Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 20 ապրիլ 2016-ին առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ «Ինչպէ՞ս պաշտպանուիլ շրջապատի մանրէներէններ » նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց հանրային առողջապահութեան մարզի մասնագէտ Վերժին Սարաֆեան- Խորշիտեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը նշեց, թէ վերջին շրջանին մեր շուրջը կուտակուած աղբերը կը պատճառեն զանազան մանրէներու բազմացումն ու տարածումը, ինչ որ կրնայ ժամանակի ընթացքին յառաջացնել տարբեր հիւանդութիւններ:
Վերժին Խորշիտեան դասախօսութիւնը սկսաւ` սահմանելով եւ բացատրելով, թէ ի՛նչ է մանրէն: Մանրէն ապրող բջիջ մըն է, չափազանց մանր, կարելի չէ տեսնել մեր աչքերով, եւ կը գտնուին ամէն տեղ: Անոնք միշտ վերարտադրուելու, բազմանալու եւ սնանելու վիճակի մէջ են:
Մանրէները 6 տեսակի են, հետաքրքրական է յիշել, թէ մէկ դգալ հողին մէջ կան միլիառաւոր մանրէներ, ինչպէս նաեւ բերնին մէջ կայ 500 տեսակի մանրէ: Բոլոր մանրէները վնասակար չեն, այլ կան զանազան մանրէներ, որոնք ոչ վնասակար ու անհրաժեշտ են տարբեր միջավայրերու մէջ:
Մանրէն կրնայ պատճառել տարբեր հիւանդութիւններ, արտադրելով թոյն` կը յառաջացնեն տաքութիւն, գլխացաւ, փսխունք, փորհարութիւն:
Մանրէն կը սնանի տարբեր ձեւերով, ինչպէս` արեւու ճառագայթներէն, բոյսերէ, իրենց շրջապատը գտնուող ամէն տեսակի բան ուտելով, ինչպէս նաեւ կրնան յարձակիլ այլ ապրող բջիջներու վրայ:
Երկրորդ բաժինով դասախօսը մանրամասնօրէն բացատրութիւններով ու օրինակներով ներկայացուց, թէ ուր կը գտնուին կամ պահուըտած են մանրէները:
Մանրէները կը գտնուին ամէն տեղ, խոհանոցի պարագային օրինակ, անոնք կան լուացարանին, սպունգին, աման լուալիք տաշտին մէջ, ինչպէս նաեւ բռնիչներու վրայ, սառնարանին դրան վրայ եւ այլն: Իսկ ննջասենեակի պարագային` բարձերու մէջ, սաւաններու վրայ:
Մանրէները բաւական շատ տարածուած են բաղնիքի տարբեր տեղերը, ինչպէս` բաղնիքի աթոռին վրայ, լոգանքի վարագոյրին մէջ, բաղնիքի գորգին վրայ, լուացքի կողովին մէջ եւ լոգանքի ու ձեռքի անձեռոցներուն վրայ:
Դասախօսը նշեց նաեւ այլ տեղեր, ինչպէս շպարումի վրձիններու, աչքի լենսերու, ականջի մեքենաներու, բանալիներու, պայուսակներու, հեռախօսի ընկալուչներու, հեռատեսիլի ռիմոթ քոնթրոլի , բջիջային հեռախօսի կոճակներու եւ այլ զանազան տեղեր:
Մանրէներէն կարելի չէ խուսափիլ, բայց նախազգուշական տարբեր ձեւեր կարելի է օգտագործել նուազեցնելու վարակումները` յանձնարարելի է պայուսակի մէջ ունենալ հեղուկ օճառ կամ հականեխուած թաց թաշկինակներ, իսկ տան մէջ եղած պարագային տեւաբար ձեռքերը լուալ:
Վերժին Խորշիտեան աւարտին ցուցադրեց դաստիարակչական տեսերիզ, թէ ինչպէ՛ս ճշգրտօրէն լուալ մեր ձեռքերը, ապա զանազան օրինակներով ու բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն: