Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Ապրիլ Գ. Ապրիլը Վերածելու Յաղթանակի Ամսուան

$
0
0

24 ապրիլ1915-ին օսմանեան կայսրութեան իշխող տարրին այլամերժ եւ ցեղասպանական վարքագիծը մարդկութեան պատմութեան մէջ իր բարբարոսական մեծագոյն արտայայտութիւնը գտաւ ծրագրաւորուած Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութեամբ:

Ցեղասպանութիւնը սակայն անճրկումի չմատնեց լուսամիտ մեր ժողովուրդը:

Պատմական հայրենիքէն բռնի տեղահանուած ու մահուան սպառնալիքին տակ սուրիական անապատներ հասած հայութիւնը  սուրիական ասպնջական հայրենիքին մէջ վերածաղկեցաւ եւ ո՛չ միայն պահպանեց իր գոյութիւնը, այլ նաեւ աշխուժ գործունէութիւն ծաւալելով, սուրիահայ գաղութը Մայր գաղութի վերածեց:

Սուրիական ճգնաժամի տարիներուն նորօսմանեան  նկրտումներով հարբած թրքական իշխանութիւնները, որպէս ժառանգորդները օսմանեան կայսրութեան, դարձեալ աւերիչ դերակատարութիւն ունեցան այս անգամ Միջին Արեւելքի մէջ: Անոնք, անտեսելով միջազգային օրէնքները, հրահրեցին ահաբեկչական շարժումը` սպառնալով յատկապէս սուրիական ընկերութեան մաս կազմող բոլոր բաղադրիչներու խաղաղ գոյակցութեան, Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ վերջերս նաեւ միջսուրիական բանակցութիւններու յաջողութեան: Հայ տարրը եւս թիրախ էր թրքամէտ ահաբեկչական խմբաւորումներուն բարբարոսութեան:

Հակառակ այս բոլորին, Սուրիոյ ժողովուրդն ու պետութիւնը պայքարեցան ու կը շարունակեն պայքարիլ` պահպանելու երկրի ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու սուրիական ընկերութեան բաղադրիչներու խաղաղ կենակցութիւնը:

13 ապրիլը Սուրիոյ համար յաղթական օր դարձաւ: Խորհրդարանական ընտրութիւններով Սուրիոյ ժողովուրդը հաստատեց երկրի ապագան վերակերտելու իր վճռականութիւնը, իսկ սուրիական խորհրդարանին մէջ հայ համայնքի երկու թեկնածուներով ներկայանալը ինքնին վկայութիւնը հանդիսացաւ ո՛չ միայն հայ համայնքի հնգամեայ գոյապայքարին, այլ նաեւ ազգային եւ քաղաքացիական բարձր գիտակցութեամբ սուրիական հայրենիքին ծառայելու վճռականութեան:

Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնն ու անոր ընկերութեան բաղադրիչներուն միջեւ ատելութիւն սերմանելու թրքական դաւադրական ծրագիրը յօդս ցնդեցաւ, եւ ասոր իբրեւ հետեւանք Թուրքիան իր աւերիչ քաղաքականութիւնը ջանաց փոխադրել հարաւային Կովկաս` Արցախ: Հրահրելով իր եղբայր Ազրպէյճանը, Թուրքիան այս անգամ սպառնաց Արցախին, աւելի՛ն, ան խոստացաւ Արցախը «նուիրել» իր կրտսեր եղբօր, գէթ փանթուրանիզմի իր ծարաւին յագուրդ տալու ցանկութեամբ:

Արցախի պաշտպան հայ զինուորին շնորհիւ սակայն, յօդս ցնդեցաւ, թրքական այդ ծրագիրը եւս,  արցախահայութիւնը իր զաւակներուն արեան գնով ետ մղեց ազերիական յարձակումներն ու ազատ ինքնորոշման իր իրաւունքը անգամ մը եւս հաստատեց` համայն հայութեան զօրակցութեամբ:

Թրքական կողմը այս անգամ ձեռնարկեց ապատեղեկատուական արշաւի: Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան Պոլսոյ վեհաժողովի ամփոփիչ փաստաթուղթին մէջ  տեղ գտած Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը անտեսող յայտարարութեան մէջ ակնառու էին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ձեռագիրները:

Այս բոլորով հանդերձ, արցախահայութեան հերոսական սխրանքը մէկ կողմէ, սուրիահայութեան գոյամարտը միւս կողմէ վկայեցին, որ ապրիլը կրնայ վերածուիլ վերապրումի, յարութեան եւ յաղթանակի ամսուան, եթէ մեր ժողովուրդը ըլլայ վճռական, համախմբէ իր ուժերն ու տոգորուի հաւատքով:

Զ. Պ.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>