ՀՐԱԿ-ԽԱՉԻԿ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Գաղտնիք չէ, որ 1994-ի զինադադարը յաճախ կը խախտէր Ազրպէյճանի կողմէ: Արդարեւ, ան բազմիցս կը պատճառէր սահմանային ընդհարումներ, որոնք միշտ իրենց արժանի պատասխանը կը ստանային` սահմանապահ հայ զինուորներուն կողմէ:
Միջազգային ընտանիքին լռութիւնը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ոչ վճռական որոշումները պատճառ դարձան, որ այս ոտնձգութիւնները շարունակուին ու դառնան աւելի յաճախակի: Արդարեւ, վերջին երկու տարիներուն Ազրպէյճան բազմապատկած է զինադադարի խախտումները, որոնց գագաթնակէտն էր ապրիլ 2-ին սկսած Ազրպէյճանի աննախընթաց յարձակումը Արցախի Հանրապետութեան ողջ սահմանի երկայնքին: Յարձակում մը, որուն ետին կը կանգնի Թուրքիան իր քաղաքական եւ ռազմական բոլոր կառոյցներով: Այս յարձակումով Ազրպէյճան անգամ մը եւս կը փաստէ, թէ ան կ՛ուզէ ձախողեցնել արցախեան հարցի լուծման խաղաղ գործընթացը:
Ո՛չ, հայկական ուժերը չէին կրնար նախայարձակ ըլլալ: Անոնք պատճառ չունէին նախայարձակ ըլլալու: Մեր տղաքը մեր սահմաններուն վրայ գիշեր ու ցերեկ անձնազոհութեամբ կը պաշտպանէին արեամբ կերտուած մեր հայրենիքը, եւ բնականաբար անոնք չէին կրնար լուռ մնալ ազերի թուրքերու այս յարձակման եւ պէտք էր դիմէին ինքնապաշտպանութեան:
Այո՛, ունեցանք նահատակներ: Այո՛, մեր լաւագոյն տղաքը իրենց երիտասարդ կեանքերը նուիրաբերեցին յանուն հայրենիքի պատշտպանութեան գործին: Անոնք գացին մաս կազմելու Պետոներու, Շահէններու, Դուշմաններու, Վիգէններու եւ Մհերներու փաղանգին:
Արցախի բանակը այսօր կը շարունակէ հայազգի հերոսներու սուրբ գործը:
Արցախի բանակը այսօր կ՛ապահովէ հայ կնոջ ու մանուկին խաղաղ կեանքը, Արցախի բանակը այսօր կ՛երաշխաւորէ հայոց պետականութեան զարգացման յարմար պայմաններու ստեղծումը:
Մեր բանակը եկաւ փաստելու, թէ հայը կրնայ վստահիլ իր իսկ ուժերուն: Հայը ունի պատրաստուած ու արդիական բանակ, բանակին կողքին ունի մարտունակ ժողովուրդ եւ ամբողջ սփիւռք մը: Սփիւռք մը, որ պատրաստ է օժանդակելու հայրենիքի պաշտպանութեան գործին: Սփիւռք մը, որ միշտ կը մնայ Հայաստանի կողքին:
Այսօր մենք` որպէս լիբանանահայ երիտասարդներ եւ ուսանողներ, առաջին հերթին կոչ կ՛ուղղենք միջազգային ընտանիքին` լուռ չմնալու արցախեան հարցին վերաբերեալ, կոչ կ՛ուղղենք` պէտք եղած միջամտութիւնը կատարելու այդտեղ, վերահաստատելու համար կայուն զինադադարը: Զինադադարի հաստատումը մեզի այնքան էական չէ, որքան` այդ զինադադարի բացարձակ գործադրութեան երաշխիքը: Կոչ կ՛ուղղենք միջազգային ընտանիքին պատժական տնօրինում կատարելու ազերիական պետութեան հաշուոյն: Կարելի չէ նախայարձակ եղած պետութիւն մը, խաղաղ բանակցային գործընթացի սկզբունքներ բռնաբարած պետութիւնը պահել անպատիժ:
Երկրորդ` կու գանք դէմ դնելու ազերիական ոտնձգութիւններուն եւ նշելու, թէ արցախեան հողը օրհնուած է մեր սուրբ նահատակներու արեամբ, եւ մենք պատրաստ չենք այդ հողէն թիզ մը իսկ զիջելու, մենք պիտի չզիջինք, ոչ իսկ ափ մը հող` ո՛չ բանակցային գործընթացով, ո՛չ ալ պատերազմական գործողութիւններով: Մենք համոզուած ենք, որ կարելի չէ արցախեան հարցը կապել շրջանային ու միջազգային այլ հաշիւներու հետ: Ղարաբաղը մերն է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ:
Վերջապէս կու գանք մեր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելու հայոց բանակին ու հայ սահմանապահ զինուորներուն, որոնք այսօր զէն ի ձեռին, աննկուն կամքով եւ անտեսելով իրենց կեանքին սպառնացող վտանգները` հպարտօրէն կը պաշտպանեն մեր հայրենիքը:
Կու գանք խոնարհելու հերոսածին մայրերուն առջեւ, որոնք նոյնքան ամուր կեցած են իրենց զաւակներու թիկունքին:
Կու գանք սփոփելու նահատակ հերոսներու ծնողները:
Կու գանք ըսելու հայ զինուորին եւ Արցախի մեր հայրենակիցներուն, թէ մենք միշտ պիտի մնանք ձեր կողքին:
Արցախեան պայքարը մենք համահայկական ջանքերով` յաղթանակով պիտի պսակենք, եւ այդ ցեղերը` բիրտ ու թափառական, սարսափով պիտի թողնեն հողը հայկական: Կեցցէ՛ Արցախի մէջ մարտնչող հայոց բանակը, կեցցէ՛ միասնական հայութիւնը: