Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Պատեանին Տակ Չթաքնուինք

$
0
0

ՆԱՐԻՆ ԱԴԱՄԵԱՆ

Հայ ազգը ընդհանրապէս բաժնուած է երկու հատուածներու: Առաջին հատուածը այն փոքրամասնութիւնն է, դժբախտաբար` փոքրամասնութիւն, որ նուիրուած է իր ազգին եւ ամէն գնով կ’աշխատի ի նպաստ Հայ դատին: Օրինակի համար, Հայոց ցեղասպանութեան

101-րդ տարելիցը ոգեկոչելու համար այս հատուածը կ’աշխատի եւ իր ամբողջ ժամանակը կը տրամադրէ նախաձեռնելու, կազմակերպելու եւ նոյնիսկ ներկայ գտնուելու տարբեր ձեռնարկներու` նպատակ ունենալով հետապնդել 101-ամեայ դատը, պահանջատիրութեան գաղափարը փոխանցել նոր սերունդներուն ու նաեւ ծանօթացնել դատը օտար շրջանակներու:

Իսկ երկրորդ հատուածը այն հատուածն է, որ յուսահատ եւ յոռետես է, որուն մէջ սարսափելիօրէն սկսած է նուազիլ պայքարելու եւ պահանջատիրութեան ոգին: Այս հատուածը կազմող անհատներու թիւը դժբախտաբար սկսած է աճիլ:

Անցեալ շաբաթ պատահաբար հանդիպեցայ երկրորդ հատուածին պատկանող հայուհիի մը եւ լսեցի անոր խօսակցութիւնը, երբ ան կը խօսէր իր բարեկամուհիին հետ: Ան կ’ըսէր, թէ այս տարի քայլարշաւ կազմակերպելը աւելորդ է, որովհետեւ 100 տարին անցած է եւ տակաւին թուրքը չէ վերադարձուցած մեր հողերը, ուրեմն ինչո՞ւ տակաւին ժամանակ վատնել լսելի դարձնելու մեր ձայնը:

Սակայն տրամաբանակա՞ն է անտարբեր ըլլալ մեր ազգին նկատմամբ վայրագութիւններու, զոհերուն թափած արեան եւ հարիւրամեայ դատին հանդէպ: Ճի՞շդ է ոգեկոչել Հայոց ցեղասպանութիւնը միայն հարիւրամեակներու կամ այսպէս ըսած` «կլոր» թուականներու: Արդեօք այ՞ս պիտի ըլլայ մեր դաստիարակելու ոճը գալիք սերունդները:

Այս տեսակ դէպքը կարելի է նմանցնել կրիայի մը: Այս անասունը փոքրերու առակներու գիրքերու մէջ ճանչցուած է իբրեւ ամէնէն դանդաղ անասունը, բայց այդ յատկանիշին կողքին, հակառակ դանդաղ ըլլալուն, ան միշտ ալ հասած է իր թիրախին: Ասկէ բացի, կրիաները կը սնանին մէկ եղանակի ընթացքին: Միւս եղանակներուն իրենց ժամանակը կ՛անցընեն քնանալով:

Կամաց-կամաց հայ ժողուրդը սկսած է նմանիլ  կրիայի մը: Ան դադրած է ըմբոստանալէ ու պայքարելէ եւ նախնտրած է բռնել հանգիստ ճամբան: Այո՛, անոր թիրախը տակաւին կը մնայ վերականգնել իր հողերը, ստանալ հատուցումը եւ հաստատել «Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան» սակայն այս բոլորը կատարելու համար ան սկսած է սպասել միմիայն

100-ամեակներու:

Մենք կարիքն ունինք հաւաքական զարթօնքի մը, որպէսզի բոլորս զգուշ ըլլանք մեզի սպառնացող յանձնուողականութենէն եւ յարատեւ շարունակենք մեր պայքարը:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>