Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ամօ՛թ Գերմանիոյ Վարչապետ Մերքելին` Էրտողանի Սպառնալիքներուն Դիմաց Տեղի Տալուն Համար

$
0
0

harut-sassunian1ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Շատ վատ է, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան կը փափաքի դատի տալ գերմանացի երգիծաբանը` զինք վիրաւորած ըլլալուն համար… Սակայն աւելի մեծ խայտառակութիւնը Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի թոյլտուութիւնն է դատական գործընթացի սկսելու` 19-րդ դարու օրէնքի հիման վրայ…

Ըստ այս հին օրէնքին ամէն անձ, որ կը վիրաւորէ ոեւէ օտարերկրացի ղեկավար, կրնայ դատական կարգով պատասխանատուութեան ենթարկուիլ` Գերմանիոյ կառավարութեան համաձայնութիւնը ստանալէն ետք: Այժմ Էրտողան ամբողջացուց Իրանի շահ Մոհամետ Ռեզա Փահլաւիի եւ Չիլիի առաջնորդ Աւկուսթօ Փինոչէի բռնատիրական շարքերը, որոնք համանման դատական հայցեր ներկայացուցած էին Գերմանիոյ մէջ:

Սկիզբը Մերքել կը պաշտպանէր Գերմանիոյ քաղաքացիին` ազատ մամուլի եւ կարծիքի արտայայտման իրաւունքը` ի տարբերութիւն Թուրքիոյ անմարդկային օրէնքներուն, սակայն անամօթաբար ընկրկեցաւ Էրտողանի առջեւ, երբ այս վերջինը սպառնաց Եւրոպան հեղեղել Սուրիոյ փախստականներով` անոնց արտահոսքը կանխելու նպատակով քանի մը միլիառ տոլար ստանալէ ետք…

Կը թուի, թէ Մերքել, Օպամա եւ ուրիշներ չեն հասկնար, որ ամբարտաւանին զիջումներ ընելը կը յանգեցնէ աւելի շատ սպառնալիքներու: Զայն կանգնեցնելու միակ միջոցը պարզապէս «ոչ» ըսելն է: Բնականաբար, Էրտողան ջղագարութեան մէջ կ՛իյնայ, ինչպէս շփացած երեխայ` կը սպառնայ եւ, հաւանաբար, յետս կը կոչէ իր դեսպանը… Սակայն որոշ ժամանակ անց ան կը սորվի, որ չի կրնար իր կամքը պարտադրել Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս, եւ որ` մնացեալ աշխարհը երբեք ալ պիտի չենթարկուի իր սուլթանական հրահանգներուն…

Արդէն քանի մը տասնամեակ է, որ ամերիկացի, բրիտանացի եւ իսրայէլացի ղեկավարները  միեւնոյն նուաստացուցիչ սխալը թոյլ կու տան` խոնարհելով Էրտողանի եւ անոր նախորդներուն սպառնալիքներուն առջեւ` չարտասանելով «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառերը: Եթէ առաջին օրէն այդ ղեկավարները պարզապէս «ոչ» ըսէին, ապա իրենք զիրենք կ՛ազատէին տարիներ շարունակ հնչող սպառնալիքներէն… Ցաւօք, անոնք թոյլ կու տան, որ «պոչը թափահարէ շունը»…

Ներկայիս Մերքել սայթաքեր է թուրք ամբարտաւանին հանգստացնելու համար: Ան կոպիտ սխալ գործած է` թոյլ տալով գերմանացի երգիծաբանի հետապնդումը` Էրտողանի բարեկամութիւնը շահելու համար: Շուտով Թուրքիոյ նախագահը նոր պահանջներ պիտի ներկայացնէ Գերմանիոյ վարչապետին` սուրիացի փախստականներու եւ բազմաթիւ այլ հարցերու վերաբերեալ, ինչպէս, օրինակ, յունիսին Պունտեսթակի մէջ նախատեսուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին քուէարկութիւնը, որ արդէն քանի մը անգամ յետաձգուած է թրքական սպառնալիքներու պատճառով:

