Քառասուն օրեր առաջ անգամ մը եւս դաժան մահը իր անողորմ ներկայութիւնը պարտադրեց եւ վերջ դրաւ մեզի շատ սիրելի ընկերուհիի մը կեանքին` խոր վիշտ պատճառելով իր հարազատներուն ու Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մեծ ընտանիքին:
Տիպար հայուհի եւ նուիրեալ ԼՕԽ-ական ընկերուհի Անահիտ Պուլղուրճեան կը հաւատար ԼՕԽ-ի մարդասիրական եւ բարեսիրական վեհ առաքելութեան, մինչեւ իր կեանքի վախճանը մնաց միշտ հաւատարիմ եւ քաջալերողը անոր գործունէութեան: Անդամ էր ԼՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղին, որուն վերելքին համար ունեցած էր նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն: Ունէր ազնիւ ու բարեհամբոյր հոգի: Միշտ ժպտադէմ այս ընկերուհին իր համեստ եւ անձնուէր բնաւորութեամբ սիրուած էր բոլորէն եւ յարգանքը կը վայելէր իր շրջապատին:
Ան կողակիցն էր եւ քաջալերողը Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մեծ բարերար հանգուցեալ Մելքոն Պուլղուրճեանին, որ իր երկու եղբայրներուն` Սարգիս եւ Յարութիւն Պուլղուրճեաններուն հետ, իրենց մօր յիշատակը յաւերժացնելու նպատակով, գաղափարը ունեցած էին Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջան Նոր Սիս թաղամասին մէջ հիմնելու անփոխարինելի կառոյց մը` ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը, որ կը հոգայ հայ ժողովուրդի ընկերային, տնտեսական եւ առողջապահական կարիքները` հասնելով հիւանդին, որբին եւ անտէր ծերունիին, հոգեկան գոհունակութիւն եւ խղճի հանգստութիւն պատճառելով ԼՕԽ-ի անդամուհիներուն:
Անահիտ Պուլղուրճեան ընտանիքի անգին մայր էր, իր ազգասիրութեան, ծառայասիրութեան եւ զոհողութեան ոգին փոխանցած էր նաեւ իր զաւակներուն` Սալբիին, Շողիկին եւ Վաչէին, որոնք հետեւելով իրենց ծնողներուն օրինակին` ճիգ չեն խնայեր սատարելու եւ ձեռք երկարելու ի խնդիր կարիքաւոր հայրենակիցներու բարօրութեան եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի վերելքին:
Սիրելի՛ ընկերուհի Անահիտ,
Այսօր յուզումը պատած է քեզ ճանչցող բոլորին սրտերը, ինչպէս նաեւ մեզ` Շրջանային վարչութեանս: ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքին անունով մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք զաւակներուդ եւ հարազատներուդ` վստահեցնելով, որ յիշատակդ վառ պիտի մնայ մեր բոլորին սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ:
Վարձքդ կատար, սիրելի՛ ընկերուհի:
Հողը թեթեւ գայ վրադ:
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