Տ. Թ.
Յաճախ ինքզինքիս հարց կու տամ, թէ ո՞վ է առաքինի մարդը. մտքիս կը պատկերանայ այն մարդը, որ իր կեանքով եւ գործով ոչ միայն չի վնասեր իր շրջապատին, այլ նաեւ իր շնորհքներով, բարեգործութեամբ կը սատարէ իր շրջապատի մարդոց բարօրութեան: Ո՞վ է առաքինի կինը. ան, որ իր հոգւով եւ մարմնով կը նուիրուի իր ընտանիքին, զաւակներուն, հարազատներուն, բարեկամներուն: Ո՞վ է մեծահոգին. ան, որ լուռ, առանց յոխորտանքի, աւելորդ հպարտութեան, առանց ցուցական ինքնասիրութեան եւ ցուցամոլութեան` կը նուիրուի իր հաւատացած գաղափարներուն եւ կը փորձէ իրականցնել զանոնք իր լուռ կատարած գործերուն ընդմէջէն:
Քանի մը շաբաթներ առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ Անահիտ Պուլղուրճեանը: Եկեղեցիին մէջ այս մտածումներով աչքիս առջեւէն կ՛անցընէի իր կեանքի այն տարիները, երբ առիթը ունեցած էի զինք ճանչնալու, նոյն ատեն` հետեւելով իր կեանքի վերջին հանգրուանի արարողութեան: Ամբողջ ընթացքին աչքիս առջեւ կը պատկերանար առաքինութեան բոլոր յատկանիշները իր մէջ ամփոփող համեստ եւ ժպտուն Անահիտը:
Ան իսկական հայ կինն էր` նուիրուած իր ընտանիքին, ոչ միայն ֆիզիքական կառուցման, այլ նաեւ եւ մա՛նաւանդ` անոր հայեցի դաստիարակութեան: Ծնած ու մեծցած` հայութիւն բուրող եւ հայութեամբ լիացած ընտանիքի մը մէջ, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի նման կազմակերպութեան մը մէջ, որպէս անդամ, վարչական իր հասարակական, ընկերային , միութենական ծառայութիւնը բերած հայուհի, կ՛ուզէր նոյն բոյրն ու ոգին ստեղծել նաեւ ի՛ր ընտանիքին մէջ, բոլորին համար, բայց յատկապէս ներմուծել այդ ոգին իր զաւակներուն հոգիներուն մէջ: Միջոցները տարբերութիւն չէին ըներ իրեն համար` հայկական ասեղնագործութիւն, հայկական խոհանոց, հայկական տօներ, բոլորը լաւ էին, միայն թէ տան մէջ հայութիւն տիրէր: Այս բոլորին մէջ, իրեն ջերմ քաջալերողը իր նոյնքան համեստ եւ գիտակից ամուսին, հայր եւ բարերար, իր ազնուական կողակիցն էր` Մելքոն Պուլղուրճեանը:
Բազմիցս ակամայ ականատեսը եղած եմ իր գողտրիկ եւ ամչկոտ բարեգործութեան, որուն իրականացման վայրկեանին իսկ, երեսին ուրուագծուող գոհունակ ժպիտին հետ, իրմէ համեստութիւն, հեզութիւն եւ ամօթխածութիւն կը ծորէր: Ան գիտէր արժեւորել մարդը, հակառակ անոր որ ամէն մարդ իրեն համար արժանիք մըն էր, ան գիտէր գնահատել մարդոց կարիքները եւ ընել այնպէս, որ իր կարողութեան չափով հասնէր այդ կարիքներուն: Պարծենալ չէր գիտեր, երբ իր ընտանիքին անունով Լիբանանահայ օգնութեան խաչի հովանիին տակ, հսկայ կեդրոն մը իր բարիքներով կը ճառագայթէր եւ կը հասնէր համայնքին կարիքներուն, չէր գիտեր պարծենալ, երբ իր զաւակները իրենց բարձր կրթութեամբ եւ կարողութիւններով, իրենց հանրային հասարակական գործունէութեամբ եւ մասնագիտացած կարեւոր ձեռքբերումներով պատիւ կը բերէին հայութեան: Ան իսկական մեծահոգի, առաքինի կինն էր, որ մեզմէ բաժնուեցաւ առյաւէտ` իր հոգին ու ազնիւ ժառանգը ձգելով մեզի հետ:
Որքան թելադրանք կայ իր մէջ… յուսալով փոխանցիկ դարձնել քու մեծահոգութիւնն ու առաքինութիւնը, կ՛աղօթենք, որ հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի Անահիտ: