Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

«Մեր Հովանաւորութիւնը «Մեծ Սովը» Ժապաւէնին Կը Նպատակադրէ Մեր Ցաւը Կիսել Լիբանանցիներուն Հետ Եւ Անոնց Վերյիշեցնել Նաեւ Իրենց Ցաւը» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Սէմ Րագուպեան

$
0
0

sam-30_42916

Շեշտելով հինգշաբթի, 28 ապրիլ 2016-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցած «Մեծ սովը» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեան ձեռնարկին կարեւորութիւնը` «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ «Սեն Մարք» հաստատութեան սեփականատէր Սէմ Րագուպեանին հետ, որ իր նիւթաբարոյական ներդրումը ունեցած էր ժապաւէնի պատրաստութեան գործին մէջ: Յիշեցնենք, որ Փօլ Ֆարշախի բեմադրութեամբ պատրաստուած ժապաւէնին ցուցադրութեան եւ ներկայացման ձեռնարկը կազմակերպուած էր Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ:

Պատասխանելով «Ազդակ»-ի այն հարցումներուն, թէ յատկապէս ինչո՞ւ ստանձնեց «Մեծ սովը» ժապաւէնին հովանաւորութիւնը, ի՞նչ նշանակութիւն ունի ատիկա եւ ի՞նչ հեռանկարներ ունեցած է ատիկա կատարելով, Սէմ Րագուպեան ըսաւ. «Անցեալ տարի, այս օրերուն պէս, տեղի ունեցաւ փրոֆ. Անթուան Պուսթանիի «Histoire de la Grande famine au Mont-Liban (1915-1918) Un genocide passe sous silence» գիրքին ներկայացումը, որ մեծ աղմուկ բարձրացուց լիբանանեան շրջանակներուն մէջ, յատկապէս իր ուղղակի վրդովումը յայտնեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ: Ձեռնարկին ներկայ էի իբրեւ ունկնդիր եւ ծանօթացայ փրոֆ. Անթուան Պուսթանիին, որուն միջոցով, աւելի ուշ, ծանօթացայ բեմադրիչ Փօլ Ֆարշախին: Փ. Ֆարշախ նոյնպէս ազդուած էր փրոֆ. Պուսթանիի գիրքէն եւ մտադրած ժապաւէնի վերածել զայն: Ընդառաջելով գաղափարին` յառաջ գացինք, եւ նիւթաբարոյական նեցուկս (նաեւ կազմակերպական) յայտնելով եւ գործադրելով անցանք գործի:

Ժապաւէնին կարեւորութիւնը կու գայ անկէ, որ անիկա Լեռնալիբանանի սովին եւ Լիբանանի մէջ Օսմանեան կայսրութեան գործած ոճիրներուն անդրադառնալուն կողքին, կ՛ընդգրկէ նաեւ Հայ դատին, Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ վրիժառու հերոսներու կողմէ գործադրուած ահաբեկումներուն մասին տեղեկութիւններ: Ուրեմն, մեր քաջալերանքը մէկ նպատակ կը հետապնդէ` մեր ցաւը կիսել լիբանանցիներուն հետ եւ անոնց վերյիշեցնել նաեւ իրենց ցաւը, Օսմանեան կայսրութեան գործած աւերները Լիբանանին եւ լիբանանցի ժողովուրդին նկատմամբ: Որպէսզի չմոռնան իրենց հարցը Թուրքիոյ հետ:

Անդրադառնալով ժապաւէնի վաւերագրական կարեւորութեան` Սէմ Րագուպեան յատուկ կերպով շեշտեց, որ ժապաւէնը պէտք է հասանելի ըլլայ բոլորին եւ ամէն տեղ: Րագուպեան ըսաւ. «Ժապաւէնը կ՛ուզենք ցուցադրել ամէն տեղ. նախ մօտ օրէն անիկա պիտի սփռուի լիբանանեան պատկերասփիւռի կարգ մը կայաններուն կողմէ, ապա նախաձեռնութիւնը պիտի առնենք ցուցադրելու լիբանանեան վարժարաններուն մէջ եւ տարածենք «Տի. Վի. Տի.»-ի տարբերակով: Այս ժապաւէնը պէտք է հասանելի ըլլայ Լիբանանի երիտասարդութեան, որպէսզի 80 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէնին ընդմէջէն անոնք չմոռնան Լեռնալիբանանի ժողովուրդին տառապանքը եւ ամէնէն կարեւորը` Օսմանեան կայսրութեան գործած բարբարոսութիւնները»:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>