Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Նշեցինք, Պահանջեցինք, Արձագանգեցին…Յետո՞յ…

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Dzidzernagapert-2_42916

Այս հարցումն է, որ մեզ միշտ պիտի մղէ կրաւորականութեան չվերադառնալու, չբաւարարուելու ճանաչումներով, նպաստաւոր կարծիքներով, մեզի ուղղուած կարեկցանքի, զօրակցութեան կամ գնահատանքի արտայայտութիւններով: Մինչ այդ, անշուշտ, շահեկան է գիտնալ, թէ աշխարհը այս անգամ ինչպէ՛ս արձագանգեց: Միջազգային լրատու միջոցներ` թերթեր, կայքեր, պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններ աշխարահռչակ օսկարակիր դերասան, գործիչ Ճորճ Քլունիի`  միջազգային «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան մասնակցելու նպատակով Երեւան այցելութեան անդրադարձան` նշելով, որ Քլունի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման նուիրեալ ջատագով է: Թրքական գրեթէ բոլոր թերթերը «աւետեցին» ապրիլ 24-ի առիթով Էրտողանի  Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Աթէշեան արքեպիսկոպոսին յղած այլեւս աւանդական դարձած «պատգամը»: Մակերեսային, թշնամական եւ ծախուած գրիչներու կողքին` ի յայտ եկան պարկեշտ եւ իսկական բարեկամ մտաւորականներ: Ստորեւ` վերնագիրներ եւ յատկանշական հատուածներ:

Ն.

ak-2_42916

«Ախպար» – Լիբանան. Հայերը ցեղասպանութեան տարելիցին. Լիբանանցիներ յիշողութեամբ օժտուած

Լիբանանեան միայն մէկ հաւաքականութիւն կայ, որ փրկուած է Ալցայմըր հիւանդութենէն, որ կը սպաննէ լիբանանցի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը : Այն ժամանակ, երբ լիբանանցիներ մէկ գիշերէն միւսը կը մոռնան թէ զիրենք ո՛վ հալածած է, ո՛վ սպաննած է, ո՛վ նուաստացուցած է, ո՛վ կողոպտած է իրենց երկիրը եւ զիրենք աղքատացուցած եւ այլն, եւ այլն, հայերը կը շարունակեն հաւաքական յիշողութեան պահպանման դաս տալ:

«Լիուա» – Լիբանան. Յուշակոթողի տեղադրում Պուրճ Համուտի մէջ «Նահատակները` մարդկութեան նահատակներն են», կ՛ըսէ Յ. Բագրատունի

«Պինա» – Լիբանան. Լիբանանի մէջ հայերը կ՛ոգեկոչեն Ցեղասպանութեան 101 ամեակը… ոճրագործը ազատութեան մէջ է, հաշուեյարդար կարելի՞ է

«Նահար» – Լիբանան. Հայկական կուսակցութիւնները նշեցին ցեղասպանութեան յիշատակը. «տակաւին Թուրքիայէն կը պահանջենք ճանաչում».

«Տիար» – Լիբանան. Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման պատարագներ, հանդիսութիւններ, երթեր. «Պէտք չէ թոյլ տանք, որ թշնամին լռեցնէ մեր պահանջները»,  Արամ Ա.

«Սաֆիր»-Լիբանան. Հայկական համայնքները կ՛ոգեկոչեն Ցեղասպանութիւնը

gundem_42916

«Օզկիւր Կիւնտեմ». Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի (Քրտական թերթը հայերէն վերնագիրով լոյս տեսած է ):

«Տէյլի Սապահ» – Թուրքիա. Նախագահ Էրտողան 1915-ի ուղերձ կը յղէ, կը յարգէ օսմանեան հայերու յիշատակը

«Հիւրրիյէթ». Թուրքիա. Թուրքիա կը մերժէ 1915-ի դէպքերու «ցեղասպանութիւն» անուանումը` ըսելով, որ սպանութիւնները պէտք է դիտուին Ա. Աշխարհամարտի ծիրին մէջ

«Աքշամ» – Թուրքիա. «Որոշ մարդիկ ցեղասպանութեան մասին սուտերով կրնան փորձել իրարու դէմ հանել թուրքերն ու հայերը: Բայց մենք պիտի շարունակենք շեշտը դնել մեր ունեցած ընդհանուր եղբայրութեան վրայ: Այդ ժամանակին մէջ տեղի ունցած դէպքերը պէտք է դիտարկուին զուտ իբրեւ ընդհանուր վիշտ: Ապագային պէտք է նայիլ բարեկամութեան դիրքերէն», նախագահի բանբեր Ի. Քալըն:

«Սապահ» – Թուրքիա. «1915-ի դէպքերը պէտք է գնահատուին գիտական դիւտանկիւնէն», կ՛ըսեն պատմաբանները

«Պէյազկիւնտեմ» – Թուրքիա. «Թուրքիա պատրաստ է հայերուն հետ երկխօսութեան,  արխիւներու եւ պատմութեան միջոցով միայն», փոխ վարչապետ Ն. Քուրթուլմուշ

«Միլլիյեթ» – Թուրքիա. Քանատայի թուրքերը «հայկական սուտերուն» դէմ քալեցին

«Թիւրքիէ» – Թուրքիա. Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը 1915 թուականի դէպքերու վերաբերեալ իր յայտարարութեան մէջ օգտագործած է «ցեղասպանութիւն» բառը: Դեսպանատան պաշտօնական կայքին մէջ տեղադրուած յայտարարութեան մեջ օգտագործուած է «ցեղասպանութիւն» եզրը:Նոյն յայտարարութիւնը նաեւ տարածուած է դեսպանատան պատկանող ընկերային ցանցերու էջերու մէջ: Համացանցի օգտատէրերու կողմէ լայն տարածում գտնելէ ետք, թուրքերու շրջանակին մէջ բողոքի ալիք բարձրացած է, որմէ ետք դեսպանատունը ջնջած է արձանագրութիւնը, իսկ պաշտօնական կայքին մէջ տեղադրուած յայտարարութենէն  հեռացուցած` «ցեղասպանութիւն» եզրը:Միջադէպը կրնայ Ուաշինկթոն-Անգարա յարաբերութիւններուն մէջ  լարուածութիւն յառաջացնել:

«Ար. Թի.» – Ռուսիա. Հազարաւոր մարդիկ աշխարհի մէջ Թուրքիայէն կը պահանջեն, որ ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը 101-րդ տարելիցին

Թուրքիա` Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդը, կը խոստովանի, որ այդ ժամանակ բազմաթիւ հայեր չարչարուած են, բայց կը պնդէ,  որ զոհերուն թիւը կոպտօրէն չափազանցուած է,  եւ թէ չկար «ցեղասպանութիւն» կամ պաշտօնական համակարգուած ջանք` բնաջնջելու հայկական փոքրամասնութիւնը: Ընդունելով մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրները` ոչ միայն պիտի վնասէ Անգարայի միջազգային հեղինակութեան, այլ նաեւ ատիկա պատասխանատուութիւն պիտի կրէ հատուցման, որ որոշ հայ իրաւապաշտպան խումբեր կը գնահատեն իբրեւ թրիլիոն տոլարներ:

RT_42916

«Հաֆինկթըն Փոսթ» – Մ.Ն. Միացեալ Նահանգներ պէտք է ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը.

«Նիւ Եորք Թայմզ»- Մ.Ն. Պուրունտիի Խաղաղութեան տան  հիմնադիր Մարկարիթ Փարանկիցէն արժանացած է առաջին մրցանակին, որ ստեղծուած է ի յիշատակ մէկ դար առաջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան

Aurora_42916

«Հոլիվուտ Ռիփորթըր» – Մ.Ն. «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան ատեն Ճորճ Քլունի ըսաւ. «Անգամ մը Հիթլեր ըսած է. «Այսօր ո՞վ կը յիշէ հայերը». պատասխանն է` ամբողջ աշխարհը»: Քլունի ամբողջ աշխարհը յորդորեց ճանչնալու հայերու նկատմամբ 1915 թուականին իրականացուած կոտորածները իբրեւ Հայոց ցեղասպանութիւն:

Clooney_42916

«Եու. Էս.Էյ. Թուտէյ» – Մ.Ն. Քլունի կարեւոր ձայն դարձած է` ի պաշտպանութիւն այն երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ ի դէպ, չեն ըրած Միացեալ Նահանգներ:

«Նիւ Եորք Թայմզ» – Մ.Ն. Թրքական կառավարութիւնը կ՛ուզէ քանդել Տիգրանակերտի հայկական եկեղեցին

Dzidzernagapert_42916

«Ասոշիեյթըտ Փրես» – Մ.Ն. Ամերիկացի դերասան Ճորճ Քլունին հայերուն հետ ոգեկոչեց օսմանեան թուրքերու կողմէ 1,5 մլն հայերու սպանութեան 101-ամեակը: Քլունի արտայայտուեցաւ  ի նպաստ այն երկիրներուն, որոնք սպանութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչցած են, բան մը, որ չեն ըրած Միացեալ Նահանգները:

«Կարտիըն» – Բրիտանիա. Քլունի Հայաստանի նախագահին հետ այցելեց յուշահամալիր` յարգելու յիշատակը 1,5 միլիոն հայերու, որոնք սպաննուած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Մրցանակաբաշխութեան ժամանակ Քլունին կոչ ըրաւ աշխարհին` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Aurora-prize-1_42916

«Պի. Պի. Սի.»- Բրիտանիա. «Աւրորա»-ն մարդասիրական մրցանակ է` հիմնուած Հայոց ցեղասպանութէնէն փրկուածներուն կողմէ` ի յիշատակ անոնց, որոնք փրկած են զիրենք:

«Ինտիփենտընթ»- Բրիտանիա. Լոնտոն չ՛ուզեր ընդունիլ ՏԱՀԵՇ-ի կատարած ցեղասպանութիւնը` Թուրքիան զայրացնելու վախէն… Իրականութեան մէջ բրիտանացի նախարարները չեն ուզեր  զայրացնել թուրքերը, որոնց հաճելի չի թուիր ցեղասպանութիւն եզրը, որ միջազգային քաղաքականութեան մէջ շատ յաճախ կ՛օգտագործուի: Այս պարագային ատիկա կրնան օգտագործել նաեւ հայերու  հալածանքներու համար… Համայնքներու պալատը, սակայն, միաձայն քուէարկեց ի նպաստ ցեղասպանութիւնը ճանչնալու: Սակայն Բրիտանիոյ կառավարութիւնը կրնայ ետ քաշուիլ այդ որոշումէն:

«Ֆրանսփրես» – Ֆրանսա. Զանգուածային սպանութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալու համոզուած ջատագով Քլունի մասնակցեցաւ Երեւանի մէջ յուզական ձեռնարկներուն:

«Ֆիկարօ» – Ֆրանսա. Հայաստան. Քլունի կ՛ոգեկոչէ Ցեղասպանութիւնը

«Ֆիկարօ» կ՛անդրադառնայ Ճորճ Քլունիի Հայաստան այցելութեան եւ կը նշէ, որ ամերիկացի դերասանը եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն: «Ցեղասպանութիւնը մաս կը կազմէ Հայաստանի պատմութեան, բայց նաեւ` աշխարհի պատմութեան: Ասիկա միայն մէկ ազգի ցաւը չէ», յայտարարած է Քլունի Երեւան հասած պահուն:

«Փարիմաչ» – Ֆրանսա. Ճորճ Քլունի եւ Ազնաւուր յարգանքի տուրք կը մատուցեն Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն

Յօդուածը կ՛անդրադառնայ Ճորճ Քլունիի եւ Շարլ Ազնաւուրի Հայաստան այցելութեան եւ կը նշէ, որ ամերիկացի դերասանը ժամանած է նախկին խորհրդային երկիր մը` մասնակցելու համար տարեկան երթին:

«Տէօչէ Վել» – Գերմանիա. Քլունի, նախագահ Ս. Սարգսեանի եւ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի հետ ծաղիկներ զետեղեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանի մօտ:

Charles-et-Clooney_42916

«Նիւ Զելանտ Հերալտ» – Նոր Զելանտա. 24 ապրիլ 1915-էն օր մը առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ  250 հայեր ձերբակալած են` քաղաքական գործիչներ, հոգեւորականներ, բանաստեղծներ: Այդ մարդոց մասին այլեւս ոչ ոք ոչինչ լսած է:Ասիկա ահազանգ էր այն ցեղասպանութիւններուն մասին, որոնց պիտի ենթարկուէին հայերը, ասորիները, յոյներն ու միւս ժողովուրդները: Ապրիլ 24-ին Հայաստանի մէջ կը նշուի ցեղասպանութեան զոհերու  յիշատակի օրը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>