Մերքելի անխոհեմ եւ հակաժողովրդավարական քայլը կրնայ պառակտել «մեծն դաշնակցային» կառավարութիւնը: Գերմանիոյ խորհրդարանի ձախ կեդրոնամէտ ընկերվար-դեմոկրատներու առաջնորդ Թոմաս Օպըրման քննադատեր է անոր որոշումը` կոչ ընելով վարչապետին չեղեալ համարել հինցած օրէնքը: Օպըրման զգուշացուցած է` ըսելով, որ օտարերկրացի պետութիւններու ղեկավարները պէտք չէ օգտուին յատուկ իրաւունքներէ` Գերմանիոյ քաղաքացիները դատի տալու համար:

Մերքելի կառավարութեան երկու ազդեցիկ նախարարները եւս ընդդիմացած են անոր այս որոշումին: Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայերը եւ արդարադատութեան նախարար Հէյքօ Մաաս յայտարարած են. «Կարծիք յայտնելու ազատութիւնը, լրատուական միջոցները եւ մշակոյթը մեր սահմանադրութեան ամէնէն մեծ հարստութիւններն են»:

Բացի այդ, ըստ վերջին հարցախոյզի, գերմանական հանրութեան երկու երրորդը դէմ է երգիծաբանը դատելու Մերքելի որոշումին: Իսկ վերջին քանի մը օրերու ընթացքին երկրի վարչապետին վարկանիշը 56 տոկոսէն իջած է 45-ի: Ըստ մէկ այլ հարցումի, հարցուածներու 66 տոկոսը դէմ է երգիծաբանի նկատմամբ քրէական հետապնդում իրականացնելուն, եւ միայն 22 տոկոսն է կողմ: Գերմանական ZDF հեռատեսիլի կայանը, որ ցուցադրած է Էրտողանի մասին երգիծաբանին տեսանիւթը, լիակատար իրաւական աջակցութիւն խոստացած է նախաքննութեան ընթացքին:

Եւրոպական յանձնախումբի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքեր նոյնպէս քննադատած է Էրտողանի անընդունելի, անհանդուրժողական արձագանգը: Ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթի, Եունքեր խոստացեր է փոխադարձ զիջման չերթալ եւրոպական արժէքներու հարցով` Անգարայի գաղթականական հոսքերը կանգնեցնելու դիմաց: «Չեմ կրնար հասկնալ, թէ ինչպէս կրնան Գերմանիոյ դեսպանին բողոքել` երգիծական վարկաբեկիչ երգի մը համար», ըսեր է Եունքեր, 13 ապրիլին: «Այս արարքը Թուրքիան աւելի չի մօտեցներ մեզի, այլ աւելի կը հեռացնէ մեզ իրարմէ»:

Ինչպէս որ կը յայտնէ «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը,  Թուրքիոյ մէջ Էրտողան գրեթէ 2000 բողոք  ներկայացուցած է` զինք վիրաւորելու յանցանքով մեղադրուող մարդոց դէմ: Թուրքիոյ նախագահը արդէն յատուկ հայց ներկայացուցած է գերմանական դատարան` ընդդէմ երգիծաբանին, որուն կը սպառնայ երեք տարուան բանտարկութիւն կամ անորոշ գումարի տուգանք` մեղաւորութիւնը հաստատուելու պարագային:

Երգիծաբան Եան Պոհմերման իր երգիծական բանաստեղծութեան մէջ կ՛ակնարկէ այծերու հետ սեռային յարաբերութիւններու եւ փոքրամասնութիւններուն ճնշելու մասին: Ան Էրտողանը անուանած է «սիւնի պէս խուլ, վախկոտ, կատղած» եւ «այլասերած, ոջլոտ…. մանկական սեռային ժապաւէններ դիտելու պահուն քիւրտերուն աքացի տուող եւ քրիստոնեաները հարուածող»:

Անկախ անկէ, թէ որքան վիրաւորական կրնայ ըլլալ բանաստեղծութիւնը, գրողը պէտք է իրաւունք ունենայ ազատօրէն արտայայտելու իր կարծիքը: Մէկ բան է` երրորդ աշխարհի բռնատիրական ղեկավար Էրտողանի համար ճնշել լրատուական միջոցները, եւ բոլորովին մէկ ուրիշ բան` արեւմտաեւրոպական ժողովրդավարական մեծ երկրի մը ղեկավարի համար, կողմնակից ըլլալ մերձաւորարեւելեան ֆաշական պետութեան սուլթանին հետ: Այս առումով, Մերքելի արարքը շատ աւելի դատապարտելի է, քան` Էրտողանինը…

Արեւելահայերէնէ թարգմանեց` ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց` ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>