Ժ. Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Անշուք եւ շուք այս քոյրե՜րը,
Այս անշշուկ աղբիւրնե՜րը
Որոնք իրենց ճամբուն վրան`
Իրենց սէրէն
Երգ կը սփռեն
Անապատին մէջ սփիւռքեան,
Որոնք իրենց անցքին ետեւ
Ճաճանչահեւ
Կը թողուն յոյս
Ու արեւի ակօսներ պերճ`
Սրտերուն մէջ
Անարշալոյս:
Զուտ քոյրի պէս այս քոյրե՜րը,
Այս մայրական համբոյրնե՜րը,
Որոնց մեղրէն
Մրուր կեանքեր կ՛ըլլան անուշ,
Որոնց ջերմէն,
Դողդոջ սրտեր կը ստանան ուժ…
Այս քոյրե՜րը,
Այս հայ սրտի զեփիւռնե՜րը,
Որոնց շունչէն
Խոնջած կեանքեր կը կանաչնան
Եւ շշունջէն
Կը բարձրանան խնկուն փունջեր
Օրհներգութեան…
Այս քոյրե՜րը,
Հեքիաթի պէս այս հիւրե՜րը
Լուսահանդերձ,
Որ սովատանջ տուներէն ներս`
Իրենց սիրոյն
Անբաւ ծրարը կը բանան
Նուէրներով արքայական
Եւ մայրօրէն կը լնուն
Ծարաւ գաւաթը որբերուն`
Օրհնութեամբը պուտ մը կաթի
Հեղեղային,
Կը զարդարեն նօթիներուն,
Սեղանը մերկ`
Պնակ մը տաք կերակուրի
Արքայութեամբը երկրային:
Օ՜, կանացի այս Ծուռերը,
Հայանուէր այս դուրե՜րը,
Որ մաշտոցեան
Ուժ ու թափովն Հայ Ոգիի
Կը քանդակեն
Ապառաժներ Հայ Դպրոցի
Եւ Հայ Տունի,
Որ հայ շրթներ միշտ տրոփեն
Բառ հայերէն,
Որ հայկակի ձեռքեր կոփեն
Տառ հայաշէն,
Որ հայ կուրծքերը միշտ ամպրոպեն
Երգ հայեղէն:
Հրեշտակնե՛ր` առանց սակայն
Հանդերձանքին հրեշտակի,
Թագուհինե՛ր` առանց սակայն
Թագուհիի տեսքին ոսկի,
Այս քոյրերը հայ գթութեան`
Իրենց սրտերը կը բանան
Որպէս գարուն,
Ձմեռներուն
Կու տան վարդերն իրենց սիրոյն
Բոյրի նման
Այս անաղմուկ քոյրերը հայ,
Լոյսի նման փափաքելի
Քոյրերը այս
Կը բաշխուին
Տունէ ի տուն, ծագէ ի ծագ,
Որ հասցնեն գոյատեւման
Պատգամ
Ու հաց
Արմենածին
Խլեակներուն նաւաբեկած:
Օ՜, այս բոյրերը հայութեան…
Ի՜նչ չեն ըներ
Այս քոյրերը ծառայութեան,
Որ անապատն անովասիս
Դառնայ մայիս,
Որ սրտերուն մէջ անկրակ
Վառի ճրագ,
Որ աչքերուն դէմ աներկինք
Բացուի տեսիլք,
Սեղաններուն վրայ անհաց
Իջնէ մանանայ
Եւ օրերուն մէջ անիմաստ`
Կեանքը ոսկի եւ լոյս դառնայ…
Ի՜նչ չեն ըներ…
Եկէ՛ք սեղմենք ձեռքերը այս,
Որ ձեռքեր են Այծեմնիկի,
Բարի ձեռքեր սամարացի,
Մե՜ղր ու ոսկի՜
Ու հա՜յ ձեռքեր քրոջական…
Հայ մայրութեան այս քոյրերուն`
Եկէ՛ք բանանք սրտերը մեր,
Ու երկարենք ընծայաբեր
Ափերը մեր`
Ծառայութեան այս քոյրերուն,
Որ անոնք ալ
Ճաճա՜նչ ճաճա՜նչ տանին ու տան,
Բաշխեն մեր անձն ու գանձը լայն`
Մեր անծանօթ,
Մեր հեռաւոր` բայց սրտամօտ
Հայկակներուն,
Ներկայի բոյր, գալիքի գոյն
Ժառանգներուն: