր եւ ոգեղէն ապրում: Որքան դժուար ու յոգնեցուցիչ կամ ցաւցնող, այդքա՛ն կրկնակի կ՛ըլլար մարտահրաւէրը, որուն ծարաւ էր միտքը:
Շատ կանուխ տարիքէն ձեռագործելու` ասեղնագործութիւն, կարել, հիւսել, նկարչութիւն թէ պարտիզամշակութիւն, իր փխրուն ներաշխարհը կազմող արտայայտութիւններն էին, եւ հոյակապ կերպով անոնք դրսեւորելու տաղանդը ունէր:
Կը սիրէր հագուստ կարել: Պատկերները դիտելով` կրնար բարդ ձեւագիտութեամբ հագուստները ամենայն ճշգրտութեամբ միեւնոյնը վերարտադրել սքանչելի կերպով: Դասական ոճը , ճաշակը, երանգապնակի վառ գոյները եւ վայելչութիւնը գիտէր ներդաշնակել եւ ստեղծել գեղեցիկը:
Ձեռագործը ուրիշ աշխարհ մըն էր իրեն համար: Ինք կը գծէր իր օրինակները եւ կ՛ընտրէր գոյները: Կ՛աշխատէր այնպիսի բծախնդրութեամբ ու մաքրութեամբ , այնպիսի նրբութեամբ ու ճշգրտութեամբ ու արուեստով, որ իւրաքանչիւր կտոր կարծես գեղեցիկին ու շքեղին համադրում մը ըլլար, ծաղկեփունջերու` գունագեղ ու զուարթ արտացոլումներով:
Դաշտերուն, պարէտզին փոքրիկ դեղին, կապոյտ, կարմիր ծաղիկները կը հաւաքէր ու անոնց գոյներով եւ ուրուագծով իր ծածկոցները կը ձեւէր: Կը յաջողէր բնութեան մէջ դիտածն ու երեւակայածը կտորին յանձնել ճարտարօրէն, հարազատութեամբ, իւրայատուկ ոճով, ուր ներքին աշխարհի զգայնութիւնները կ՛արտացոլային իր ստեղծած պատկերներուն մէջ:
Կը սիրէր բնութիւնը, մանաւանդ` ծաղիկները, անոնց բոլոր տեսակները: Կը ցանէր, կը խնամէր, կը գուրգուրար, գիտէր, կը ճանչնար գրեթէ իւրաքանչիւր ծաղիկի կեանքի յառաջընթացը` ինչպէ՛ս առաջին ծիլերը կ՛արձակուին, ինչպէ՛ս կ՛աճի, որքա՛ն երկար կը դիմանայ, ինչ ջերմութեամբ կ՛ապրի: Իր հոգին լեցուն էր բնութեան գեղեցկութեամբ եւ կենդանի բնութեան խայտանքով: Իր հոգեկան բաւարարութիւնը գտած էր բնութեան շլացուցիչ գեղեցկութեան եւ ծաղիկներու դիւթանքին մէջ, կարծէք` կը խօսէր անոնց հետ եւ կ՛ապրէր անոնցմով: Մինչեւ առաւօտ կը լուսցնէր դիտելու համար հազուագիւտ այն ծաղիկը, որ ամիսներ խնամելէ ետք կը ծաղկէր տարին միայն մէկ անգամ, այն ալ` կէս գիշերին եւ առաւօտը չծագած` արդէն կը խամրէր. Պել տը նուի, Գիշերուան գեղեցկուհի կը կոչուի հրաշագեղ այդ ծաղիկը: Իսկ Անահիտը, առտուն, մեզի կը պատմէր ուրախութեան բոլոր շեշտերով, որ ինչպէ՜ս վայրկեան առ վայրկեան հետեւած էր ծաղիկին բացուելուն ու կատարելապէս ամբողջանալէ ետք, կամաց կամաց ինքն իր մէջ ամփոփուելով` խամրած: Այն, ինչ սովորական աչքով տեսանալի չէր մեզի համար, իրմէ չէր վրիպեր, խորունկ ու անծայրածիր հորիզոն մըն էր բնութիւնը իրեն համար, կենդանի, շնչող ու խօսուն: Բնութեան աղջիկն էր, հաղորդակից` անոր գաղտնիքներուն ու խորհուրդին ու բաբախուն անոր գեղեցկութեամբ:
Կը հաւատայինք, որ մեծնալով` բնութեան պիտի վերադարձնէր այն, ինչով բնութիւնը օժտած ու հմայած էր զինք:
Սակայն, ինչպէս հազարաւոր տաղանդաւոր հայուհիներ ժամանակի պարտադրած ընկերային հրամայականներուն ենթարկուելով, պիտի սանձէին իրենց հոգիին թռիչքները` տեղի տալով տոհմիկ բարքերուն` ամուսնութեամբ, զաւակներու զոհողութեան եւ ընտանիքին նուիրուելու առաքինութիւններուն: Ինք եւս եղաւ եւ ըրաւ այդ բոլորը, իր սէրը ընտանիքին հանդէպ մղեց ինքզինք գերազանցելու` դառնալով կին ու մայր, պահելով նահապետական ընտանիքի մը աւանդական արժէքները:
Տարաւ հետը իր նոր տունը , իր ամուսնոյն ընտանիքին` այն, ինչ ժառանգած էր հօրը տունէն` հայերէնն ու հայ մշակոյթը, սէրը արուեստի հանդէպ եւ շէնցուց այն ազգային բարքերով ու սովորութիւններով :
Սիրած էր ԼՕԽ-ը եւ անոր հաւատարիմ ծառայողը եղած էր տակաւին պատանեկան տարիներէն եւ իր սէրը նաեւ փոխանցեց իր ընտանիքի անդամներուն, որոնք հետագային պիտի արտայայտէին աւելի ցայտուն ու շօշափելի կերպով` ԼՕԽ-ին ու ազգին հանդէպ:
Իր տան սեղանները զարդարեց իր ձեռագործներով: Ծաղկամանները լեցուց իր ցանած ու աճեցուցած ծաղիկներով, իսկ թոռնիկները հագուեցուց իր կարած հագուստներով: Մատներուն տաղանդով լեցուց իր ներաշխարհն եւ լուսաւորեց իր շրջապատը:
Եւ երբ օր մը դաժան անհանգստութիւնը զինք դատապարտեց աթոռին ու ժամանակ մը ետք` մինակութեան, ամբողջութեամբ փարեցաւ աստուածատուր իր շնորհքներուն, որոնց ընդմէջէն առաւել եւս ճանչցաւ ինքզինք եւ աւելի ամրացաւ:
Իր երջանկութիւնը եւ սփոփանքը փնտռեց ոչ թէ այցելուներու կամ շրջապատին մէջ, այլ` ինքն իր մէջ, իր ներքին հոգեկան ներաշխարհին մէջ, որ այնքան հարուստ էր ու շքեղութեամբ յագեցած:
Գիտէր իր ժամանակը լաւագոյնս լեցնել նոյնիսկ ֆիզիքական ամէնէն դժուար պահերուն` ձեռագործելով, ստեղծելով , ընթերցանութեամբ: Ուրախ էր եւ լաւատես, նպատակասլաց ու մանաւանդ ինքնավստահ` առանց երբեք ոեւէ մէկու գնահատականներուն սպասելու:
Կը սորվինք մինակ մնալ եւ ընդգրկել մեր անձը եւ կը յայտնաբերենք մեր իսկական էութիւնը: Շատ մը բաներ կեանքի մէջ մեզմէ անանջատելի են եւ անկախ այդ իրողութիւններու առթած տարբեր զգայնութիւններէն, անոնք գոյութիւն ունենալով հանդերձ, մեր կեանքին իմաստը չեն` ծնունդները, ամուսնութիւնները, մահերը, ծերութիւնը, հիւանդութիւնները, ամէն տեսակի դժբախտութիւններն ու ապրումները, որոնք մեզ ուրախութիւն կամ վիշտ կը պատճառեն: Եւ անոնցմով չի վերջանար եւ հոն կանգ չ՛առներ կեանքը, ընդհակառակն, անոնք կը փոխարինուին այլ փորձառութիւններով, որոնք մեր սէրերը, ուրախութիւնները, վիշտը կ՛այլափոխեն ստեղծագործութեան: Հո՛ս է, որ երեւան կու գայ իսկական անհատը իր էութեամբ ու տարողութեամբ: Անահիտը եւս ապրեցաւ այդ ուրախ ու դառն ապրումները, սակայն կարողացաւ իշխել ինքզինքին եւ պարտադրել իր անձին` ստեղծելով, ձեռագործելով:
Մինակութեան մէջ կը սորվինք խամրող բաղձանքներու յուսախաբութիւնները դառնութեամբ ըմպել ու վերդառանալ անցեալին հեռու իրականութեան տխուր ու տհաճ առօրեայէն եւ անցեալի քաղցր յուշերով վերապրիլ պայծառ ու գեղեցիկ օրերը մանկութեան: Եւ դարձեալ ուժ գտած վերադառնալ ներքին ձայնին: Անահիտը եւս իր մէջ ուժ գտնելով` կը վերադառնար բնութեան լռութեան ու խաղաղութեան եւ գեշերուան բացուող լոյսին հետ կը բացուէր նաեւ հոգին` գոյներու աշխարհին: Գեղեցիկին որոնման ճիգին մէջ կը մոռնար իր ցաւերը ու հոգիին մէջ գունագեղ ծաղիկներու երեւակայական պատկերները ներդաշնակ ընտրութեամբ կը վերատադրէր կտորի վրայ:
Սէրը դէպի բնութիւնը եւ բնութեան գեղեցկութիւնը տեսնելու, անով ապրելու ցանկութիւնն էր, որ Անահիտին մէջ կենսագործելու տենդը վառ պահեցին` մոռնալով իր ցաւերն ու քիչ-քիչ դէպի մահ տանող մղձաւանջը ընդունելով ու երկնային տնօրինութեամբ հաշտուելով անխուսափելիին հետ եւ կամքին զօրութեամբ մինչեւ վերջ մնաց լաւատես ու երախտաւոր:
Ամբողջ կեանք մը ապրած էր հնազանդութեամբ` ծնողքին, ընտանիքին, ամուսնոյն ու Աստուծոյ: Լուռ ու անխուսափելի ինքնավստահութեամբ դժուարութիւններն ու դժբախտութիւնները նուաճեց եւ մնաց իր ցաւերուն մէջ` անտրտունջ ու համբերող, իսկ կեանքի պայքարին մէջ` աննահանջ ու յաղթող:
Անահիտը այն հայն էր, որուն համար ընտանեկան ու ազգային, նահապետական ու համայնական արժէքները աւելի կը գերակշռէին, քան` անհատական տենչերն ու իղձերը: Այդպէս պէտք էր որ ըլլայինք, երբ դարձեր էինք անհայրենիք եւ սփիւռք` պահելու համար ազգ ու ինքնութիւն:
Գիշերուան գեղեցկուհիին նման հազարաւորներ ծաղկեցան կեանքի գիշեր մը միայն ու լոյսը չծագած խամրեցան ու անցան:
Շուտով այս բոլորը կը դառնան անցեալ եւ յուշ: Կորուստը սիրելիին կը վիրաւորէ սիրտը,բայց անոր յիշատակները կը կազմեն աւերակները, որոնցմով վստահօրէն պիտի այցուինք- եւ որոնց պիտի այցելենք սիրոյ ու կարօտի անտեղիտալի քաշողականութեամբ` զինք վերակենդանացնելու ձայն տալու եւ իրեն կրկին ունկնդրելու անիմանալի առհաւութեամբ:
18 մարտ 2016